Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Անխափան Գործունէութիւնը Անցեալէն Այսօր


Պատմական Ակնարկ

Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, իր հիմնադրութեան օրէն իսկ, զանազան միջոցներով օժանդակած  է Թորոնթոյի գաղութի ընկերային կարիքներուն: 

Յետագային,  գաղութին ուռճացումով  եւ օր ըստ օրէ ծաւալող կարիքներուն  պատճառով անհրաժեշտութիւն նկատած է հիմնել ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը՝ Մայիս 1987-ին: 

Հիմնադրութեան  առաջին տասը տարիներու ընթացքին գրասենեակը գործած է կամաւոր անձնակազմով, իսկ յետագային վճարովի՝ մասնաժամ դրութեամբ:  

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի անձնակազմը,  զգայուն մօտեցումով, բծախնդրութեամբ եւ խիստ գաղտնապահութեամբ կը ծառայէ Թորոնթոյի գաղութի ընկերային բարօրութեան համար: 

Նպատակ 

ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբի նպատակն է օժանդակել Թորոնթոյի գաղութին՝ նպաստելով ընտանիքներու, երէցներու, երիտասարդներու, մանուկներու եւ կանանց՝ ընկերային, առողջապահական եւ նիւթական կարիքներուն: 

Գրասենեակը ունի մէկ վճարովի պաշտօնեայ եւ յանձնախումբ մը, որ կազմուած է կամաւորներէ:  

ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը պաշտօնական ներկայացուցիչն է Fieldstone Commons Care Community ծերանոցի «Արարատ» բաժնին, ուր պատսպարուած են հայ երէցներ:  

Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը ամսական դրութեամբ այցելութիւն կը կատարէ եւ հայկական ճաշեր կը մատակարարէ հայ երէցներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին հետ ներկայ կը գտնուի տօնական առիթներուն:

Կ’ուզեմ նշել, թէ մեր կամաւորները կ’այցելեն նաեւ հայ երէցներուն` Bayview Extendicare եւ North York Seniors Centre  ծերանոցներուն մէջ:

 Դժբախտաբար, Քորոնա  համավարակի պատճառած զգուշացումներու պատճառով մեր այս շատ կարեւոր աշխատանքը առայժմս գրեթէ դադրած է: Անհամբեր ենք, որ առողջապահական պայմանները արտօնեն մեզի վերաշխուժացնելու մեր այս ծրագիրը:   

Մենք կը համագործակցինք կառավարական, հանրային եւ անձնական գրասենեակներու հետ: Մեր ծառայութիւնները կ’ըլլան անվճար: 

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը զանազան ձեւերով կ’օգնէ գաղութիս անդամներուն, ինչպէս՝ 

  • Կարիքի համաձայն՝ պէտք եղած ուղղութիւններ տալու եւ պետական կամ այլ գրասենեակներու հետ կապի մէջ դնելու։ 
  • Նամակներու եւ փաստաթուղթերու վերլուծումի կամ թարգմանութեան օգնութիւն մատուցելու։ 
  • Հայախօս պաշտօնեայ կամ օգնական գտնելու։   
  • Տեղեկութիւններ հայթայթելու շարք մը նպաստներու մասին եւ օգնել ամբողջացնելու զանազան դիմումնագրեր, ինչպէս՝  

     
    • Ծերանոցներու դիմումնագիր։  
    • Անգործութեան ապահովագրութեան (EI) դիմումնագիր։  
    • Ապաստանեալի ճամբորդական փաստաթուղթի (Refugee Travel Document) դիմումնագիր։  
    • Մշտական կեցութիւն (Permanent Resident) նորոգելու դիմումնագիր։ 
    • Գանատական քաղաքացիութեան (Canadian Citizenship) դիմումնագիր։ 
    • Թորոնթոյի Մանկանց հոգատարութեան նպաստի ( Toronto Child Care Subsidy) արձանագրութիւն։ 
    • Օնթարիոյի Ուսումնական օժանդակութեան յայտագիրի (OSAP) դիմումնագիր։ 
    • Wheel Trans-ի արձանագրութիւն։
    • Օնթարիոյի ելեկտրական օժանդակութեան ծրագրի (OESP) դիմումնագիր։ 
    • Բնակարանի նպաստօգնութեան առցանց դիմումնագիր (MyAccesstoHousingTO)։ 
    • Ընկերային ծառայութեան օժանդակութեան (Social Assistance) այլազան դիմումնագրեր։  
    • Նորածին մանուկի ծննդեան արձանագրութիւն։ 
    • Հաշմանդամներու օժանդակութեան (ODSP) դիմումնագիր։ 

 Այս տարուան նախաձեռնութիւնները . 

1 – Օգոստոս եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ներկայացուցինք կարճ տեսաերիզներ: 

Շնորհակալութիւն Պր. Հրանդ Մաթոսեանին սոյն ներկայացումներուն համար.  

– Հաշմանդամութեան տուրքին մասին (Disability Tax Credit)։ 

-Հաշմանդամներու յատուկ խնայողութեան հաշուի մասին՝ Registered Disability Savings Plan (RDSP) 

2 – Դեկտեմբերին՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնակատարութիւն։ 

Հաւատարիմ մնալով մեր առաքելութեան եւ մեր երէցներու կեանքի որակը միշտ բարձր պահելու նպատակով, 8 Դեկտեմբեր 2021-ին, մասնաճիւղիս Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբը այս տարի եւս նշեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնը Fieldstone Commons-ի «Արարատ»’ բաժնին մէջ:  Տաքուկ ընկերային եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, մեր երէցները վայելեցին զուարճալի պահեր՝ ճոխացած երգով, նուագով եւ ծիծաղով: Կաղանդ Պապուկն ալ իր այցելութեամբ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ ներկաներուն նուէրներ բաժնեց՝ տաքուկ գուլպաներ, ծածկոցներ, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքով պատրաստուած Ամանորի բացիկներ: 

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Ս. Աստուածածին Առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Ծ. Վրդ․ Վարդան Արք. Թաշճեանին, որ իր աղօթքներով եւ օրհնութեամբ հոգեպէս ներշնջեց ներկաները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Գոլոլեան Ամէնօրեայ վարժարանի 4-րդ կարգի աշակերտները, որոնք իրենց պատրաստած Ամանորեայ գեղեցիկ եւ գունագեղ բացիկներով ուրախացուցին մեր երէցները: 

Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Fieldstone Commons-ի անձնակազմին, որ ճիգ չի խնայեր հոգ տանելու մեր երէցներուն: 

Յանձնախումբս նաեւ այցելեց Bayview Extendicare եւ North York Senior’s Centre-ի մէջ եղող մեր երէցները եւ նուէրներ բաժնեց անոնց : 

3 – Կաղանդչէք  

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը, ինչպէս միշտ, Հայ Ընտանիքին կողքին է՝ յատկապէս Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնական օրերուն. այս առիթով էր, որ դիմեցինք մեր անդամներուն եւ համակիրներուն ու մեր նուիրատուներու աջակցութեամբ յաջողեցանք օգնել 4 Հայ ընտանիքներու: 

 4 – Տարետուրքի պատրաստութեան կրպակ (Tax Clinic)  

13 Մարտ 2022-ին, մեր գրասենեակէն ներս կազմակերպած էինք տարետուրքի պատրաստութեան կրպակ: Փափաքողները կրցան ժամադրութեամբ տեսնուիլ հայախօս հաշուապահին հետ եւ իրենց 2021-ի վերաբերած թղթածրարները ներկայացնել իրեն: Շնորհակալութիւն Պրն. Ճօն Սադուրիին՝ իր սիրայօժար աշխատանքին՝ ի նպաստ ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին։ 

 5 – Covid-19 Antigen Rapid Test Kits-ի բաշխում 

Կրցանք ապահովել բաւական մեծ թիւով Covid-19 Antigen Rapid Test Kits: Բաշխումը սկսանք կատարել Ապրիլ 2-ին, ՀՕՄի անդամական ժողովի ընթացքին։ Այս աշխատանքը կը շարունակուի՝ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի եւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու միջոցաւ: 

 6 – Ուտեստեղէնի հաւաք  

Ի նպաստ «North York Harvest Food Bank»-ի,  

Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին, 

2022-ի Մարտ 5-էն –Ապրիլ 25-ը,

Շնորհիւ ՀՕՄի ընկերուհիներուն եւ գաղութի նուիրատուութիւններուն, North York Harvest Food Bank-ին յանձնեցինք շուրջ 580 lb ուտեստեղէն: 

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառ (Նոյեմբեր 6-7) 

Մեր յանձնախումբի անդամները ներկայ էին ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառին: Մեր նպատակն էր մեր գաղութի անդամներուն հետ առընչուիլ, անոնց  ծանoթացնել մեր աշխատանքները եւ պատրաստ ըլլալ անոնց հարցումներուն պատասխանելու՝ կարելիութեան սահմաններուն մէջ: 

Ինչպէս բոլորս գիտենք, Քորոնա համավարակը զանազան դժուարութիւններու տեղիք տուաւ, կասեցուց կամ դանդաղեցուց շատ մը աշխատանքներ եւ բազմաթիւ գործատեղիներ ու գործատէրեր վնասներու ենթարկուեցան:  Ուրախ ենք յայտնելու, թէ մենք կարցանք արագօրէն եւ ամենայն ճկունութեամբ համակերպիլ օրուան փոփոխակի պայմաններուն: Մեր գրասենեակին աշխատանքները եւ ժամադրութիւնները ընթացան բաւական հեզասահ՝ ըլլայ գրասենեակէն ներս (երբ արտօնուած էր) եւ կամ առցանց: Մեր այցելուներու եւ անձնակազմին առողջապահական անվտանգութիւնը ապահովելու միտումով պէտք եղած քայլերը առած ենք:  

Նախատեսուած ծրագիրներ  

Կազմակերպած ենք «Մեծահասակներու Անվտանգութիւնը Տան Մէջ» (Safety at Home for Aging Adults) խորագրով ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ, 5 Յունիս 2022-ին, կ.ե. ժամը 2-ին: Ձեռնարկին նպատակն է բացատրել եւ ցոյց տալ, թէ ի՞նչ պայմաններ եւ ձեւեր կարելի է որդեգրել տան մէջ ապրող մեծահասակներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ՝ ցուցմունքներ տալ, թէ ինչպիսի՛ օգնութիւններու կարելի է դիմել: Կը ջանանք, որ այս նախաձեռնութիւնը օգտաշատ ըլլայ շատերու համար (մեծահասակներ, մեծահասներու ընտանիքի անդամներ կամ հոգատարներ): Ձեռնարկը երկլեզու պիտի ըլլայ, իսկ մուտքը՝ ազատ: Հրաւիրուած էք բոլորդ: 

Մեր տեղեկութիւնները յաճախ ստանալու համար, կը խնդրենք որ «Like» ընէք մեր դիմատետրի էջը՝ ARS Social Services Office – Toronto 

Գրասենեակին հասցէն 

ARS Social Services 

Armenian Community Centre 

 45 Hallcrown Place 

Willowdale, Ontario M2J 4Y4 

Գրասենեակը բաց է ամէն օր, Երկուշաբթի օրուընէ մինչեւ Ուրբաթ: 

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակը միշտ պատրաստ է մեր գաղութի անդամներու յարափոփոխ պէտքերուն օժանդակելու` մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Կը քաջալերենք, որ բոլորդ դիմէք մեզի, առանց տատամսումի:   

Հեռաձայն՝ 416-495-0644   

Ե-Նամակ՝ arssocialservices@gmail.com 

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր կամաւորներուն եւ համակիրներուն: 

Սիլվի Օհանեան

Ատենապետուհի՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբի