Ի­րա­նի Հայ­կա­կան «Սուրբ Ա­մե­նափր­կիչ» Վան­քը Սպա­հա­նի Ա­մե­նա­կա­րե­ւոր Զբօ­սաշր­ջա­յին Վայ­րե­րէն Մէկն է


Սպա­հա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին կա­րե­ւոր ու հայ­կա­կա­նու­թեամբ աչ­քի զար­նող փո­ղոց­նե­րէն մէկն է: Հայ­կա­կան խա­նութ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած պու­րա­կի կեդ­րո­նին Խա­չա­տուր վար­դա­պետ Կե­սա­րա­ցիի ար­ձանն է. Ի­րա­նի եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­ռա­ջին տպա­րա­նի հիմ­նա­դիրն է:

Առ­ջե­ւը` Սուրբ Ա­մե­նափր­կիչ վանքն է: 24 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն այ­սօր կան­գուն է 13ը: Նոր Ջու­ղա­յի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը, որմ­նան­կար­չու­թիւ­նը, նաեւ կեր­պա­րո­ւեստն ու գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը նոր ո­ճա­յին դպրոց մը սկզբնա­ւո­րած են: Ա­մե­նա­ցայ­տուն օ­րի­նա­կը 1655 թո­ւա­կա­նին 9 տա­րո­ւան մէջ կա­ռու­ցո­ւած Ա­մե­նափր­կիչ վանքն է:

Դրախ­տէն մին­չեւ Ա­հեղ դա­տաս­տան` ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կեր­նե­րով կա­րե­լի է կար­դալ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը: Իբ­րեւ հիմ­նա­կան հե­ղի­նակ, կը նշո­ւին 3 նկա­րիչ­ներ ` Տէր Ստե­փա­նոս, Մի­նաս, Յով­հան­նէս Մրքուզ: Վեր­ջի­նը նաեւ ինք­զինք ան­մա­հա­ցու­ցած է` ծնկա­չոք վա­նա­կա­նի տես­քով: Ա­նոնց­մէ ետք որմ­նան­կար­նե­րուն վրձին չէ դպած: Շուրջ 400 տա­րի ա­նոնք պահ­պա­նո­ւած են` ա­ռանց վե­րա­կանգն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան: Միայն 15 տա­րի ա­ռաջ պա­տե­րէն մաք­րած են մո­մե­րու ու խուն­կի յա­ռա­ջա­ցու­ցած ծուխն ու իւ­ղը: Իբ­րեւ յի­շո­ղու­թիւն պատ­կեր­նե­րու նախ­կին տես­քէն` կար­կա­տան յի­շեց­նող փոք­րիկ կտոր­ներ ձգած են:

«Աս նկար­նե­րը փո­խա­ռո­ւած են եւ­րո­պա­կան նկար­չու­թիւ­նից, բայց ոչ գու­նա­ւոր, սեւ ու սպի­տակ: Մեր նկա­րիչ­նե­րը այս­պէս գե­ղե­ցիկ գոյ­ներ են տո­ւել: Եւ­րո­պա­կան, պարս­կա­կան եւ հայ­կա­կան ո­ճի ե­կե­ղե­ցի է, չես կա­րող ա­ռանձ­նաց­նել»,- կը նշէ վան­քի հսկիչ Ե­րո­ւանդ Յով­սէ­փեա­նը: