Հո­ղին հանձ­նե­ցինք մեր ժպի­տը


Մա­նո­ւէլ Քէ­շի­շեան


Հա­լէ­պի Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ քա­նի մը ան­գամ եր­գո­ւող «Ի վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ»ը սո­ղոս­կե­ցաւ մեր ե­րակ­նե­րուն մէջ, կա­սե­ցուց մեր ա­րեան հոս­քը, ծա­կեց մեր ոս­կոր­նե­րը, հա­սաւ ծու­ծին եւ մեր դէմ­քե­րուն վրայ ու հո­գի­նե­րուն մէջ մե­խո­ւե­ցաւ որ­պէս յու­սա­հա­տու­թիւն ու բո­ղոք…

Բո­ղոք ին­չի՞ն ­դէմ, պորթ­կում ո­րո՞ւ­ ե­րե­սին: Միայն չ­’ը­սէ՛ք­ ընդ­դի­մա­դիր սու­րիա­ցի­նե­րուն, ո­րոնց մօտ ալ հա­րիւ­րա­ւոր ե­րե­խա­ներ կը զո­հո­ւին… չը­սէ՛ք՝ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն, չը­սէ՛ք ­ՏԱԷՇ-ին, հա­զա­րա­ւոր վարձ­կան զի­նեալ­նե­րուն… եւ այ­լոց դէմ…

Այ­սօր մեզ­մէ յա­ւէտ հե­ռա­ցան հա­յու­հի մը, ժպի­տը դէմ­քեր­նին հայ պա­տա­նի-ե­րի­տա­սարդ­ներ,  Դուք տե­սա՞ք­ այս ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ըն­կեր­նե­րուն դո­ղա­ցող մար­մին­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, լսե­ցի՞ք­ ա­նոց բարձ­րա­գոչ ա­ղա­ղա­կող լա­ցի ձայ­նը, ա­կա­նա­տես ե­ղա՞ք ­թէ ա­նոնք ինչ­պէս սեղ­մո­ւած էին ի­րար, կար­ծես ի­րենց մի­ջեւ ա­մուր, շա՛տ­ ա­մուր գրկե­լով ի­րենց հե­ռա­ցող ըն­կեր­նե­րը: Դուք այ­սօր ե­կե­ղե­ցիին մէջ տե­սա՞ք ­Հա­լէ­պի հայ այ­րե­րուն խո­ժոր դէմ­քե­րը, հայ կա­նանց եւ աղ­ջիկ­նե­րուն զուսպ, այն­քա՜ն ­զուսպ, ա­րիւն լա­ցող հո­գի­նե­րը… Տե­սա՛ք, ան­շուշտ տե­սաք, ո­րով­հե­տեւ այս ա­մէ­նը տես­նե­լու հա­մար պայ­ման չէր հայ­կա­կան Վիլ­լա­ներ թա­ղա­մա­սի հայ­կա­կան Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ գտնո­ւիլ երբ հոն սիրտ ծա­կող ձայ­նով քա­նիցս կ­’եր­գո­ւէր «Ի վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ»: Ո­րով­հե­տեւ այ­սօր ազ­գո­վին հոն էինք, ինչ­պէս որ էինք Հա­յաս­տա­նի մէջ մեծ երկ­րա­շար­ժի պա­հին, ինչ­պէս որ էինք Լի­բա­նա­նի մէջ լի­բա­նա­նա­հա­յե­րու ծանր օ­րե­րուն, Ինչ­պէս որ էինք Ար­ցա­խի մէջ դեռ վեր­ջերս Ապ­րի­լեան օ­րե­րուն եւ ուր ենք նաեւ այ­սօր…

Այ­սօր մեզ­մէ յա­ւի­տեան բաժ­նո­ւող պար­ման­նե­րուն հետ մենք հո­ղին յանձ­նե­ցինք ա­նոնց ժպտա­ցող դէմ­քե­րը, ա­նոնց ըն­կեր­նե­րուն՝ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ մա­նուկ­նե­րուն ժպի­տը:

Մէկ­դի թող­նե­լով օ­տար­նե­րը, մեր մէջ ո՞ւր փնտ­ռենք այս ե­ղա­ծին պատ­ճառ­նե­րը եւ որ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է այս ա­մէ­նուն մէջ ի­րա­ւո՞ւնք­ ու­նինք ի­մաստ մը փնտռե­լու, պի­տի կա­րե­նա՞նք գտ­նել:

Ես չը­սի յան­ցա­ւո­րը ո՞վ­ է, չը­սի թէ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը կրնար հող տրա­մադ­րել, ո­րուն վրայ սփիւռ­քեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ հեշ­տու­թեամբ կրնա­յին բնա­կա­րան­ներ կա­ռու­ցել սու­րիա­հա­յե­րուն հա­մար, այս բո­լո­րը չը­սի ո­րով­հե­տեւ յան­ցա­ւոր չեմ փնտռեր: Իմ հար­ցումս հե­տե­ւեալն է.-

Վերջ ի վեր­ջոյ ի՞նչ ­դիր­քո­րո­շում ու­նինք մենք, ի՞նչ ­հա­ւա­քա­կան ո­րոշ­ման յան­գած ենք.-Պահ­պա­նե՞լ ­գա­ղու­թը, չտես­նե՞լ ­ձե­ւաց­նել եւ ձգել որ ա­մէն ոք իր ձե­ւով եւ իր մի­ջոց­նե­րով փոր­ձէ հե­ռա­նալ եւ եր­թալ հոն ուր հնա­րա­ւոր է, իբր քա­րո­զե­լով մնա՞լ… ա­սի­կա ա­մէ­նէն դիւ­րին ղե­կա­վա­րել-Չղե­կա­վա­րե­լու մե­թոտն է:

Ին­չո՞ւ չկր­ցանք կամ չու­զե­ցինք Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կա­րան­ներ կա­ռու­ցել հա­լէ­պա­հա­յե­րուն հա­մար, ա­սոր պա­տաս­խա­նը պի­տի չփնտռեմ այ­սօր, վախ­նա­լով թէ բազ­մա­թիւ յան­ցա­ւոր-յան­ցա­կից­ներ պի­տի գտնեմ:

Այ­սօ­րո­ւան իմ ա­ռա­ջին հար­ցումս հե­տե­ւեալն է.- Կ­’ար­ժէ՞ մնալ Հա­լէ­պի մէջ:

Դար­ձեալ ա­մէ­նէն դիւ­րին պա­տաս­խա­նը .-Ո՛Չ…

Ո­րով­հե­տեւ հոս մեր ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծը մեր մէկ ե­րե­խա­յին կամ ոե­ւէ ան­հա­տի կեան­քը չի կրնար ար­ժել: Ա­յո՛, բայց չէ՞ որ մեր ու­նե­ցա­ծը սոսկ կա­ռոյց չէ՛, չէ՞ որ Հա­լէ­պա­հայ (Սու­րիա­հայ) գա­ղու­թը ազ­գին մէկ կա­րե­ւոր մաս­նիկն է, իսկ գա­ղու­թը գա­ղութ դարձ­նո­ղը, գա­ղութ պա­հո­ղը սե­րունդ­նե­րու ա­րիւն-քրտին­քով կա­ռու­ցո­ւածն է, որ­մէ հրա­ժա­րի­լը կը նշա­նա­կէ հրա­ժա­րիլ ազ­գա­յին ար­ժէք դար­ձած հարս­տու­թե­նէ, ո­րուն մէջ ա­մէ­նէն փոք­րիկ մա­սը նիւ­թա­կանն է: Ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թե­նէ հրա­ժա­րի­լը մե­զի կը սոր­վեց­նէ նաեւ հրա­ժա­րիլ հայ­րե­նա­կան ժա­ռան­գու­թե­նէ երբ մեր երկ­րին մէջ եւս վտան­գո­ւի ան­հա­տա­կան կամ հա­ւա­քա­կան մեր գո­յու­թիւ­նը:

Այս գի­տակ­ցու­թեամբ ես կը պա­տաս­խա­նեմ.-Ա­յո՛, պէտք է պահ­պա­նել գա­ղու­թը. պէտք է պահ­պա­նել գի­տակ­ցե­լով որ այն­քա՜ն ­շատ դժո­ւար է մեր գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նել, երբ չենք գի­տեր թէ տա­կա­ւին ին­չեր կրնան պա­տա­հիլ, երբ գի­տենք որ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ զո­հեր կրնանք տալ, գի­տակ­ցե­լով որ ա­մէն մէկ հոս մնցող ա­մէն վայր­կեան են­թա­կայ է մա­հո­ւան, մարմ­նա­պէս խեղ­ման, ա­նօ­թու­թեան, ծա­րա­ւի, մթու­թեան…

Այս գի­տակ­ցու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ ա­մէն մէկ մնալ ու գա­ղու­թը պա­հել ցան­կա­ցող, եր­թալ ցան­կա­ցող­նե­րուն ճամ­բան պէտք է հեշ­տաց­նէ ազ­գը՝ ազ­գին ա­մէն տեղ վխտա­ցող ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վե­լով բնա­կա­տե­ղի մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, որ­պէս­զի պատ­մու­թիւ­նը դա­սա­լիք­նե­րու ա­նուն­ներ չար­ձա­նագ­րէ, թէ՞ պատ­մու­թիւնն ալ գրող­նե­րը դա­սա­լիք­ներն են: Վեր­ջին պար­բե­րու­թիւ­նը ի մի­ջի այ­լոց գրո­ւե­ցաւ՝ ան­կախ իմ կամ­քէս, ո­րով­հե­տեւ խնդի­րը Հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թին պահ­պա­նումն է, ու­րիշ ո­չինչ:

Այ­սօ­րո­ւան իմ երկ­րորդ հար­ցումս է.-Ինչ­պէ՞ս ­պահ­պա­նել գա­ղու­թը:

Ան­չափ դժո­ւար է պահ­պա­նել մեր գա­ղու­թը, գիտ­նա­լով որ տա­կա­ւին շատ եր­կար է խա­ղա­ղու­թեան ճա­նա­պար­հը, գիտ­նա­լով որ տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ թան­կա­գին զո­հեր պի­տի տանք, մա­նա­ւանդ գիտ­նա­լով որ ա­պա­գա­յի խա­ղաղ այս երկ­րին մէջ մեր հան­դէպ, մեղ­մօ­րէն ը­սենք, բազ­մա­թիւ ան­բա­րեաց­կա­մօ­րէն տրա­մադ­րո­ւած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած պի­տի ապ­րինք, զորս մեր դէմ գրգրե­լը շատ դիւ­րին պի­տի ըլ­լայ: Այս ան­խու­սա­փե­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը զիս յա­ճախ կը մղեն այս գա­ղու­թէն հե­ռա­նա­լուն, սա­կայն այս հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ան­քակ­տե­լի մաս­նիկ ըլ­լա­լուս գի­տակ­ցու­թիւ­նը միշտ կը յաղ­թէ, եւ որն ալ ի­րա­ւունք կու տայ ին­ծի հա­ւա­քա­կան ո­րո­շում մը պա­հան­ջել, ի­րա­ւունք կու տայ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն վերց­նե­լու ա­տա­կու­թիւն փնտռել մեր ղե­կա­վար­նե­րուն մօտ… եւ ես երկ­րորդ հար­ցու­միս պա­տաս­խա­նը կը գտնեմ մեր՝ հոս մնա­ցող­նե­րուս հա­ւա­քա­կա­նօ­րէն դի­մա­նա­լու կա­րո­ղու­թեան մէջ: Դի­մա­նա­լու մեր տո­ւած եւ տա­լիք զո­հե­րու կո­րուս­տի ցա­ւին, դի­մա­նա­լու ի­րար ուժ ներշն­չե­լով, մեր մխի­թա­րու­թիւ­նը ի­րար գիր­կի մէջ գտնե­լով ինչ­պէս որ կ­’ը­նէին այ­սօր առ­տու Մի­րէ­յին եւ Ծի­լա­յին ըն­կեր­նե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ:

Դի­մա­նա­լու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կու գայ գի­տակ­ցու­թե­նէն, մեր զո­հե­րուն կո­րուս­տը ի­մաս­տա­ւո­րե­լէն, իսկ մեր կո­րուս­տը կ­’ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի միայն այն պա­րա­գա­յին երբ ա­նոնք նպա­տա­կի մը ի­րա­գոր­ծու­մին հա­մար զո­հո­ւած ըլ­լան եւ դառ­նան նա­հա­տակ­ներ, ա­պա թէ ոչ կը վե­րա­ծո­ւին պար­զա­պէս թի­ւե­րու եւ պար­զա­պէս կրնանք ցա­ւիլ ա­նոնց հա­մար եւ ա­նոնց կո­րուս­տը նոյ­նիսկ հա­ւա­քա­կան վէր­քի չի վե­րա­ծո­ւիր ու ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին նոյ­նիսկ ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն կսկա­ծա­լի վէր­քե­րը կը սպիա­նան, մինչ­դեռ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­նու­նը պէտք է փո­րագ­րո­ւի մեր հո­գի­նե­րուն մէջ, բո­լո­րիս հո­գի­նե­րուն մէջ, ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան մեր մտքին ու հոգ­ւոյն մէջ:

Այ­սօր մենք մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու դէմ­քի ժպի­տին հետ հո­ղին յանձ­նե­ցինք մեր հա­ւա­քա­կան ժպի­տը…

Պի­տի յառ­նի՞ այդ ժպի­տը, Այդ ժպի­տը չի վե­րա­դառ­նար մե­զի երկ­նա­յին կեան­քի մխի­թա­րու­թեամբ միայն. Ա­սի­կա մեր ե­կե­ղե­կա­կան­ներն ալ քաջ գի­տեն: Մենք այդ ժպի­տի յառ­նու­մը պի­տի գտնենք.. ե­թէ կա­րե­նանք…. սա­կայն պի­տի կա­րե­նա՞նք ­պահ­պա­նել գա­ղու­թը…

Եւ.. սա­կայն վե­րա­դառ­նանք այ­սօ­րո­ւան. այ­սօր դուք գա­ցիք, հե­ռա­ցաք մեզ­մէ եւ մենք անմ­խի­թար ենք եւ ձեր հե­ռա­նա­լը կը կրծէ մեր հո­գի­նե­րը:

Հա­լէպ, 1 Հոկ­տեմ­բեր 2016