5 Ոսկէ, 3 Արծաթէ, 3 Պրոնզէ Մետալներ. Հայ Մարզիկները Դարձան Եւրոպայի Խաղերու Ախոյեաններ


Պելառուսի մայրաքաղաք Մինսկի մէջ վերջ գտաւ երկրորդ Եւրոպական խաղերը, ուր Հայաստանը 5 ոսկէ, 3 արծաթէ ու 3 պրոնզէ մետալով 11-րդ տեղը գրաւեց մետալներու հաշւարկով:

Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան բազմակի ախոյեան, Ոլիմպիական խաղերու ոսկէ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ Եւրոպական խաղերու Յունահռոմէական ըմբշամարտի 97 քկ․ դասակարգի ախոյեան։ Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող Կարապետ Չալեանը (77 քկ․) դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

Մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի ամդամ Արթուր Դաւթեան ոսկէ մետալ նուաճեց յենացատկի վարժութեան մէջ՝ դառնալով Եւրոպայի ախոյեան։   Հայաստանի ընտրանիի միւս անդամը` Վահագն Դաւթեան մասնակցեցաւ օղակներ վարժութեան եզրափակիչին եւ 14.766 արդիւնքը` դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

Բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Պաչկովը ոսկէ մետալ նուաճեց  64 քկ․ դասակարգին մէջ:

Օրեր առաջ Հայաստանի համար ոսկէ մետալ նուաճեցին սամբիստ Տիգրան Կիրակոսեան եւ բռնցքամարտիկ Արթուր Յովհաննիսեան: Իսկ արծաթէ մետալակիր դարձաւ սամբիստ Դաւիթ Գրիգորեան, Պրոնզէ մետալակիր` Արսէն Ղազարեան:

Մինսկի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական երկրորդ խաղերուն կը մասնակցէին 50 երկրէ մօտ 4000 մարզիկներ: Հայաստանը խաղերուն կը մասնակցէր 37 մարզիկով: