Հա­յաս­տան-Ար­ցախ Ֆոն­տը Ան­ցեալ Ե­րեք Ա­միս­նե­րուն 4.3 Մի­լիոն Տո­լա­րի Նպաստ Հայ­թայ­թած Է Հա­յաս­տա­նին Ու Ար­ցա­խին


Յու­նիս, Յու­լիս եւ Օ­գոս­տոս 2016ի ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տը 4.3 մի­լիոն տո­լար ար­ժէ­քով մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն հայ­թայ­թած է Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան, վեց թռիչք­նե­րով եւ տա­սը ծո­վա­յին արկ­ղե­րով:

Սոյն օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տը 3 մի­լիոն տո­լար ընդ­հա­նուր ար­ժէ­քով դե­ղո­րայք եւ այլ մար­դա­սի­րա­կան պի­տոյք­ներ ա­պա­հո­ված է Direct Relief International կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն (1.4 մի­լիոն տո­լար), Գա­նա­տա­յի Health Partners International կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն (811,000), AmeriCares կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն (620,000) եւ Կա­թո­ղի­կէ Բժշկա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հո­գա­բար­ձու­թե­նէն (146,000)£

Հե­տե­ւեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւս ար­ժէ­քա­ւոր ապ­րանք­ներ նո­ւի­րած են տո­ւեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին.

Prime Healthcare (777,000 տո­լար), Ա­մե­րի­կա­յի Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը (181,000), Foundation SEMRA Plus, Զո­ւի­ցե­րիա (128,000), Project AGAPE (103,000) եւ Հայ որ­բե­րու օգ­նու­թեան միու­թիւ­նը (111,000):

Յու­նիս, Յու­լիս եւ Օ­գոս­տոս ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տին ա­ռա­քած նպաստ­նե­րը նե­րա­ռած են մե­ծա­պէս անհ­րա­ժեշտ դե­ղո­րայք՝ քաղց­կե­ղի, սիր­տի, ա­ղիք­նե­րու եւ մտա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դար­ման­ման հա­մար, ինչ­պէս նաեւ դե­ղեր եւ բժշկա­կան պի­տոյք­ներ՝ վեր­ջերս Ար­ցա­խի դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն պատ­ճա­ռով վի­րա­ւոր­նե­րուն խնամ­քին հա­մար: 1 Դեկ­տեմ­բեր 2015ին հիմ­նադ­րո­ւե­լէն ի վեր, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տը 18.5 մի­լիոն տո­լա­րի ար­ժէ­քով մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն հայ­թայ­թած է Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան, 20 թռիչք­նե­րու եւ 34 ծո­վա­յին արկ­ղե­րու մի­ջո­ցով:

«Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տին կա­նո­նա­ւո­րա­բար կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի մի­լիո­նա­ւոր տո­լա­րի ար­ժէ­քով կեանք փրկող դե­ղեր եւ բժշկա­կան պի­տոյք­ներ», կը յայտ­նէ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ ֆոն­տի նա­խա­գահ Յա­րութ Սա­սու­նեան, ա­ւելց­նե­լով. «Ե­րախ­տա­պարտ ենք մեր ա­ռա­տա­ձեռն բա­րե­րար­նե­րուն, ո­րոնց թի­կուն­քին շնոր­հիւ մենք կը շա­րու­նա­կենք ան­յե­տաձ­գե­լի նպաստ­ներ տրա­մադ­րել Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն»: