ՏԱԳՆԱՊ


Թամար Տօնապետեան Գուզուեան 


Մութը իջաւ. խառնարան է հոգիս դարձեալ.

Քար ու քանդ…աւերակի կոյտի մը նման

Որուն ներքեւ թաղուած անհամար երազները տակաւին կը մխան։

Կոյտին մէջէն կը քալեմ միայնակ ու գլխիվայր,

Մերթ յուսաբեկ ու մերթ յոյսով առլցուն՝

Վարդահեղեղ երազներուս աշխարհը դարձեալ գտնելու։

 

Ամէն քայլին՝ հրաբուխ մը կը բարձրանայ դէպի վեր

Կը հասնի կոկորդս… կը պատռէ լարերս,

Կ՚ուզեմ ճչալ ցաւէն. բայց ձայնս խեղդուած կը մնայ…

Ականջիս տակ, ծանր ու յամառ՝ ոտնաձայնս է որ կ՚առնեմ

Ոտնաձայնս ու սրտաճմլիկ հեկեկոցը քարի մը տակ ծուարած մանուկին,

Որ աչքին տակէն, իր նուաղկոտ նայուածքը դէպ՚ ինձ կ՚երկարէ…։

 

Կ՚ուզեմ երեսս անդին դարձնել. փախչիլ, փախչիլ հեռո՜ւ.

Հոն ուր մարգեր են ոտքիս տակ, գլխուս՝ արեւն է պայծառ,

Հոն ուր գլգլացող աղբիւրն ու սանձարձակ ուռենին

Թեւ թեւի՝ բնութեան կիրքը կ՚երգեն…

Հո՜ն… ուր բարի լոյսը կ՚երկարի այգաբացէ մինչ այգաբաց,

Հոգւոյս ժպիտը վրան։

 

Ջերմութիւնը կը պատէ զիս. կը զգամ թէ հոն եմ.

Ինչ թեթեւ է հոգիս երազներու այգեստանին մէջ անդորր…։

Բայց ոչ… կարելի չէ հոն մնալ. հանգիստ չկայ կտտացող սրտին։

Ծերունի մը կորաքամակ ու ծնկաչոք՝

Աղերսոտ աչքը վրաս՝ դողահար ձեռքը դէպ՚ ինձ կ՚երկարէ…։

Ո՜հ երազներուս աշխարհը… որքա՜ն հեռու է խիղճս քեզմէ…։