Սու­րիա­հա­յե­րու Ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան Ո­գին ու Շուն­չը Ե­րե­ւա­նի Մէջ


Սալ­բի Սաղ­տը­ճեան


ՀՀ ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ Սեպ­տեմ­բեր 19ին, Վեր­նի­սա­ժի տա­րած­քին մէջ, եր­կու օր տե­ւո­ղու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ար­դէն իսկ ա­ւան­դա­կան դար­ձած «Սու­րիա­հայ մշա­կոյ­թի շուն­չը Ե­րե­ւա­նի մէջ» բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռը:

Տա­րին 7-8 ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւող այս ցու­ցա­հան­դէս վա­ճառ­քը այս ան­գամ նո­ւի­րո­ւած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25րդ ­տա­րե­դար­ձին: Ընտ­րո­ւած 50 տա­ղա­ւար­նե­րը կը խորհր­դան­շէին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25ա­մեա­կը: Տա­ղա­ւար-սե­ղան­նե­րու վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած սու­րիա­հա­յե­րու ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­ներ, ար­ծա­թէ զար­դեր, Մա­րա­շի, Այն­թա­պի, Սվա­զի ա­սեղ­նա­գործ­ներ, ու­տե­լիք­ներ եւ քաղց­րա­ւե­նիք:

Ռի­թա Սար­գի­սեա­նը 4 տա­րիէ Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած է եւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակ­ցի այս ցու­ցա­հան­դէ­սին, ուր կը ներ­կա­յաց­նէ ա­րե­ւե­լեան եւ հայ­կա­կան ճա­շեր: Ան եր­կու տա­րիէ ի վեր կը զբա­ղի այս գոր­ծով. պա­տո­ւե­րով տու­նը ճա­շեր կը պատ­րաս­տէ ու կը ծա­խէ£ «Ու­նիմ հա­յաս­տան­ցի յա­ճա­խորդ­ներ, ո­րոնք շատ կը սի­րեն մեր ճա­շե­րը», կ­՛ը­սէ ան:

Սե­րա Շա­հի­նեա­նը երկ­րորդ ան­գամն է՝ կը մաս­նակ­ցի այս ցու­ցա­հան­դէ­սին: Կը վա­ճա­ռէ ա­մու­սի­նին պատ­րաս­տած ար­ծա­թեայ գոր­ծե­րը: Ան իր ա­մու­սի­նին ու եր­կու զա­ւակ­նե­րուն հետ Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած է մէ­կու­կէս տա­րի ա­ռաջ: «Մենք ու­րախ ենք, որ մեր հայ­րե­նի­քին մէջ ենք, պզտիկ­ներս շատ կը սի­րեն հոս, դպրոց կ­՛եր­թան: Կ­՛ու­զենք հոս մնալ, դուրս եր­թա­լու մա­սին չենք մտա­ծեր, կա­րե­ւո­րը գործ ըլ­լայ», կ­՛ա­ւելց­նէ Սե­րան:

Մայ­տա Սթամ­պու­լեան-Տէ­միր­ճեա­նը կը ցու­ցադ­րէ իր ձե­ռա­յին գոր­ծե­րը, կը պատ­րաս­տէ նկա­րա­զար­դո­ւած փայ­տէ եւ ա­պա­կեայ խո­հա­նո­ցի սպասք, ձե­ռա­գործ ծած­կոց­ներ եւ կա­նա­ցի զար­դե­ղէն­ներ: Ար­դէն ե­րեք տա­րիէ կը մաս­նակ­ցի այս­պի­սի ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, տա­րին 6-7 ան­գամ: «Հա­լէպ չէի աշ­խա­տեր, բայց հոս կ­՛աշ­խա­տիմ, թէ ա­զատ ժա­մա­նակս կը լեց­նեմ, թէ նիւ­թա­պէս ըն­տա­նի­քիս կ­՛օգ­նեմ: Ա­մու­սինս թո­շա­կի տա­րի­քի է, ես եւ աղ­ջիկս կ­՛աշ­խա­տինք: Հոս գոհ եմ, հայ­րե­նի­քիս մէջ կ­՛ապ­րիմ, ուր ալ եր­թամ, օ­տար կը մնամ, վիզս ծուռ կը մնայ£ Մեծ աղ­ջիկս Գա­նա­տա է, բայց չի յանձ­նա­րա­րեր, որ հոն եր­թանք: Հա­լէ­պի մէջ շատ վնաս­ներ կրե­ցինք, բայց փառք Աս­տու­ծոյ ողջ-ա­ռողջ ենք:  Ես Հա­յաս­տա­նի անձ­նա­գիր ու­նիմ,  հոս ես ին­ծի լիար­ժէք քա­ղա­քա­ցի կը զգամ, մե­զի նե­ղու­թիւն տո­ւող չկայ, ա­սի­կա մեր Հայ­րե­նիքն է, մեր շուր­ջը բո­լո­րը հայ են», կ­՛ը­սէ Մայ­տան:

14483738_10154520319216407_606611918_n-1Նա­զա­րէթ Ա­րո­յեա­նը ար­ծա­թեայ սպասք­ներ կը վա­ճա­ռէ, նա­խա­պէս ալ նոյն գոր­ծով զբա­ղած է: «Ես Հա­լէ­պի յայտ­նի «Շի­րա­թոն» պան­դո­կին մէջ մեր հայ ար­ծա­թա­գործ վար­պետ­նե­րու գոր­ծե­րը կը վա­ճա­ռէի£ Թու­րիստ­նե­րը կը հիա­նա­յին մեր վար­պետ­նե­րու ձեռ­քի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ», կ­՛ը­սէ Նա­զա­րէ­թը: Ան մէկ տա­րիէ Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւած է£ «Ե­կանք հա­յաս­տա­նեան փաս­փորթ ա­ռինք եւ վեր­ջա­կէտ դրինք․ ալ հոս պի­տի մնանք: Այս տա­րի­քէս ետք ես տեղ չեմ եր­թար, հոս պի­տի մնամ: Տղաս այս տա­րի հա­մալ­սա­րա­նը կ­՛ա­ւար­տէ, իսկ աղ­ջիկս, որ Դա­մաս­կոս մնաց գոր­ծով, շու­տով կը միա­նայ մե­զի»£ Ան կ­՛ու­զէ, որ իր զա­ւակ­նե­րը հայ մեծ­նան ու Հա­յաս­տան մնան:

Եո­լանտ եւ Ռաֆ­ֆի Ռշտու­նի­նե­րը գրե­թէ բո­լոր ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին ի­րենց պատ­րաս­տած բազ­մա­տե­սակ ու ա­խոր­ժա­բեր ա­նու­շե­ղէն­նե­րով: Ա­նոնք նոյն­պէս պա­տո­ւե­րով ա­րե­ւե­լեան ճա­շեր եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ կը պատ­րաս­տեն:

Բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն փա­փա­քը եւ ցան­կու­թիւ­նը նոյնն է, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը շատ ըլ­լան, որ կա­րե­նան լաւ վա­ճառք ա­պա­հո­վել: Գրե­թէ բո­լո­րը կ­՛ու­զեն Հայ­սա­տան մնալ ու աշ­խա­տիլ: Բո­լո­րին ա­մե­նա­մեծ դժո­ւա­րու­թիւ­նը գոր­ծի եւ բնա­կա­րա­նի հարցն է: «Ե­թէ գործ ըլ­լայ, ա­մէն դժո­ւա­րու­թիւն լու­ծե­լի է», կ­՛ը­սեն ա­նոնք:

Ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճառ այ­ցե­լած ՀՀ ս­փիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան՝  լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին՝ ող­ջու­նե­լով սու­րիա­հա­յե­րու աշ­խա­րա­սի­րու­թիւ­նը նշեց․ «Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ար­դէն 5 տա­րի է` մաս­նակ­ցում են ան­կախ Հա­յաս­տա­նի կա­յաց­մա­նը եւ ի­րենց գոր­ծե­րով, նո­րա­րա­րու­թեամբ, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով, գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ նպաս­տում են լրաց­նե­լու ու զար­գաց­նե­լու տնտե­սու­թեան ո­րոո­շա­կի ուղ­ղու­թիւն­ներ: Նա­խորդ տա­րի­նե­րի հա­մե­մատ ա­ճել է մաս­նա­կից­նե­րի թի­ւը, ա­ւե­լա­ցել է ներ­կա­յա­ցո­ւած ապ­րանք­նե­րի տե­սա­կա­նին: Կար­ծում եմ, որ նման ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը օգ­նում են, որ­պէս­զի սի­րիա­հա­յերն ա­ռա­ւել ակ­տի­ւօ­րէն ին­տերգ­րո­ւեն հայ հա­սա­րա­կու­թեա­նը: Ցան­կա­նում եմ ող­ջու­նել եւ շնոր­հա­ւո­րել մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րին, այս­պի­սի գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ­ներ մեզ նո­ւի­րե­լու հա­մար եւ մաղ­թել, որ իւ­րա­քան­չիւ­րը կա­րո­ղա­նայ հաս­տա­տո­ւել եւ  աշ­խա­տա­տեղ ու­նե­նալ Հայ­րե­նի­քում»:

Սփիռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս­պի­սի ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառք­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով կը նպաս­տէ սու­րիա­հա­յե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ գործ ա­պա­հո­վե­լուն: Նա­խա­րա­րին խօս­քով՝ կը ցան­կանք, որ բո­լոր սու­րիա­հա­յե­րը շա­րու­նա­կեն ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ ի­րենց աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան որ­գիով նոր շունչ հա­ղոր­դեն Ե­րե­ւա­նին: Բո­լո­րը օ­տար ա­փեր եր­թա­լու փո­խա­րեն հաս­տա­տո­ւին Հայ­րե­նի­քի մէջ եւ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նան ան­կախ Հա­յաս­տա­նի կա­յաց­ման գոր­ծին: