Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեանց Ան­կա­խու­թեան 25Ա­մեա­կի Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն


Պէթ­թի Փա­նո­սեան Մի­նա­սեան


Ա­մեակ­նե­րու նշու­մը պա­տեհ ա­ռիթ­ներ են վեր­յի­շե­լու, ար­ժե­ւո­րե­լու եւ կրկին ան­գամ գնա­հա­տե­լու տո­ւեալ ա­ռի­թին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ան­հա­տի կամ՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քէն ներս: Իսկ երբ նշո­ւած ա­մեա­կը կ­՛առն­չո­ւի  հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան՝ հպար­տու­թեան ու  ո­գե­ւո­րու­թեան զգա­ցում­նե­րը կը պա­րու­րեն հո­գի­ներն ու մտքե­րը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար Սեպ­տեմ­բեր ա­մի­սը ա­ռա­ւե՛լ ­կեր­պով կ­՛ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խաց­ման զոյգ ա­մեակ­նե­րու նշու­մով:

Այս տա­րի եւս ե­րի­տա­սարդ մեր Հայ­րե­նի­քի ան­կա­խաց­ման նշու­մը հայ ազ­գի զա­ւակ­նե­րը տօ­նե­ցին Հայ­րե­նի­քի, թէ Սփիւռ­քի տա­րածք­նե­րուն:

Կի­րա­կի, 25 Սեպտեմ­բեր 2016ի յետ­մի­ջօ­րէին, թո­րոն­թո­հա­յու­թիւ­նը տօ­նա­կա­տա­րեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեանց ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Գա­նա­տա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­տա­կարգ եւ Լիա­զօր դես­պան՝ Ար­մէն Ե­գա­նեա­նի:

Նախ­քան հան­դի­սու­թիւ­նը, տե­ղի ու­նե­ցաւ զոյգ դրօշ­նե­րու օրհ­նու­թիւն՝ Հայ Կեդ­րո­նի Նա­հա­տա­կաց Յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, որ­մէ ետք, ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան «Հա­մազ­գա­յին» թա­տե­րաս­րահ, ուր հա­մախմ­բո­ւած էին ՀՀ­ դես­պա­նը, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հո­գե­ւոր հայ­րեր եւ խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը: Գա­նա­տա­յի, Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի Օրհ­ներգ­նե­րու ունկնդ­րու­թե­նէն ետք,  Հա­մազ­գա­յի­նի «Գու­սան» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Հռիփ­սի­մէ Թով­մա­սեա­նի եւ նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ՝ Վա­նիկ Յով­հան­նի­սեա­նի, ար­հես­տա­վարժ կա­տա­րո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց հայ­րե­նի­քի նո­ւի­րո­ւած ե­րեք եր­գեր:

Հան­դի­սա­վար՝ Խա­ժակ Գու­լա­ճեան, Ան­կա­խու­թեան տօ­նին առ­թիւ ող­ջու­նե­լէ ու շնոր­հա­ւո­րե­լէ  ետք ներ­կա­նե­րը, յե­տա­դարձ ակ­նար­կով  կամր­ջեց 1991ի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խա­ցումն ու Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը՝  1918ի Սար­դա­րա­պա­տի  ճա­կա­տա­մար­տի յաղ­թա­նա­կով ձեռք բե­րո­ւած Ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թեան: Ան ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ  հա­մա­րեց Ար­ցա­խի վե­րա­դարձն ու միա­ցու­մը Մայր Հա­յաս­տա­նին: Ինչ­պէս նաեւ մատ­նան­շեց Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ան­քակ­տե­լի կա­պը Ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կի ի­րո­ղու­թեան հետ: Հան­դի­սա­վա­րը, ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­լը ար­ժա­նա­պա­տիւ հպար­տու­թիւն հա­մա­րե­լով մէկ­տեղ, լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ նաեւ՝ Մայր Հայ­րե­նի­քէն ներս տի­րող յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րը, զա­նոնք հա­մա­րե­լով «ա­ւե­լի կոր­ծա­նա­րար, քան ար­տա­քին թշնա­մին»: Ան ար­դա­րօ­րէն հաս­տա­տեց, որ Ար­ցա­խեան հար­ցի լու­ծու­մը  կը կա­յա­նայ խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թեանց ճամ­բով, եւ ա­զա­տագ­րո­ւած ո՛չ ­մէկ տա­րածք զի­ջու­մի են­թա­կայ կրնայ ըլ­լալ:

independence-dayԱնդ­րա­դառ­նա­լով Սփիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ընկ. Խա­ժակ ան­գամ մը եւս յի­շե­ցուց ա­նոր ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան հաս­տատ­ման մէջ, ո­րուն սահ­ման­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լը նկա­տեց հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռաջ­նա­հերթ պար­տա­կա­նու­թիւն:

Բա­նա­խօս՝ Վի­գէն Թիւ­ֆէնք­ճեան, հա­կիրճ նե­րա­ծա­կա­նով մը նախ անդ­րա­դար­ձաւ ըն­կե­րա­յին- բա­րո­յա­կան հա­մա­կար­գի տար­բեր ար­ժե­չա­փեր ու­նե­ցող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մօտ` ան­կա­խու­թեան ձգտու­մի առ­կա­յու­թեան: Ա­պա, կար­կի­նը լայն բա­նա­լով, ան հաս­տա­տեց, որ հա­կա­ռակ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մե­զի բա­ժին ին­կած պա­տու­հաս­նե­րուն, այ­սօր դար­ձեալ մե­զի վի­ճա­կո­ւած է տօ­նել մեր դի­մադ­րա­կա­նու­թեան, եւ ան­կոտ­րում կամ­քի տօ­նը: Ակ­նար­կե­լով  Սար­դա­րա­պա­տի Ղա­րա­քի­լի­սէի ու Բաշ Ապ­րա­նի ճա­կա­տա­մար­տե­րու յաղ­թա­նակ­նե­րուն, Թիւ­ֆէնք­ճեան նշեց, որ ա­նոնք հիմ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցան մեր ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման, մէջ­բե­րե­լով, որ  նոյ­նիսկ եօ­թը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նա­կո­ւած խորհր­դա­յին լու­ծը չկրցաւ մեզ ան­հե­տաց­ման վտան­գին են­թար­կել£ Հա­կա­ռակ հայ­րե­նի­քէն ներս  յա­մե­ցող կարգ մը դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, հպար­տու­թիւն առ­թող ե­րե­ւոյթ­նե­րը ակ­նար­կե­լով, յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը թո­ւար­կեց կարգ մը դրա­կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ Ապ­րի­լեան Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին սահ­ման­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն՝ շնոր­հիւ մեր հզօր ու մար­տու­նակ բա­նա­կին, Սփիւռք-Հայ­րե­նիք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, տնտե­սա­կան հա­մե­մա­տա­կան աճ, մար­զա­կան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւա­նե­րէ ներս քա­ջա­լե­րա­կան ձեռք­բե­րում­ներ: Ինչ կը վե­րա­բե­րի մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ըն­կե­րա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան  չգո­յու­թեան եւ այլ յո­ռի ե­րե­ւոյթ­նե­րու՝ բա­նա­խօ­սը ընդգ­ծեց, թէ ղե­կա­վար­նե­րու լա­րո­ւած ճի­գե­րով  եւ ճշգրիտ ախ­տա­ճա­նա­չու­մով կա­րե­լի է հար­թել զա­նոն, ի­րա­կա­նաց­նե­լով Ա­զատ, Ան­կախ եւ Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը:

«Հո­րի­զոն» պարտ­կե­րաս­փիւ­ռի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեամբ, ներ­կա­նե­րը ան­գամ մը եւս ա­ռիթ ու­նե­ցան առն­չո­ւե­լու պատ­մա­կան մեծ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող՝ 1991 թո­ւա­կա­նի Սեպ­տեմ­բեր 21ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան առ­թիւ ըն­թեր­ցո­ւած Պե­տա­կան Հռչա­կագ­րին:

Ա­նա­ռար­կե­լի ճշմար­տու­թիւն է, որ ՀՀ­ Ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կի նշու­մը գա­ղա­փա­րի, տես­լա­կա­նի ու ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ յու­սա­լի նպա­տակ­ներ հե­տապն­դող ե­րե­ւոյթ ըլ­լա­լու կող­քին, նաե՛ւ ­տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ու մթնո­լորտ ստեղ­ծող ա­ռիթ է. հե­տե­ւա­բար՝ հայ­կա­կան պա­րը, ե­րաժշ­տու­թիւնն ու աս­մուն­քը, որ­պէս գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կը տո­ւեալ հան­դի­սու­թեան, մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին սրա­հէն ներս, երբ  խումբ մը պար­ման պար­մա­նու­հի­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ, մէջ ընդ մէջ ե­լոյթ ու­նե­ցան Ս.Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ «Սա­սուն» եւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բե­րը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար­ներ ու­նե­նա­լով՝ Սե­ւակ Ա­ւա­գեանն ու Լո­ռի Նա­ճա­րեա­նը:  Ներ­կա­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով ունկնդ­րե­ցին Սա­րին Փո­լա­տեա­նի ո­գեշն­չող աս­մունքն ու Վրէժ Ղա­զա­րեա­նի ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րու­մը:

Վեր­ջին բա­ժի­նով հան­դէս ե­կաւ դեսպան Ե­գա­նեան, որ ար­ժե­ւո­րե­լով Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան դե­րը, շեշ­տեց, որ ան ստեղ­ծո­ւած էր մեր ազ­գի ա­մե­նա­ծանր օ­րե­րուն, երբ 700 տա­րի­ներ պե­տա­կա­նու­թե­նէ զուրկ մնա­լէ ետք, համ­տե­սած էինք նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դառն փոր­ձու­թիւ­նը:  Սա­կայն,  որ­պէս ազգ, մէկ բռունցք դար­ձած՝ կրցած էինք ստեղ­ծել Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ  թէեւ  շատ կարճ տե­ւո­ղու­թեամբ՝ սա­կայն ու­սա­նե­լի  փոր­ձա­ռու­թիւն ու գի­տե­լիք ա­պա­հո­ված էր, հիմք ծա­ռա­յե­լով՝  2-րդ ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման: Ինչ­պէս ո­րե­ւէ նո­րաս­տեղծ ե­րի­տա­սարդ պե­տու­թիւն, յար­գե­լի դես­պա­նը ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տանն ալ ու­նի տա­կա­ւին հար­թե­լի ճա­նա­պարհ, ու­նի խնդիր­ներ, սա­կայն, ակն­յայտ է նաեւ ա­նոր ձեռք բե­րած յա­ռաջ­խա­ղա­ցը. ան հաս­տա­տեց, որ իբր ե­րի­տա­սարդ եր­կիր, կը գտնո­ւինք ճիշդ ու­ղիի վրայ: Խօս­քը ուղ­ղե­լով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան, ան  փա­փաք յայտ­նեց, որ Սփիւռ­քը ա­ւե­լի աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի կեան­քէն ներս, ո՛չ ­միայն նե­ցուկ կանգ­նե­լով ա­ղէտ­նե­րու ըն­թաց­քին, այլ՝ տի­րոջ ի­րա­ւուն­քով՝ մաս­նա­կից դառ­նայ հայ­րե­նի­քի ա­պա­գա­յի կա­ռուց­ման՝ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: Ան ար­դա­րօ­րէն նշեց, որ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի 25 տա­րի­նե­րու ձեռք բե­րած  ան­կա­խու­թիւ­նը ար­դիւնքն է Հա­յաս­տան Ար­ցախ Սփիւռք փոխ գոր­ծակ­ցու­թեան:

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, դես­պա­նի ձե­ռամբ, թի­ւով 10 թո­րոն­թո­հայ ազ­գա­կից­ներ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ու­ղար­կո­ւած շնոր­հա­կա­լագ­րե­րով՝ եւ ՀՀ ­Դես­պա­նա­տան կող­մէ տրո­ւած պա­տո­ւոյ գի­րե­րով, Հա­յաս­տան-Սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման ու 100րդ ­տա­րե­լի­ցի աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գե­լու ուղ­ղու­թեամբ տա­րած ի­րենց ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քին առ­թիւ:

Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ հան­դի­սա­վա­րի եզ­րա­փա­կիչ մտքե­րով, ուր շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նկատ­մամբ թո­րոն­թո­հա­յաու­թեան յա­րա­տեւ թեւ ու թի­կունք կանգ­նե­լու եւ բար­գա­ւաճ եր­կիր կա­ռու­ցե­լու հաս­տատ ո­րոշ­ման վրայ:

Հան­դի­սու­թիւ­նը վերջ գտաւ Պահ­պա­նի­չով: