«Հայ կինը, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ, զօրաւոր եւ զարմանահրաշ ուժի տէր է». Հարցազրոյց՝ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Հետ


(Ձախէն աջ) Խմբագիր Կարին Սաղտըճեան ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեանի եւ գանձապահ Ռուզաննա Սերոբեանի հետ հարցազրոյցի պահուն, Երեւան, Օգոստոս 2019:

ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Անդամները Կը Զրուցեն «Թորոնթոհայ»-ի Խմբագիրին Հետ

Վերջերս «Թորոնթոհայ»ի խմբագիր Կարին Սաղտըճեան Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեանի եւ գանձապահ Ռուզաննա Սերոբեանի հետ: Անոնք զրուցեցին Հայաստանի մէջ ՀՕՄի կատարած աշխատանքներուն եւ օժանդակութեանց ծրագիրներուն մասին:

Ստորեւ հարցազրոյցը.

Կարին Սաղտըճեան– Կը Պատմէ՞ք ՀՕՄի  Հայաստանի միաւորի վերջին շրջանի գործունէութեան մասին։

Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան- Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը անցնող վեց տարիներուն իր աշխատելաձեւը փոխած է։ Շրջանային Վարչութեան  մէջ ընդգրկուած են սփիւռքահայ ընկերուհիներ, որոնք սկսած են աշխատելու տարբեր ոճով, մանաւանդ սուրիահայ ընկերուհիերուն Հայաստան հաստատուելէն ետք մեր աշխատանքի ոճը դէպի լաւը փոխուած է։

Անցնող չորս տարիներուն՝ քառօրեայ պատերազմէն ի վեր, մեր ամէնէն մեծ ծրագիրը եղած է «Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն»ին աջակցութիւնը։ Կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնուհի Հայկուհի Մինասեանի այս ծրագիրին շնորհիւ հաշմանդամ դարձած զինուորներուն օգնութիւն կ’ապահովուի։ Առաջին օրէն իսկ ՀՕՄը այս կեդրոնին թեւ ու թիկունք դառնալով իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ անոր բարելաւման։ Նախ սկսանք հաց եւ սնունդ ապահովել հաշմանդամ զինուորներուն, ապա՝ Առաջին հիւանդանոցի տարածքին մէջ երբ սկսաւ կառուցուելու կեդրոնը, ՀՕՄը առաջինը եղաւ, որ $5000 յատկացուց եւ առաջին սենեակին հովանաւորութիւնը ստանձնեց, որմէ ետք գործիքներ եւ մահճակալներ ապահովեց։ Առաջին տասը մահճակալները Հայաստանի միաւորը ապահովեց՝ բարերարներու միջոցաւ, ապա՝ Կեդրոնական Վարչութեան շրջաբերականները ստացող աշխարհասփիւռ մեր միաւորներէն՝ Գանատայէն, Աւստրալիայէն եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն տասնեակներով մահճակալներ ստացանք։ Այսօր ՀՕՄի միաւորներու ջանքերուն շնորհիւ «Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն»ին երրորդ յարկը կահաւորուած է, առաւել կեդրոնին տրամադրած ենք ՀՕՄի լոկոն կրող մեծ ինքնաշարժ մըն, որ հաշմանդամ զինուորները կը տեղափոխէ։

Ռուզաննա Սերոբեան- Հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորները ընդհանրապէս 18-20 տարեկան են, ի հարկէ աւելի մեծերն ալ կան։ Նոյնիսկ մեր ազատամարտիկների ընտանիքի անդամներն ալ գալիս են հոն ու վերականգնողական բուժում են ստանում։

 

Կ.Ս.– Վերականգնողական Կեդրոնէն բացի, ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ։

Հ. Ս-Պ.- Մեր երկրորդ ծրագիրը ՀՕՄի «Ձեռարուեստի Կեդրոն»ն է։ Այս ծրագիրը սկսանք երբ սուրիահայ ընտանիքներ պատերազմի պատճառով տեղափոխուեցան Հայաստան։ Հայկական ձեռագործներու գիտակ սուրիահայ մեր ընկերուհիները իրենց հետ բերին Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջանի ասեղնագործութիւնը եւ զանոնք վարպետօրէն հիւսելու ձեւերը, ինչպէս՝ Մարաշի, Սվազի, Այնթապի, Ուրֆայի։ «Կոմիտաս» կոմիտէն, Փափազեան պողոտային վրայ ունեցած իր գրասենեակը յատկացուց մեզի եւ մենք հոն սկսանք ասեղնագործութեան դասընթացներու։ Մինչեւ օրս մենք ունինք 350-է աւելի շրջանաւարտներ։ Կեդրոնական Վարչութեան ջանքերով, 9 Փետրուար 2019-ին, Չարենցի 20 հասցէի վրայ մենք ունեցանք ՀՕՄ «Ձեռարուեստի Կեդրոն»ը, այնպէս ինչպէս որ կայ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Ձեռարուեստի Կեդրոնին բացման ներկայ էր Տիկին Աննա Յակոբեանը, ան Սվազի գործը շատ սիրեց եւ նոյնիսկ գնում ըրաւ։

Մենք պետութեան քով օրինաւոր կերպով գրանցուած ենք։ Մեր յանձնախումբը կը բաղկանայ ինը անդամներէ, որոնք որպէս կամաւոր կ’աշխատին։  Այսօր մեր այս նոր կեդրոնին շնորհիւ 25 սուրիահայ կանայք աշխատանք ունին եւ ձեռագործներ կը հիւսեն ու աշխարհի տարբեր վայրերէն եկող եւ մեզի պատուէր տուող ՀՕՄ-ուհիներուն կը հայթայթեն իւրայատուկ աշխատանքներ, որոնք կը վաճառուին տարբեր առիթներու եւ ձեռնարկներու ընթացքին։ «Ձեռարուեստի Կեդրոն»ը տակաւին շատ մանուկ է ու կայացման փուլին մէջ է, բայց ժամանակի ընթացքին մեր անխոնջ ջանքերով ան աւելի կը զարգանայ եւ ինքնաբաւ կ’ըլլայ։

 

Կ.Ս.– UN-ի մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով ջերմոցներու ծրագիր մը ներկայացուած էր՝ Ընկհ. Նայիրի Տէրտէրեանի կողմէ, կը պատմէ՞ք այդ մասին։

Հ․Ս.Պ.- Այո՛, մեր երրորդ ծրագիրը սահմանամերձ գիւղերու օգնութիւն յատկացնելն է։ Ինչպէս գիտէք Հայաստանի հարիւաւոր գիւղերու բնաչութիւնը կը նուազի։  Այսօր ունինք 49 համայնքներ )գիւղեր-Թ․), որոնց կ՛օգնենք, որպէսզի ամուր պահենք մեր սահմանները։ Այս տարուան մեր աշխատնքները կեդրոնացած էին Տաւուշի մարզի գիւղերուն ջերմոցներ ապահովելու ծրագիրին վրայ։ UNDP-ի հետ 80 ջերմոցներ ապահոված եւ տեղադրած ենք, աշխատանք կը տանինք մնացած 10 ջերմոցներուն համար հովանաւորներ գտնելու։ Եթէ այդ տասն ալ յատկացնենք, մեր նպատակը իրականացուցած կ’ըլլանք եւ ապահոված կ’ըլլանք 90 ջերմոցները, ուր գիւղացիք կ’աճեցնեն զանազան տեսակի բանջարեղէններ եւ վաճառելով կ’ապահովեն իրենց ապրուստը։ Կեդրոնական վարչութեան միջոցաւ արտերկրէն միաւորներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս ծրագրին յաջողութեան համար եւ հիմա մենք հովանաւորներ կը փնտռենք մեր այս մեծ ծրագիրը ամբողջացնելու նպատակով։

 

Կ.Ս.- ՀՕՄը Ախուրեանի «Մօր Ու Մանկան Առողջութեան Կեդրոն»ին հովանաւորն է, ի՞նչ կ՛ըսէք այդ մասին։

Հ․Ս.Պ.- 1998-ին հիմնուած «Մօր Ու Մանկան Առողջութեան Կեդրոն»ին մէջ այսօր 16000 երեխայ ծնած է եւ այսօր մեր այդ կեդրոնը ապահովուած է ամէնէն արդիական գործիքներով։ Կեդրոնը 70000 բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը կը մատուցէ իր ծառայութիւնը, երբեմն անհրաժեշտութեան դէպքերուն, նոյնիսկ կեդրոնի աշխատակիցներն ու անդամները տուները կ՛ացելեն եւ ապագացու մայրերուն քննութիւններ կ’ընեն ու իրենց օգնութիւնը կը ցուցաբերեն անոնց։ Երբեմն նոյնիսկ Ջաւախքէն կու գան եւ հոս կը ծննդաբերեն իրենց զաւակները։

 

Կ.Ս. «Սօսէ» մանկապարտէզներուն կամ  ծնողազուրկ երեխաներուն համար ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։

Հ․Ս.Պ.- «Սօսէ» Մանկապարտէզներուն բացումը կատարուեցաւ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Կեդրոնական Վարչութիւնը դրամահաւաք կազմակերպեց եւ այսօր անոր ջանքերով մենք ունինք գեղեցիկ շինութեամբ «Սօսէ» Մանկապարտէզը Արցախի մէջ։ Հայաստանի ՀՕՄը իր բաժինը բերաւ $15000-ով։

Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ հովանաւորները նաեւ կը հովանաւորեն որբախնամ ծնողազուրկ երեխաները՝ մեծամասնութիւնը զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, որոնք կ’ապրին Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Բարեբախտաբար, այսօր Հայաստանի մէջ  ունինք 49 մասնաճիւղ, որոնք կապ կը հաստատեն ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալներուն հետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան այստեղի գրասենեակի ընկերուհի Անահիտ Մեսրոպեանին հետ։ Մեր կողմէն տարեկան $220 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի իւրաքանչիւրին։

 

Կ.Ս․- 2016-ի Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ՀՕՄը ի՞նչ աշխատանք տարաւ՝ թիկունքէն։

Հ․Ս.Պ.- Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, երբ մեր գումարտակը մեկնեցաւ Արցախ, մեր կեդրոնը շտապի կեդրոն եղաւ, հոս մեղուի փեթակի նման կ’աշխատէինք: Այդ օրերուն 12 թօն ապրանք ղրկեցինք բոլոր զինուորներուն։ Հայաստանի ամբողջութիւնը մէկ բռունցք եղած էր ու մենք շահած էինք բոլորին վստահութիւնը, ուստի մեր դուռը թակեցին ծանօթ-անծանօթ մարդիկ՝ իրենց լուման ու բաժինը նուիրելու եւ ուղղարկելու Արցախ։ Ազտամարտիկներու ծնողները նոյնիսկ լաւաշ ուղղարկեցին անոնց։ Այն օրերուն անծանօթ մը մեզի զանգելով՝ «Ձեր հաշուեհամարը կարելի՞ է ունենալ» հարցուց ու այդ օրէն սկսեալ առ այսօր ամսական հինգ հազար դրամ կը ղրկէ մեր հաշիւին։ Այդ հաւաքուած գումարը զինուորի մը վիրահատութեան յատկացուցինք, իսկ հիմա կրկին հաւաքուած գումարը պիտի յատկացնենք վերականգնողական բաժինի մէջ գտնուող զինուորի մը բուժումին։ Երկրորդ հետաքրքրական դէպքը հետեւեալն էր՝ մեր զինուորներուն ծառայած վայրը հոսանք չկար եւ անոնք մոմի պէտք ունէին։ Զանգեցինք Էջմիածին մոմի գործարան ու սկսանք բացատրել անոնց, մեր գումարտակի կարիքը յայտնեցինք, հետեւեալ պատասխանը առինք հեռաձայնի միւս կողմը եղող մեր զրուցակիցէն. «Մոմի գործարանը շատոնց փակուած է, բայց մենք վաղն իսկ սիրով կը ղրկենք մեր զինուորին խռամատը լուսաւորող մոմերը»: Յաջորդ օրը արդէն ուղարկած էին մոմերը, ու մենք հասցուցինք զանոնք մեր զինուորներուն։ Այդ օրերուն աննկարագրելի էր ժողովուրդին միասնակամութիւնը։

Ռ.Ս.- Հետեւեալը չեմ մոռանայ․ բժիշկին հետ դեղեր էինք ուղղարկում, ասեցի՝ ճնշման գործիք ու ճնշման դեղեր ալ տամ, բայց բժիշկը ասաց, թէ ինչների՞ս է պէտք այդ դեղերը, բոլորը երիտասարդ են։ Մենք առաւօտ եօթից մինչեւ գիշեր տասնմէկ գրասենեակն էինք մնում, մէկ ալ առաւօտ շուտ զանգ ստացանք Ստեփանակերտից․ բժիշկն էր ու դեռ տեղ չհասած ասած, որ այստեղ զինուորների մէջ լիքը պիծծէք՝ (տարեց մարդիկ), կան ու մեզ անհրաժեշտ են ճնշման այդ դեղերը, խնդրում եմ շտապ ուղղարկեցէք։  Ըսելիքս շատ տարեց կամաւորներ ալ գնացել էին Քառօրեայ Պատերազմին ծառայելու։

 

Կ.Ս.Առհասարակ Հայաստանի ՀՕՄը ի՞նչպիսի օգնութիւն եւ օժանդակութիւն կը յատկացնէ մարդոց եւ բանակին։

Հ․Ս.Պ.- Հայ Օգնութեան Միութեան դուռը օրական տաս-տասնհինգ անգամ կը թակեն մեր ժողովուրդի զաւակները՝ օգնութիւն եւ օժանդակութիւն խնդրելով։ Վիրահատութեան, համալսարանի կրթաթոշակ, ապաստանի կարիք ունեցող կամ տարբեր դժուար պարագաներ ունեցող մեր ազգի զաւակները կը դիմեն մեզի եւ մեր դուռը բաց է բոլորին համար։ Մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ աւելիով  օգնած ենք մեծամասնութեան։

Յաճախ բեռներ կը ստանանք արտերկրէն։ Նոր տարիին 117 հազար տոլարի բժշկական գործիքներ ստացանք, որոնք բաժնուեցան Վետիի եւ զինուորական հիւանդանոցին։ Ներկայիս Գանատայի շրջանային վարչութենէն, հովանաւորի մը միջոցաւ, ստացանք 150 հազար գանատական տոլարի բժշկական հականեխիչ տոպրակ եւ ցպիկ, որոնցմէ փոքր բաժին մը պիտի յատկացնենք «Մօր Ու Մանկան Առողջական Կեդրոնին» եւ «Վերականգնողական Կեդրոն»ին, իսկ մեծ մասը պիտի յանձնենք Պաշտպանութեան Նախարարութեան, որպէսզի բաժնուին Հայաստանի եւ Արցախի զինուորական հիւանդանոցներուն։

Հայաստանի մէջ ՀՕՄի առաքելութիւնը շատ կը տարբերի այլ համայնքներէն կամ գաղութներէն, որովհետեւ հոս ծով աշխատանք կայ եւ մեր ժողովուրդին օգնութեան հասնիլը հսկայական ուժ կը պահանջէ։ Անշուշտ, որ Սփիւռքը իր մեծ բաժինը ունի, բայց Հայաստանի մէջ վեց հազար հասարակական կազմակերպութիւններ )NGO( կան եւ այդ կազմակերպութիւններուն մէջ մեր ուրոյն տեղը գրաւած ենք՝ շնորհիւ մեր յամառ աշխատանքին։ Այսօր մենք մեր առաքելութեան մէջ այդ ամէնը իրագործելու համար կը զգանք բարոյական ուժ ապահովողներու, քաջալերանքի կարիքը` ըլլայ պետութեան կամ ալ անհատներու օժանդակութեամբ։

 

Կ.Ս.Հայաստանի մէջ գործող ՀՕՄը արդեօք ի՞նչ  սպասումներ ունի Սփիւռքէն:

Հ.Ս.Պ.- Մենք, իբրեւ ՀՕՄուհիներ, մեր Կեդրոնական Վարչութեան գոյութեամբ կը համարուինք մէկ ընտանիքի անդամներ, որոնք կը գործեն ՀՕՄի մեծ ընտանիքին մեծահոգութեան ներքոյ։ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն բարոյական աջակցութիւնը մեզի եռանդ եւ ուժ կու տայ։ Մենք ինքնաբաւ ըլլալու ջանքեր կը տանինք միշտ եւ յաճախ մեր մարզային ժողովներու ընթացքին կը կրկնենք, որ միայն նիւթական օգնութիւն ընելը չէ մեր նպատակը, այլ՝ ձուկ տալու փոխարէն  ձկնորսութիւն սովեցնելն ալ եւս մեր վեհ առաքելուեան մէկ մասնիկն է։

Ռ.Ս. – 30 տարիներու այս աշխատանքիս ընթացքում յաճախ մի գաղափարի շուրջ եմ մտածում, թէ ե՞րբ պիտի զօրանայ Հայաստանը, որ ինքը սկսի սփիւռքին օգնել։ Իմ կարծիքով հիմա սփիւռքը Հայաստանին կարիքը ունի, այն առումով, որ հայապահպանութիւնը գոյատեւում է Հայաստանով։ Հայաստանից արտասահման գաղթող հայաստանցիների մեծամասնութիւնը շատ շուտ է մերւում ուրիշ ազգութիւնների հետ, իսկ օտար երկրում ծնուած եւ հոն մեծացածները ի՞նչքան կարող են այդ բեռը իրանց ուսերին տանել։ Այսօր Հայկական ամենօրեայ դպրոցների կամ կիրակնօրեայ դպրոցների կրճատումները ինձ շատ է տանջում։ Հենց նրա համար հայրենիքի հողը ուժ կը տայ մեր հայրենակիցներին եւ նոր սերնդին։

 

 Կ.Ս.– Հայ կինը ի՞նչ վիճակի մէջ է այսօր Հայաստանի մէջ։ Պատերազմը ի՞նչպէս ազդած Է հայ կնոջ կամ մօր վրայ։

Հ.Ս.Պ.- Հայ կինը, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի մէջ, շատ զօրաւոր եւ զարմանահրաշ ուժի տէր է: Այդպէս եղած են մեր հայ կիներն ու մայրերը անցեալէն մինչեւ այսօր։ Կարծես թէ անոնք մեր երկրին հողէն, ջուրէն, անոր գրաւած բարձր դիրքէն ու բնութենէն կ’առնեն իրենց ուժը։ Քաղաքներու մէջ կիներուն մեծամասնութիւնը կը վայելէ բարձր դիրքեր, իսկ գիւղերու մէջ ապրող մեր ՀՕՄուհիներէն շատերը ե՛ւ հողը կը մշակեն, ե՛ւ իրենց տան պետքերը կը հոգան, ե՛ւ կաշխատին, ե՛ւ զաւակ կը մեծցնեն, ե՛ւ իրենց երիտասարդ զաւակները հպարտութեամբ բանակ կ’ուղարկեն, ե՛ւ թէ որպէս ՀՕՄուհի իրենց պարտականութիւնը լիուլի կ’ընեն։ Երբեք չեմ մոռնար մեր ՀՕՄուհին, որ քաղցքեղով կը տառապէր, բայց բուժումի շտապելու փոխարէն ան իր զինուորացու զոյգ զաւակները բանակ ճամբելու կը պատրաստէր եւ նախապատութիւնը անոնց կու տար։ Մեր հայ մայրերը շաղախուած են մեր հայրենի հողին եւ այդ սուրբ հողէն կը ստանան իրենց կամքի հզօրութիւնը։

Հարցազրոյցը արտագրեց՝ Տիրուկ Մարգարեան

ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան