Տե­րե­ւա­թափ


Հայկ Ճըլ­տը­րեան (1917 Ե­գիպ­տոս– 2014 Թո­րոն­թօ)

Ա­նա­հիտ Ճըլ­տը­րեան (1934 Ե­գիպ­տոս– 2016 Թո­րոն­թօ)

Ար­շօ Զա­քա­րեան


Հաﬕտեան ա­նո­ղորմ հա­լա­ծանք­նե­րէն փախուստ տալով՝ Ճըլ­տը­րեան, Թու­մա­յեան եւ ու­րիշ Շա­պին Գա­րա­հի­սար­ցի ըն­տա­նիք­ներ, 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը, ե­տին թո­ղե­լով ի­րենց ինչ­քե­րը եւ ըն­տա­նե­կան կա­պե­րը ա­պա­ւէն գտան Ե­գիպ­տո­սի զա­նա­զան փոքր քա­ղաք­նե­րու մէջ:

Եղ­բայր Հայկ Ճըլ­տը­րեան ծնած է Թան­թա, Ե­գիպ­տոս: Յա­ճա­խած է Ֆրան­սա­կան դպրոց£ Սկսած է գոր­ծի՝ թարգ­մա­նե­լով դա­տա­կան օ­րի­նա­կան թուղ­թեր, ա­պա Ա­ղեք­սադ­րիոյ Barclay դրա­մա­տու­նը, ուր աշ­խա­տած է 23 տա­րի­ներ, ﬕնչեւ Գա­նա­տա գաղ­թե­լը:

Ըն­կե­րու­հի Ա­նա­հիտ Թու­մա­յեան Ճըլ­տը­րեան ծնած է Տա­ման­հուր, Ե­գիպ­տոս: Հա­ճա­խած է Անգ­լիա­կան եւ Ֆ­րան­սա­կան դպրոց­ներ£ 1955ին, 21աﬔայ Ա­նա­հի­տը քա­ջու­թեամբ կ­’ա­մուս­նա­նայ այ­րի Հայկ Ճըլ­տը­րեա­նին հետ եւ անոր եր­կու աղ­ջիկ­նե­րուն 8աﬔայ Ար­տեﬕսին եւ 2աﬔայ Սո­նիա­յին կը դառ­նայ գուր­գու­րա­ցող եւ ­հետե­ւող մայր: Իր բազ­մա­կող­մա­նի տա­ղանդ­նե­րը ձե­ռա­գոր­ծի, հիւս­կի, ա­րո­ւես­տի, խո­հա­նո­ցի փո­խան­ցած է ա­նոր աղ­ջիկ­նե­րուն:

Ճըլ­տը­րեան ա­մո­լը կ­’ու­նե­նան Ա­րան, որ կը դառ­նայ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը£ 1963ին անոնք ­կը գաղ­թեն Գա­նա­տա եւ ­կը հաս­տա­տո­ւին Թո­րոն­թօ: Եր­կուքն ալ ի­րենց լե­զու­նե­րու գի­տու­թիւ­նը եւ ­կա­րո­ղու­թիւ­նը կը գոր­ծա­ծեն ի­րենց գոր­ծե­րուն մէջ£ Եղ­բայր Հայկ ե­ղած է Թո­րոն­թո­յի ՀՄԸ­Մի ա­ռա­ջին ա­տե­նա­պե­տը£ Ան իր գոր­ծե­լա­կեր­պով հաﬔրաշ­խու­թիւն եւ ­նո­ւի­րում ներշն­չած է ՀՄԸՄի եղ­բայր-  քոյ­րե­րուն: «Բարձ­րա­ցիր Բարձ­րա­ցուր» ՀՄԸ­Մի նշա­նա­բա­նը իւ­րա­ցու­ցած է իր ազ­գա­յին եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քին մէջ: Իր զո­ւա­ճա­խօ­սու­թեամբ դրա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծած է: Հայկ եւ Ա­նա­հիտ Ճըլ­տը­րեան ա­մո­լը ի­րար հետ գոր­ծակ­ցած են ՀՄԸ­Մի եւ ՀՕ­Մի ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ջողց­նե­լու հա­մար: Ի­րենց նպաս­տը դրած են, որ Հայ Կեդ­րոն ըլ­լայ հաս­տա­տուն, ջերմ եւ հա­յա­շունչ, թէ ա­ռա­ջին կեդ­րո­նին՝ Տիւ­փոն փո­ղո­ցի, եւ յե­տա­գա­յին Հոլք­րաու­նի մէջ:

Փոքր օ­րի­նակ մը. ՀՄԸ­Մի կազ­մա­ւոր­ման ա­ռա­ջին օ­րերն է: Սկաուտ­նե­րը տո­ղանց­քի պի­տի մաս­նակ­ցին: Յան­կարծ կ­’անդ­րա­դառ­նան, որ սկաուտ­նե­րը յա­տուկ փող­կապ­ներ չու­նին եւ ժա­մա­նակ չկայ: Եղ­բայր Հայկ կը դի­մէ իր կնոջ Ա­նա­հի­տին: նեք­նա­յար­կի փինկ փոն­կի սե­ղա­նը կը վե­րա­ծեն աշ­խա­տա­նո­ցի: Ըն­կե­րու­հի Ա­նա­հիտ եւ իր աղ­ջիկ­նե­րը ﬕնչեւ ա­ռա­ւօտ կը ձե­ւեն, կը թե­լա­կա­րեն, կը կա­րեն, կ­’ար­դու­կեն եւ կը հասց­նեն հայ սկաուտ­նե­րուն, որ­պէս­զի հպար­տու­թեամբ եւ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ տո­ղանց­քին մաս­նակ­ցին:

Հայ­կին օ­րի­նա­կով, իր աղ­ջիկ­նե­րը Ար­տեﬕսը եւ Սո­նան խմբա­պե­տու­հի­ներ ե­ղան, Ա­րան Սկաու­տա­կան շար­քե­րը ան­ցաւ: Ա­նա­հիտ վա­րած է ՀՕ­Մի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն­ներ, տօ­նա­վա­ճա­ռի եւ այլ յանձ­նա­խում­բե­րու մէջ դրած է իր յա­տուկ դրոշ­մը: Իր լե­զու­նե­րու կա­րո­ղու­թեամբ եւ ձե­ռա­յին ա­րո­ւես­տի տա­ղան­դով իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է, իսկ հե­զա­համ­բոյր նկա­րա­գի­րով գոր­ծակ­ցած է տար­բեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու հետ£ Բո­լո­րէն սի­րո­ւած էր ան­կեղծ ժպի­տով եւ ա­նոյշ խօս­քով այս ըն­կե­րու­հին: Ա­ւե­լի քան 50 տա­րի­ներ ան­դա­մակ­ցած է ՀՕ­Մին:

Esther Bryan ա­նու­նով Գա­նա­տա­ցի մը գա­ղա­փա­րը կ­’ու­նե­նայ quiltի վրայ Գա­նա­տա­յի բո­լոր ազ­գա­յին խմբակ­նե­րուն մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տան­քը կազﬔլ: ՀՕ­Մին ալ կը դի­մէ£ Ա­րո­ւես­տա­գէտ Յա­կոբ Ճան­պա­զեա­նը կը գծէ նա­խա­գի­ծը: Այդ փոքր քա­ռա­կու­սի կտո­րին վրայ Ճըլ­տը­րեան հայ­կա­կան զա­նա­զան ձե­ռա­գործ­նե­րու ձե­ւե­րով ի­րա­կա­նա­ցուց Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիի գմբէ­թը, խա­չը, ԱԲԳ տա­ռե­րը եւ Ա­րա­րա­տը, իսկ շրջա­նա­կեց խա­ղո­ղի տուն­կե­րով եւ տե­րեւ­նե­րով: Quilt of Belonging կը կո­չո­ւի այս հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը, կը ցո­լաց­նէ 150 ազ­գա­յին խմբակ­ներ եւ Գա­նա­տան կը ներ­կա­յաց­նէ իր բազ­մամ­շա­կու­թա­յին ե­րե­սով£ 6 տա­րի­ներ ա­ռած է ﬕնչեւ վեր­ջա­ցած է այս140 ոտք լայն­քով եւ 12ոտք հա­սա­կով գլուխ գոր­ծո­ցը: Գա­նա­տա­յի մէկ ծայ­րէն ﬕւսը փո­խադ­րո­ւած եւ ցու­ցադ­րո­ւած է: Այժմ Օթ­թաո­ւա­յի պատ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ է: Ա­նա­հի­տին ձե­ռա­յին տա­ղան­դը ար­ժա­նի իբրեւ հիաց­մուն­քի ա­ռար­կայ թան­գա­րա­նի մէջ ըլ­լա­լու£ Ու­շադ­րու­թեամբ գոր­ծո­ւած փոքր քա­ռա­կու­սին կը ներ­կա­յաց­նէ ﬔր մ­շա­կոյ­թի զա­նա­զան կողﬔրը:

2004ին անոնք իրենց զաւակը՝ Ա­րան, կորսն­ցու­ցին խլիր­դէն: Եր­կու­քին ալ ﬔծա­պէս ցնցեց այս կան­խա­հաս մա­հը: Հայ­կը ան­համ­բեր սպա­սեց իր ﬕւս­ աշ­խարհ եր­թա­լու «ար­տօ­նագ­րին»: Ա­նա­հի­տը վեր­ջին 6 տա­րի­նե­րուն տա­ռա­պե­ցաւ Alzheime։ հի­ւան­դու­թիւ­նէն:

Ի­րենց դուստ­րե­րը Ար­տեﬕսը եւ Սո­նան, թոռ­նիկ­նե­րը Լո­րան եւ Մայ­քը­լը, ծոռ­նե­րը Լի­լին եւ Ա­նիան պի­տի յի­շեն ի­րենց ծնող­քին սէ­րը, գուր­գու­րան­քը եւ ըն­տա­նե­կան մթնո­լոր­տը: Իսկ ՀՄԸ­Մա­կանները պի­տի յի­շեն այս հիﬓա­դիր զոյ­գին ան­վախ եւ ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մը: Այժմ եր­կուքն ալ ﬕա­ցած են Ա­րա­յին եւ ու­րախ ու գոհ են տես­նե­լով ՀՄԸ­Մի եւ ՀՕ­Մի շար­քե­րուն վե­րել­քը եւ շա­րու­նա­կա­կան նո­ւա­ճուﬓե­րը: