Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին


Կա­րին Սաղ­տը­ճեան- Տէր Յա­կո­բեան


Վան­գու­վըր-Ե­րե­ւան երկու ընդհատումներով թռիչ­քը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն եր­կար էր եւ՝ յոգ­նե­ցու­ցիչ, այն­պէս որ չէի սպա­սեր որ մեր էջ­քէն ետք, 6ա­մեայ տղաս արթ­նա­միտ ըլ­լայ ար­ձա­գան­գե­լու ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թեան կամ պատ­կե­րի:

Սա­կայն, երբ ա­ռա­ւօ­տուն, Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նէն Ե­րե­ւան մեկ­նած ա­տեն մայ­րու­ղիին վրայ ա­ռա­ջին ան­գամ Ա­րա­րա­տը իր վե­հու­թիւ­նը յայտ­նեց մեզի՝ ՙՄա­մի՜, Ա­րա­րա­տ՜ը­…ա­սի ի­րա­կան է, ի­րա­կան․․․», հիաց­մուն­քով բա­ցա­կան­չեց Վա­րա­գը:

Կ՛ենթադրէի, որ ան Ա­րա­րա­տը տե­սած ա­տեն ո­րոշ հիաց­մունք ու­նե­նայ, բայց բնաւ չէի սպա­սեր, որ փոք­րիկ թա­թիկ­նե­րով բե­րա­նը գո­ցած, ա­չուկ­նե­րը կլորց­նե­լով՝ պի­տի սքան­չա­նայ: Ա­սիկա նախ կը նշա­նա­կէր, որ երբ տու­նը Ա­րա­րատ կը գծէր ու կը ներ­կէր, մա­նու­կին ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ իս­կա­պէս պատ­կե­րը տեղ գտած էր․ երկ­րորդ՝ ա­նոր այս հրճո­ւան­քը տես­նե­լով, մեղքս ինչ պա­հեմ, ու­րա­խու­թեան եւ գո­հու­նա­կու­թեան խոր զգա­ցում մը ու­նե­ցայ:

Իր ծնուն­դէն ի վեր, տղուս ա­ճին մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւիմ: Բո­լոր մայ­րե­րը գի­տեն, թէ ի­րենց ման­կի­կին բո­լոր «ա­ռա­ջին ան­գամ»նե­րը որ­քան կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դար­ձեր են եւ տան մէջ՝ մեծ ու­րա­խու­թիւն։ Ա­ռա­ջին ժպի­տը, ա­ռա­ջին բա­ռը, ա­ռա­ջին քայ­լը, ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը․․․: Այս բո­լո­րը՝ շատ լաւ. բայց իմ թա­քուն փա­փա­քս այլ էր: Ար­դեօք Վա­րա­գը ե՞րբ­ ա­ռա­ջին ան­գամ իր հայ ըլ­լա­լը պի­տի դրսե­ւո­րէր, կամ ար­դեօք այդ­պէս բան կ­ա՞յ․ ե­րե­խա­նե­րու ինք­նու­թիւնը ե՞րբ կը դրսեւորուի:

Բայց պէտք է ը­սեմ, որ հա­կա­ռակ ո­րո­շու­միս, թէ մա­նու­կին ուղեղը ՙհայ­կա­կա­նու­թեամբ՚ պի­տի չո­ղո­ղեմ մին­չեւ 5-6 տա­րե­կան, Վա­րա­գը հա­զիւ 2 տա­րե­կան մեզ զար­մա­ցուց: Երբ Կի­րա­կի մը Վան­գու­վը­րի Հայ Կեդ­րո­նը ու­ղղո­ւած ա­տեն հե­ռո­ւէն Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Ե­կե­ղե­ցին նկա­տե­լով, մա­տի­կը բարձ­րա­ցու­ցած, ման­կու­նակ թո­թո­վան­քով ու շեշ­տով մը ինք­նա­շար­ժին ե­տե­ւի ա­թո­ռէն բա­ցա­կան­չեց. “Մա­մի, ա­սի Հա­յասսս­տանն է՞”՚: Յա­կոբն ու ես շշմած ի­րա­րու նա­յե­ցանք, ա­պա բա­ւա­կան մտա­ծե­ցինք, թէ ե՞րբ մեր եր­կա­մեայ ե­րե­խան այս­քան տպա­ւո­րած ենք Հա­յաս­տա­նով: Չկրցանք մատ­նան­շել ո­րո­շա­կի պահ մը, կամ խօ­սակ­ցու­թիւն մը:

Ժա­մա­նակ մը ետք, դար­ձեալ մտա­հո­գու­թեան մէջ էինք: Երբ Վա­րա­գը 3-4 տա­րե­կան ե­ղաւ եւ սկսաւ` նման միւս մա­նուկ­նե­րուն` շուկայականացած իր ՙհե­րոս­նե­րը՚ գնել եւ ա­նոնց պատ­մու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալ: Ար­դէն լե­զուն բա­ցո­ւած էր, իր խա­ղա­լիք­նե­րուն հետ անգ­լե­րէն կը խօ­սէր: Սար­դէ մար­դը, գեր­մար­դը եւ չղջիկ մար­դը քով-քո­վի շա­րած ա­նոնց ցուց­մունք­ներ տա­լը, ա­նոնց հետ իր­ ե­րե­ւա­կա­յա­կան կռիւ­նե­րն ու երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը միշտ անգ­լե­րէն էին: Տան մէջ, ա­կանջս միշտ  ի­րեն տո­ւած՝  իր ման­կա­կան խա­ղե­րուն կը հե­տե­ւէի, միշտ կառ­չե­լով իմ սկզբուն­քին, որ ՙհայ ենք, հա­յե­րէն խօ­սէ՚ պի­տի չը­սեմ կամ ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ մա­նու­կին պի­տի չբռնա­նամ հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թեամբ, երբ բնա­կան տո­ւեալ­նե­րը չկան միշտ հայերէն արտայայտուելու։ Օր մըն ալ չդիմ­անա­լով հարց տո­ւի․

-Վա­րագ, ի՞նչու հա­յե­րէն չես խօ­սիր սփայ­տըր­մէ­նին եւ սու­փըր­մէ­նին հետ:

-Մա­մի՛, ա­սոնք հա­յե­րէն չեն գի­տեր, -ը­սաւ ցոյց տա­լով առ­ջե­ւի խա­ղա­լիք­նե­րը:

-Բայց դուն խօ­սէ՛, քեզ­մէ կը լսեն, կը սոր­վին,- յա­րե­ցի:

-Չէէէէ,- ան­հանգս­տա­ցած ը­սաւ՝ չըն­դու­նե­լով ա­ռա­ջարկս։

Կար­ծես զիս գոհ պահելու հա­մար լու­ծում մը տուաւ հար­ցիս.

-Բայց կրնան հետս ՙՀա­յաս­տան՚ եր­թալ:

Ժա­մա­նա­կը ան­ցաւ եւ Վա­րա­գի անգ­լե­րէնն ալ զօ­րա­ցաւ: Նա­խադպ­րո­ցա­կան դա­սա­րանին մէջ հա­յե­րէ­նը սկսաւ նա­հան­ջել։ Ե­թէ սկիզ­բը հա­յե­րէ­ն բառապաշարը լայն էր, հի­մա անգ­լե­րէ­նի դիւ­րին բա­ռե­րը սկսան դուրս քշել դեռ ու­ղե­ղին մէջ չար­մա­տաւորուած հա­յե­րէ­նը: Հա­յե­րէ­նի հա­գա­գա­յին բա­ղա­ձայն­նե­րը եւ եր­կար բարդ բա­ռե­րը տե­ղի տո­ւին անգ­լե­րէ­նի դիւ­րու­թեամբ ար­տա­բե­րո­ւող ձայ­նա­ւոր­նե­րուն եւ կարճ ՙե­րաժշ­տա­կան՚ բա­ռե­րուն դի­մաց:

Համ­բե­րու­թիւն կ­՛ու­զէր երբեմն անգլերէնը լսել, թարգմանել, երբ չէր ու­զեր հա­յե­րէն պա­տաս­խա­նել կամ կրկնել թարգ­մա­նու­թիւն­ներս:

 -Մա­մա՛, այ­սօր լան­չին քե­րըթ կ­՛ե­րանք,-  ու­րեմն ստեպ­ղին կե­րաք կէ­սօ­րին, տղաս:

-Մամ, այ­սօր օ­րիորդ Ճան­սը­նը շատ սէտ էր, -ի՞ն­չու տխուր էր, հո­գի՛ս:

-Պա՛պ, պա­ռե­րուն վրայ լաւ քլայմպ կ­՛ը­նեմ: -Ապ­րի՛ս տղաս, ձո­ղե­րուն վրայ լաւ կը մագլ­ցիս։

Օր մըն ալ իր ննջարանի գրա­դա­րա­նը կո­կած ա­տեն հա­յե­րէ­նի գիր­քը ձեռ­քը դուրս ե­կաւ ը­սե­լով․ ՙՄամ, ա­սի առ՝ հոս չի պատ­կա­նիր՚։: Սար­սա­փած՝ ե­րե­խա­յին նա­յե­ցայ, որ թէեւ (հայերէնի այնքան ճշգրիտ գործածութեամբ) ան­մե­ղու­նակ ո­րո­շում մը ա­ռած էր պար­զա­պէս իր գրադարանին տեսքին միա­տե­սա­կու­թիւնը պա­հե­լու համար, սա­կայն զիս, նա­խա­պա­շա­րո­ւած ան­ձս, սահմռ­կե­ցուց:

Ան­մի­ջա­պէս ա­ռանձ­նա­ցանք եւ խօ­սե­ցանք, թէ ե­թէ մենք հա­յե­րէն գիր­քը տու­նէն ներս չպա­հենք, մէ­կը ի­րեն տեղ պի­տի չտայ իր գրա­դա­րա­նին մէջ եւ ե­թէ հա­յե­րէն չսոր­վինք, ու­րիշ մէ­կը պի­տի չսոր­վի։ Մենք ենք տէ­րը մեր լե­զո­ւին: Ատ­կէ ետք, ե­թէ մոռ­նամ գի­շեր­նե­րը հա­յե­րէն դա­սի նստե­լու, Վա­րա­գը ին­ծի կը յի­շեց­նէ․ ՙՄա՛մ, հա­յե­րէն չը­րինք այ­սօր․․․ ՚։

Այս ըն­թաց­քին հա­մո­զում ու­նէի եր­կու հար­ցի շուրջ․

-Վար­ժու­թիւ­նը, կրկնու­թիւ­նը պի­տի յաղ­թեն (repetition is the mother of all skills): Իս­կա­պէս ալ նոյ­նիսկ ե­թէ Վա­րա­գը անգ­լե­րէն կը խառ­նէ հա­յե­րէն խօ­սած ա­տեն, իր մտքե­րը կրնայ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տել: Երբ հա­յա­խօս­նե­րու մէջ ըլ­լայ, բա­ռե­րը բնա­կա­նա­բար կը վեր­յի­շէ:

-Ինք­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է. ես ո՞վ­ եմ, ո՞ր ­խում­բին կը պատ­կա­նիմ, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր գո­յու­թե­նա­կան հարցեր են հայ զգա­լու հա­մար` քան լեզուի իմացութիւնը: Նոյ­նիսկ ե­թէ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը չստա­ցո­ւի, Վարագը հայ պի­տի զգայ ինք­զինք: Հա­մա­ցան­ցա­յին այս դա­րաշր­ջա­նին, պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է:

Ե­թէ լե­զուն ա­ռօ­րեայ վար­ժու­թիւն եւ աշ­խա­տանք է, ա­պա ինք­նու­թիւ­նը կը կազ­մո­ւի կա­մաց-կա­մաց, քայլ առ քայլ. չսպա­սած մէկ խօսքդ, չակն­կա­լած մէկ պա­հը խոր դրոշմ կը ձգեն մա­նու­կին մտքին ու հոգիին մէջ եւ կ­՛ո­րո­շեն ա­նոր ինք­նու­թեան նա­խա­տի­պը:

Այ­սու­հան­դերձ, լե­զուն անհ­րա­ժեշտ է ո­րե­ւէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ հա­մար­կո­ւե­լու հա­մար: Ըն­կե­րա­բան­ներ զայն գլխա­ւոր նա­խա­պայ­մա­նը կը նկա­տեն՝ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման:

Կը հա­ւա­տամ, որ ա­ռանց լե­զուն ի­մա­նա­լու կա­րե­լի չէ պատ­կա­նե­լիու­թիւն զգալ՝ լիո­վին: Ա­ռանց լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը ի­մա­նա­լու կա­րե­լի չէ ըն­կա­լել հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հը: Կը նմա­նի լո­ղալ ու­զելուն, բայց ծո­վուն հե­ռո­ւէն դի­տելուն:

Վա­րա­գին ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւէի այս ամ­րան Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ երբ Սա­րեա­նի Տուն Թան­գա­րա­նը մտանք, հիա­ցած կը դի­տէր Վար­պե­տին գծագ­րու­թիւն­նե­րը՝ հա­շո­ւե­լով թէ քա­նի ան­գամ Ա­րա­րա­տը կ­՛ե­րե­ւի ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ: Կամ Արցախի մէջ Տա­տիկ եւ Պա­պիկ կոթողը գրկե­լը եւ կամ դէ­պի Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թի ար­ձա­նը սրընթաց վա­զե­լը եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը… փորձառութիւններ, որոնք խոր դրոշմ պիտի ձգեն իր ինքնութեան վրայ: Այն բո­լոր պա­հե­րը՝ հա­յե­րէն երգ մը միա­սին եր­գե­լը, հակառակ իր դժկամութեան՝ առ­տու կանուխ ե­կե­ղե­ցի երթալը, կամ քնանալէ առաջ հայկական աւանդավէպի մը մասին պատմութիւն լսելը, կը կազմեն բաղադրիչները ինքնութեան կառուցուածքին։

Ման­կա­վարժ­նե­րը կ­՛ը­սեն․ ՙՄի թե­լադ­րեր․ այլ ցոյց տուր՚: Մա­նու­կը տպա­ւո­րե­լու, բան մը սոր­վեց­նե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւը կենդանի օ­րի­նակով ցոյց տալն է եւ ոչ թէ թելադրելը:

Ես չեմ յա­ւակ­նիր հա­ւաս­տիաց­նե­լու, որ ա­սի լա­ւա­գոյն ձեւն է հայ մա­նուկ մը հայ պահելու, ոչ ալ գի­տեմ ա­պա­գան ինչ պի­տի բե­րէ, թէ 6ա­մեայ զա­ւակս ինչ­պէ՞ս պի­տի դրսե­ւո­րուի ա­պա­գա­յին: Միայն կրնամ ը­սել, որ ճամ­բան դեռ եր­կար է…

Ան­ցեալ օր, երբ ի­րեն գա­ղա­փա­րի մը ըն­կա­լու­մը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար անգ­լե­րէն եզր մը գոր­ծա­ծե­ցի, ին­ծի դառ­նա­լով ը­սաւ․

-ՙՄամ, հա­յե­րէն խօ­սէ․․․: