Նա­մակ Երկ­րէն. «Տուն Կա­ռու­ցո­ղը Հող Չի Յանձ­նի»


ՐաՖ­Ֆի Տու­տագ­լեան


Ար­ցա­խի Հադ­րու­թի շրջա­նի Ա­ռա­ջա­մուղ գիւ­ղը ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րուն վրայ կա­ռու­ցո­ւե­լու սկսաւ 2004 թո­ւա­կա­նին, «Թու­ֆէն­քեան» հիմ­նադ­րա­մի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­տեղ ջան­քե­րով, հե­տա­գա­յին նաեւ` Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի «Ար­ցախ» ֆոն­տին մաս­նակ­ցու­թեամբ: Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րը վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ Ա­ռա­ջա­մու­ղը յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա նախ­կին թրքաբ­նակ գիւ­ղի մը վե­րա­կանգ­նու­մով չէ՛ հիմ­նադ­րո­ւած, այլ հիմ­նո­վին նոր կա­ռու­ցո­ւած է եւ Ար­ցա­խի հա­րա­ւը գտնո­ւե­լով` բա­ւա­կան մօ­տիկ է թէ՛ Ի­րա­նին, թէ՛ հայ-ազր­պէյ­ճա­նա­կան այս­պէս կո­չո­ւած շփման գի­ծին:

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան տօ­նի նա­խօ­րեա­կին «Թու­ֆէն­քեան» հիմ­նադ­րա­մը ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար­նե­րու եւ յայտ­նի գրող Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի հա­մար յա­տուկ շրջա­գա­յու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պեց ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ա­նոնք մօ­տէն ծա­նօ­թա­նան վե­րաբ­նա­կե­ցո­ւող գիւ­ղե­րու խնդիր­նե­րուն եւ կա­րիք­նե­րուն: Օ­գոս­տոս 31ին Ստե­փա­նա­կեր­տէն ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի Ա­ռա­ջա­մուղ, բայց նախ ո­րո­շե­ցինք կանգ առ­նել Հադ­րու­թի Տող գիւ­ղը, ուր մեր բա­րե­րար­նե­րէն մէ­կը ստանձ­նած էր ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած զի­նո­ւո­րի մը տան վե­րա­նո­րո­գու­մը:

Շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՛ըն­թա­նա­յին` ըստ մեր ծրա­գիր­նե­րուն, բայց ա­ւե­լի ու­րա­խա­լին ա՛յն­ էր, որ վի­րա­ւո­րո­ւած զի­նո­ւո­րա­կա­նը` Վա­չա­կա­նը, ա­պա­քի­նած էր ար­դէն եւ կը պատ­րաս­տո­ւէր վե­րա­դառ­նա­լու ծա­ռա­յու­թեան: Սուրճ խմե­լէ եւ իր կնոջ պատ­րաս­տած հա­մեղ գա­թա­նե­րը համ­տե­սե­լէ ետք, շուրջ մէկ ժամ քշե­ցինք ու հա­սանք Ա­ռա­ջա­մուղ: Հոն էին նաեւ քա­նի մը լրագ­րող­ներ, ո­րոնք ե­կած էին գրե­լու Ա­ռա­ջա­մու­ղի մա­սին եւ հար­ցազ­րոյց ու­նե­նա­լու ա­ռա­ջին ան­գամ Ար­ցախ այ­ցե­լող Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նի հետ:

Լրագ­րող­նե­րը ան­մի­ջա­պէս շրջա­պա­տե­ցին մեզ եւ սկսան հար­ցու­փորձ ը­նե­լու գիւ­ղին մա­սին: Բա­ցատ­րե­ցինք, որ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն մէկ մա­սը Պա­քո­ւի փախս­տա­կան­ներ են. կան նաեւ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ եւ հա­րե­ւան շրջան­նե­րէ ե­կած հա­յեր: Լրագ­րող­նե­րուն ցոյց տո­ւինք գիւ­ղին դպրո­ցը, որ կը պատ­րաս­տո­ւէր վե­րա­մու­տի, ա­պա միա­սին գա­ցինք գիւ­ղին կող­քը` սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար եւ «Թու­ֆէն­քեան» հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու Ֆրետ Հայ­րա­պե­տեա­նին հիմ­նած Նու­ռի այ­գին, շրջա­գա­յե­ցանք նոր կա­ռու­ցո­ւող թա­ղա­մա­սը եւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւինք բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին:

Լրագ­րող­նե­րուն չափ եւ ա­ւե­լի, Ա­ռա­ջա­մու­ղով տպա­ւո­րո­ւած էին նաեւ ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար­ներն ու գրող Քրիս Պոհ­ճա­լեա­նը, ո­րոնք գիւ­ղի հիմ­նու­մին, ըն­դար­ձակ­ման ու զար­գաց­ման մէջ հա­յու վե­րապ­րու­մի ո­գին ու տո­կու­նու­թիւ­նը կը տես­նէին: «Հիա­նա­լի՛ է, սա պար­զա­պէս հիա­նա­լի՛ է: Սա մեր` հայ ժո­ղո­վուր­դի, գո­յա­պայ­քա­րի յաղ­թա­նակն է», ը­սաւ Պոհ­ճա­լեան լրագ­րող­նե­րուն, երբ ա­նոնք ու­զե­ցին հասկ­նալ, թէ ի՞նչ ­կը զգար ան` տես­նե­լով ա­զա­տագ­րո­ւած տա­րածք­ներն ու հա­կա­ռակ բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն` ա­նոնց վրայ կեանք ծաղ­կեց­նե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը: Լրագ­րող­նե­րէն մէ­կը մօ­տե­ցաւ նաեւ «Թու­ֆէն­քեան» հիմ­նադ­րա­մի Ար­ցա­խի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւին` Է­դի­կին: «Հո­ղե­րու յանձ­նու­մին մա­սին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ են գնում: Էս տա­րած­քը հա­մար­ւում է ա­ռա­ջին­նե­րից, որ պէտք ա տրո­ւի Ազր­պէյ­ճա­նին: Ա­ռա­ջա­մու­ղի յանձ­նու­մի մա­սին չէ՞ք մ­տա­հոգ­ւում», հար­ցուց լրագ­րո­ղը:

Է­դիկ եր­կար չմտա­ծեց. «Էդ որ­տե՞ղ­ ա քննարկ­ւում հող յանձ­նե­լու մա­սին. ա­մե­նայն­դէպս, էս­տեղ չի քննարկ­ւում: Էս­տեղ մեր հո­ղերն ա, ի՞նչ ­հո­ղեր յանձ­նե­լու մա­սին ա խօս­քը: Էս­տեղ մենք տուն ենք կա­ռու­ցում, իսկ հո­ղեր յանձ­նե­լու տրա­մադ­րու­թեամբ մար­դը տուն չի կա­ռու­ցի: Ե­թէ տուն կա­ռու­ցում ենք, ու­րեմն ո՛չ ­մի հող յանձ­նե­լու տրա­մադ­րու­թիւն չու­նենք»:

Գրե­ցէ՛ք­ ին­ծի:

rafdoud@aol.com