ՀՅԴ «Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէի Հեր­թա­պահ Յա­կոբ Ճան­պա­զեա­նի Խօս­քը Վարժարանի բացման առիթով


Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

Տա­տա­նող քայ­լե­րով ու միայն 75 հայ փոք­րիկ­նե­րով սկսած կրթա­կան այս օ­ճա­խը այ­սօր իր դռնե­րը կը բա­նայ 650 ա­շա­կերտ­նե­րու սքան­չե­լի փա­ղան­գով մը, դառ­նա­լով հայ­կազ­նեան փա­րոս մը Թո­րոն­թօ քա­ղա­քին մէջ£ Ա­յո, ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ Վար­ժա­րա­նը փա­րոս մը ըլ­լա­լէ ան­դին դար­ձաւ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու հա­յա­պահ­պա­նու­մի ա­նա­ռիկ բերդ մը, ո­րուն պա­տե­րէն ներս ե­կան եւ պի­տի գան սե­րունդ­ներ, պի­տի գան ա­ւե­լի հա­յա­նա­լու, պի­տի գան ա­ւե­լի զօ­րա­ցած եւ ամ­րա­պինդ ո­գիով պա­հան­ջա­տէր հան­դի­սա­նա­լու մեր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն£

Ան­ցան 37 տա­րի­ներ եւ ար­դէն բո­լո­րիս ճի­գե­րով յա­ջո­ղած ՀՕ­Մի  վար­ժա­րա­նը դար­ձած է հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռող ազ­գա­պահ­պան­ման հզօր ամ­րոց մը£ Եւ այ­սօր հպար­տու­թեամբ կը դի­տենք կրթա­կան այս օ­ճա­խէն թեւ ա­ռած մեր ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք տե­ղա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք­նե­րով գնա­հա­տանք­նե­րու կ’ար­ժա­նա­նան եւ կը հաս­տա­տեն մեր սկսած գոր­ծին իւ­րա­յա­տուկ եւ ազ­գօ­գուտ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը£ Ու տա­կա­ւին, մեր վար­ժա­րա­նէն թեւ ա­ռած ու­սա­նող­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը ան­պայ­ման ժա­մա­նակ կը գտնեն մաս­նակ­ցե­լու մեր ազ­գա­յին եւ գա­ղու­թա­յին կեան­քին, Հայ Կեդ­րո­նի միու­թիւն­նե­րուն եւ յանձ­նա­խում­բե­րուն մէջ ի­րենց դրա­կան ներդ­րու­մը բե­րե­լով£ Եւ ա­ւե­լին, այ­սօր մեր վար­ժա­րա­նէն թեւ ա­ռած ա­շա­կերտ­նե­րը սպա­ռա­զի­նո­ւած բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կան­նե­րով` դար­ձած են մեր վար­ժա­րա­նի Կրթա­կան Մար­մի­նի նո­ւի­րա­բե­րո­ւող ժրա­ջան վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը, դար­ձած՝ լա­ւա­գոյն ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ փոխտ­նօ­րէ­նը մեր նա­խակր­թա­րա­նի բա­ժան­մուն­քին: Ա­յո, ա­նոնք դար­ձած են ՀՅԴ «Ս. Թէհ­լի­րեան» կո­մի­տէի եւ Հայ Կեդ­րո­նի յար­կին տակ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու վար­չա­կան ան­դամ­ներն ու գոր­ծօն մղիչ ու­ժը. Փառք եւ պա­տիւ ձե­զի, սի­րե­լի՛ նո­ւի­րեալ  շրջա­նա­ւարտ­ներ: Ա­հա այս է ՀՕ­Մի վար­ժա­րա­նի սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը` մեր ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ծա­ռա­յե­լու ջինջ եւ լա­ւա­գոյն ե­ղա­նա­կը:

Այ­սօր պարտք կը զգանք գնա­հա­տան­քի եւ շնոր­հա­կա­լու­թեան մեր սրտի խօս­քը փո­խան­ցե­լու 37 տա­րի­ներ մեր վար­ժա­րա­նը դէ­պի բար­ձունք­ներ ա­ռաջ­նոր­դող կրթա­կան մար­մին­նե­րուն, վար­ժա­րա­նի հա­յա­գի­տու­թեան եւ ու­սում­նա­կան վե­րել­քին ծա­ռա­յած կրթա­կան մշակ­նե­րուն, տնօ­րէն­նե­րուն£ Գնա­հա­տան­քի մաս­նա­յա­տուկ խօսք մա­նա­ւանդ մե­րօ­րեայ սի­րե­լի տնօ­րէ­նին` Պր. Ար­մէն Մար­տի­րո­սեա­նին, թան­կա­գին ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, ո­րոնք վե­րա­նո­րոգ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեամբ սպա­ռա­զի­նո­ւած` այ­սօր  սրտանց եւ ու­րա­խու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րեն մեր թան­կա­գին ա­շա­կերտ­նե­րը ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով, ի­րենց ու­սե­րուն վերց­նե­լով ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը մեր նոր սե­րուն­դի մտա­յին, հո­գե­կան, ֆի­զի­քա­կան, հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան£ Եւ վեր­ջա­պէս, կը շնոր­հա­ւո­րենք ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ձե­զի, սի­րե­լի ծնող­ներ, որ ձեր զա­ւակ­նե­րը ան­գամ մը եւս կը յանձ­նէք եւ կը վստա­հիք ՀՕ­Մի վար­ժա­րա­նի մես­րո­պա­շունչ կրթա­կան օ­ճա­խին:  Սի­րե­լի բա­րե­րար­ներ, մեծ եւ փոքր նո­ւի­րա­տու­ներ, ա­ռանց ձեր ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մին, նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեան, կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար մես­րո­պա­կերտ այս փա­րո­սը լու­սա­շող պա­հել£ 37ա­մեայ յա­ջո­ղու­թեան կեն­դա­նի ջա­հա­կիր­նե­րը ե­ղաք դուք եւ վստա­հա­բար պի­տի շա­րու­նա­կէք մնալ մեր վար­ժա­րա­նի գո­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող յա­ռա­ջա­պահ­նե­րը£

Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

Այ­սօր ու­նիմ քաղցր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ պա­տի­ւը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով յայ­տա­րա­րե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու մեր նո­րա­գոյն եւ պա­տո­ւա­կան բա­րե­րար­ներ Տէր եւ Տի­կին Վա­րու­ժան եւ Սիլ­վա Լա­բո­յեան­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ազ­գա­նո­ւէր գի­տակ­ցու­թեամբ մեր հա­ւա­քա­կան ճի­գե­րուն եւ ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար կը ներդ­նեն 1 մի­լիոն տո­լա­րի իշ­խա­նա­կան գու­մար մը: Ա­յո սի­րե­լի­ներ, 1 մի­լիոն տո­լա­րի իշ­խա­նա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն մը:

Սի­րե­լի­ներ՝ Վա­րու­ժան եւ Սիլ­վա, ազ­գա­յին բա­րե­րա­րի ան­նա­խըն­թաց մէկ մի­լիոն տո­լա­րի իշ­խա­նա­կան ձեր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը ա­նակն­կալ ու գե­րող­ջու­նե­լի է ՀՅԴ «Ս. Թէհ­լի­րեան» կո­մի­տէու­թեան, Հայ Կեդ­րո­նի յար­կին տակ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, պա­տաս­խա­նա­տու մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն եւ հա­մայն թո­րոն­թո­հա­յու­թեան կող­մէ:

Սի­րե­լի թո­րոն­թո­հա­յեր, այ­սօր պա­տի­ւը ու­նիմ նաեւ յայ­տա­րա­րե­լու, թէ ՀՕ­Մի երկ­րոր­դա­կան բա­ժան­մուն­քը պի­տի պսա­կո­ւի ար­ժա­նա­ւոր ա­նու­նով մը` բա­նա­ձե­ւո­ւած որ­պէս «ՀՕ­Մի Լա­բո­յեան Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րան» (ARS Lapoian High School): Սի­րե­լի բա­րե­րար­ներ, ես վստահ եմ ձեր ա­նու­նով երկ­րոր­դա­կա­նի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­մը նոր խանդ, նոր ծրա­գիր­նե­րու թռիչք եւ հպար­տու­թիւն պի­տի ներշն­չէ թո­րոն­թո­հա­յու­թեան ընդ­հան­րա­պէս եւ մաս­նա­ւո­րա­բար դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն քա­լող բազ­մա­հա­րիւր մեր ա­ւե­լի հա­յա­ցած վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու կեան­քե­րուն մէջ£

Լու­սա­ւոր­չա­կերտ այս կա­մար­նե­րուն տակ ան­գամ մը եւս ՀՅԴ «Ս. Թէհ­լի­րեան» կո­մի­տէու­թեան, ՀՕ­Մի վար­ժա­րա­նի եւ Հայ Կեդ­րո­նի յար­կին տակ գոր­ծող Միու­թիւն­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նեմ ձե­զի Վա­րու­ժան եւ Սիլ­վա, ապ­րիք ա­ռողջ եւ ձեր կեան­քը պսա­կո­ւի ա­րեւ­շատ օ­րե­րու հետ միա­սին՝ սի­րով եւ ա­ռատ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով£ Ձեր վարձ­քը կա­տար, ապ­րի՛ք, հա­զար ապ­րի՛ք: