Հայ Ծանրորդները Ոսկէ Մետալներ Նուաճած են Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան


Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ․) դարձաւ եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:

Կարապետեան պոկում վարժութեան մէջ վեր պահեց 170 քկ․ եւ դարձաւ փոքր ոսկէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ ան բարձրացուց միայն 190 քկ․ եւ նուաճեց փոքր արծաթէ մետալ: Երկամարտի 360 քկ․ արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան:

Դաւիթ Յովհաննիսեան

Իսկ Դաւիթ Յովհաննիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: 20 տարեկանէն վար մրցաշարքին ան 85 քկ դասակարգին մէջ արձանագրեց 343 քկ արդիւնք (158+185)։

Սոնա Պօղոսեան

Կանանց 75 քկ․ դասակարգին մէջ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան դարձաւ նաեւ  Սոնա Պօղոսեանը: Ան արձանագրած է 227 քկ արդիւնքը: Պօղոսեանը փոքր ոսկէ մետալներու արժանացած է նաեւ պոկում (97 քկ) ու հրում (130 քկ) վարժութիւններուն մէջ: