Հայ Կեդրոնի Ներկայացուցիչ Սեւակ Խոշեանի Հետ Հարցազրոյց՝ Կառավարութեան Յատկացումին Եւ Կեդրոնի Շինարարութեան Մասին


 

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Ուրբաթ, 12 Մարտ 2021-ին հանդիսաւոր յայտարարութեամբ մը Օնթերիոյի Դաշնակցային եւ Նահանգային կառավարութեան ներկայացուցիչները առցանց ներկայացուցին $ 3.1 միլիոն տոլարի յատկացում մը, որ պիտի սատարէ Հայ Կեդրոնի ընդլայնման նախագիծին։ Այս ծիրէն ներս հարցազրոյց մը ունեցանք Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Ս. Թեհլիրեան Կոմիտէութեան հերթապահ Սեւակ Խոշեանի հետ՝ կառավարութեան յատկացումին եւ Կեդրոնի ընդլայնման ծրագրի մանրամասնութիւնները իմանալու համար։

 

Հարցում. Քանի՞ բաժին ունի կառավարութեան յատկացումը եւ որո՞նք եղան այս յատկացումը ստանալու հանգրուանները։

Պատասխան. Նախ ըսեմ, որ ունինք յատկացումը (Grant)-ը եւ ընդհանուր շինարարական ծրագիրը։ 2016-ին շինարարական ծրագիրի յանձախումբ մը յառաջացուցած էինք, որուն նպատակն էր Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի բաժնի (AYC) ընդլայնումն ու ընդարձակումը եւ Հայ Կեդրոնի բաժինի (ACC) բարելաւումը։ Սկիզբը նահանգին Ազատական (liberal) կառավարութիւնը այս ծրագրին իրականացման խոստումը տուած էր, սակայն այդ մէկը չիրականացաւ, որովհետեւ այն ատեն ընտրութիւններու ժամանակ ազատականները չյաջողեցան։ Երբ որ Օնթերիոյի մէջ Պահպանողական (Conservative) կուսակցութիւնը` վարչապետ Doug Ford-ի գլխաւորութեամբ յաջողութիւն ձեռք բերաւ, այն ժամանակ մենք անգամ մը եւս մօտեցանք իրենց, որպէսզի այս յատկացումի ծրագիրը դարձեալ լուսարձակի տակ դնենք։

Յատկացումը ունի երկու բաժին, առաջինը կու գայ Նահանգային կառավարութենէն, իսկ երկրորդը՝ Դաշնակցային կառավարութենէն։ 2019 Նոյեմբերին օրինաւոր ձեւով դիմեցինք՝ ստանալու յատկացումը, որուն իրականացման համար պէտք էր իր դրական պատասխանը տար Նահանգային կառավարութիւնը իր բաժինին համար, որ $1,4 միլիոն տոլարի արժողութեամբ էր, ատկէ ետք պիտի փոխանցուէր Դաշնակցային կառավարութեան, որը իր կարգին յօժարութիւն տար՝ $1,7 միլիոն տոլարի համար եւ երկուքը միասին գումարուելով կը կազմէին մօտաւորապէս $ 3,1 միլիոն տոլարի յատկացում մը։

 

Հ . Հսկայական աշխատանքի մը արդիւնքով իրականացած յատկացումը վստահ որ բաւական ջանք եւ ժամանակ պահանջեց ձեզմէ։ Արդեօք ինչպէ՞ս ընթացան այդ աշխատանքները։

Պ.  2019-ին մեր դիմումէն ետք հսկայական աշխատանք տարինք ե՛ւ դիմելու գործերուն մէջ, որովհետեւ Grant-ի յանձախումբը եւ community planning յանձախումբը միասնաբար դիմեցին, ե՛ւ թէ քաղաքական դէմքերուն հետ մեր բոլոր կապերը, բարեկամութիւնները եւ յարաբերութիւնները ի գործ դրուեցան այս գծով։ Անշուշտ հայ երեսփոխան Արիս Պապիկեանն ալ իր ներդրումը բերաւ այս գծով: Փետրուար 2021-ին, վերջնական ձեւով երկու կողմերէն ալ ընդունուած էր մեր դիմումը՝ թէ Նահանգային եւ թէ Դաշնակցային կառավարութենէն։ Անշուշտ ասոր կը միանայ $1.000.000 տոլար նուիրատուութիւնը Վարուժան Լաբոյեանին, որ նուիրած էր 2016-ին սոյն ծրագիրին համար։ Այդ գումարը ներկայիս իր տոկոսով միասին $ 1,1 միլիոն տոլար է։ Ասոնց կողքին մենք ունինք նաեւ ATP Beyond հանգանակային ծրագիր մը, որը պիտի գայ ամբողջացնելու այս տրուած Grant-ի գումարը։

 

Հ. Ի՞նչ է հանգանակային այս ծրագիիրին նպատակը եւ թիրախ գումարը եւ ի՞նչ հանգրուաններ ունի այն։

Պ. Հանգանակային այս ծրագիիրը կ’իրականացնէ մեր հայ գաղութին ներդրումները, որուն շնորհիւ պիտի ամբողջանայ թէ Հայ Կեդրոնին բարելաւումն ու բարեզարդարումը եւ թէ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնին ընդլայնումը։

Մենք մօտ օրէն պիտի ներկայացնենք մեր հանգանակային`ATP Beyond ծրագիրը եւ հանգանակութեան մեր ակնկալիք թիրախ թիւը մօտաւորապէս $3 միլիոն տոլար է, որը պիտի աւելցնենք մեր ունեցած գումարին։ Հանգանակային այս ծրագիրը շուտով պիտի ներկայացուի մեր գաղութի զաւակներուն, մի քանի հանգրուաններ ու քայլեր պիտի ունենայ ան եւ երկար շունչի վրայ պիտի ըլլայ։

 

Հ . Շինարարական աշխատանքները իրականացնելու համար քանի՞ յանձնախումբ առաջացուցած էք եւ ինչպէսի՞ գործունէութիւն կը վարեն անոնք։

Պ . Այս գծով երեք յանձախումբ ունինք։ Ունինք նախ  շինարարական յանձնախումբը, որ բաղկացած է մասնագէտ արհեստավարժներէ` երկրաչափներէ եւ հաշուապահներէ, որոնք պիտի հսկեն ամբողջ շինարարական գործը: Ասոնք, իրենց կարգին, մասնագիտական գետնի վրայ աշխատելով շատ մը բաներ կը յանձնեն ուրիշ մասնագէտ ընկերութիւններու, որոնք իրենց ցուցմունքներով կ’օգնեն շինարարական գործը առաջ տանելու։ Այս յանձնախումբը կը պատկանի կոմիտէին, որուն կը ներկայացնէ իր շինարարական ծրագիրը եւ որոշումները, իսկ կոմիտէն ալ իր կարգին իր խօսքը կ’ունենայ ամէն ինչի վրայ։ Անդին ունինք յատկացումի` Grant-ի յանձնախումբը, որ դիմումի բոլոր աշխատանքները եւ թուղթերու գործի հետապնդումը կատարեց, առաւել ունինք հանգանակային յանձնախումբը։ Այս երեք յանձնախումբներն ալ կոմիտէին յանձնախումբերն են եւ անոնք ձեռք-ձեռքի տուած կ’աշխատին մէկ նպատակի համար։ Անշուշտ ասոնց կ’օգնէ եւ իր ներդրումը կը բերէ  Հայ Դատի յանձնախումբը՝ ըլլայ տարուած աշխատանքին, կամ քաղաքական դէմքերուն հետ մեր յարաբերութիւններու վերաբերեալ տարուած աշխատանքին առումով։

 

Հ . Ընդհանուր պատկերացում մը ունենալու համար արդեօք կրնաք յստակացնել թէ ե՞րբ պիտի սկսին եւ ե՞րբ պիտի ամբողջանան սոյն աշխատանքները։ Աշխատանքներու ընթացքին Հայ Կեդրոնը պիտի շարունակէ՞ բաց պահել իր դռները (Անշուշտ թագաժահրին պատճառած ծանր պայմաններէն դուրս գալէն ետք)։

Պ. Ընթացիկ տարուան Յունիսի վերջը պէտք է սկսինք շինարարական աշխատանքին եւ Հայ Կեդրոնի ընդլայման ծրագիրը կը նախատեսենք աւարտին հասցնել Սեպտեմբեր 2022-ին։ Մեր նպատակը անշուշտ ակումբը աշխատունակ վիճակի մէջ պահելն է եւ շինարարական ընկերութիւնը, որուն յանձնուած է շինարարական աշխատանքը եւ մեր համապատասխան յանձնախումբը կը համագործակցին այս առումով։ Շինարարական յանձնախումբը մեր պէտքերը եւ պահանջքները կը ներկայացնէ այդ ընկերութեան, որը իր լաւագոյնը կ’ընէ հետեւելու մեր ցուցմունքներուն եւ իր արհեստավարժութեամբ կը գիտնայ, թէ ո՞ր բաժինը կամ սրահը պէտք է բաց ձգէ, որպէսզի շինարարական աշխատանքին զուգահեռ մեր ակումբային եւ գաղութային կեանքը կանգ չառնէ եւ չտուժէ։