Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 2017ի Տարեկան Տօնավաճառ


Վար­դու­հի Պար­տագ­ճեան


Հայ Օգ­նու­թէան Միու­թեան Թո­րոն­թո­յի «Ռու­բի­նա» Մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Տօ­նա­վա­ճա­ռի յանձ­նա­խում­բի ի­րա­գոր­ծու­մով` Նո­յեմ­բեր 4ի ա­ռա­ւօ­տեան` Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղի Տա­րե­կան Տօ­նա­վա­ճա­ռի բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը:

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Ս.Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Գե­ղարդ Ծ. Վրդ. Քիւս­պէ­քեան, Կո­մի­տաս Ա­ւագ. Քա­հա­նայ Փա­նո­սեան, ՀՅԴ «Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէի հեր­թա­պահ Վա­չէ Գը­լը­պո­զեան, ՀՕՄի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Վար­սե­նիկ Սար­գի­սեան, ՀՕՄի Գա­նա­տա­յի Շրջ․ Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Նա­թա­լի Մա­նու­կեան, Սիլ­վի Օ­հա­նեան, քոյր միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ հիւ­րեր եւ ՀՕՄու­հի­ներ:

Տօ­նա­վա­ճա­ռի Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով բաց­ման խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց ա­տե­նա­պե­տու­հի Յաս­միկ Բա­բի­սեան: Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ վար­չու­թեան կա­տա­րած ներդ­րում­նե­րուն, ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թեան ի խնդիր, բարձր գնա­հա­տեց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք հա­ւատ­քով, ծա­ռա­յու­թեան յանձ­նա­ռու­թեամբ, զո­հո­ղու­թեան ո­գիով, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն սոյն աշ­խա­տան­քը ի­րա­գոր­ծե­ցին: Ինչ­պէս նաեւ  սու­րիա­հայ ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ո­րոնք չզլա­ցան ի­րենց նո­ւի­րա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու :

Ան ը­սա․ ” Տօ­նա­վա­ճա­ռը մաս­նա­ճիւ­ղիս մե­ծա­գոյն ձեռ­նարկն է: Եր­կար ա­միս­նե­րու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քէն գո­յա­ցած հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի ՀՕՄի ա­ռա­քե­լու­թեան ծա­ռա­յող ծրա­գիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ նոր սե­րուն­դի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան գո­յա­տեւ­ման ե­րաշ­խի­քը հան­դի­սա­ցող ՀՕՄի Ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին, ո­րուն ծով կա­րիք­նե­րուն օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու նպա­տա­կով ՀՕՄի «Ռու­բի­նա» Մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը տա­րե­կան յատ­կա­ցում  մը կը կա­տա­րէ:

«Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան» կո­մի­տէու­թեան հեր­թա­պահ Վա­չէ Գը­լը­պո­զեան գնա­հա­տեց մաս­նա­ճիւ­ղին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, սրբա­զան աշ­խա­տան­քը, վեր­յի­շե­լով Սու­րիա­հա­յու­թեան ներգ­րա­ւու­մը ՀՕՄի շար­քե­րէն ներս:

ՀՕՄի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ի­ռէն Թի­լի­մեան ներ­կա­յա­ցուց 2017 տա­րեշր­ջա­նի Տօ­նա­վա­ճա­ռի բաց­ման ժա­պա­ւէ­նի հատ­ման պա­տո­ւին ար­ժա­նա­ցած վաս­տա­կա­շատ ըն­կե­րու­հի Զա­րուկ Չա­տը­րեա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը: Ան վեր ա­ռաւ ա­նոր ծա­ռա­յա­սէր, աշ­խա­տու­նակ ո­գին, եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տա­կը ՀՕՄի շար­քե­րէն ներս, ո­րուն ան­դա­մակ­ցած է 1981ին, նախ որ­պէս ԼՕԽի ան­դամ, ա­պա շա­րու­նա­կե­լով  իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ՀՕՄի «Ռու­բի­նա» Մաս­նա­ճիւ­ղի ընդ­մէ­ջէն: Չա­տը­րեան 2016ին ար­ժա­նա­ցած է 35 տա­րի­նե­րու ան­դա­մակ­ցու­թեան զար­դա­սե­ղին: Զա­նա­զան պաշ­տօն­նե­րու կող­քին, ան եր­կար տա­րի­ներ մաս կազ­մած է Տօ­նա­վա­ճա­ռի յանձ­նա­խում­բին: ՀՕՄը միշտ ե­ղած է իր սրտին մօ­տիկ:

Հայր Սուր­բի օրհ­նու­թեամբ Տօ­նա­վա­ճա­ռը բա­ցո­ւած յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ՝ եր­կու օ­րե­րու տե­ւո­ղու­թեամբ:

Մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 հայ թէ օ­տար տա­ղա­ւար­նե­րէն, ո­րոնք զի­րար կը գե­րա­զան­ցէին ի­րենց ճո­խու­թեամբ, իւ­րա­յա­տուկ էր ՀՕՄի հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րը« որ կը յատ­կան­շո­ւէր հայ­րե­նի­քէն բե­րո­ւած ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու բարձր ո­րա­կով:

ՀՕՄի կրպա­կը այ­ցե­լո­ւին հրամ­ցուց տպա­ծոյ ան­ձե­րոց­նե­րու եւ այլ ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու՝ յատ­կա­պէս տօ­նա­կան ա­ռիթ­նե­րու հա­մար պատ­րաս­տո­ւած ո­րա­կա­ւոր հա­ւա­քա­ծոյ մը:

Իսկ ՀՕՄի խո­հա­նո­ցը՝ շնոր­հիւ նո­ւի­րեալ ՀՕՄու­հի­նե­րու փոր­ձա­ռու եւ բծախն­դիր աշ­խա­տան­քին, հա­րուստ էր հայ­կա­կան տոհ­միկ հա­մա­դամ ճա­շե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու տե­սակ­նե­րով, ո­րոնք գնա­հա­տո­ւե­ցան հայ թէ օ­տար գնորդ­նե­րու կող­մէ:

Սրա­հին գա­ւի­թի մա­սը յատ­կա­ցո­ւած էր փոք­րիկ­նե­րու յա­տուկ յայ­տագ­րին:

Այս տա­րո­ւան վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը կը պա­րու­նա­կէր զա­նա­զան տե­սա­կի պար­գեւ­ներ, ո­րոնց­մով բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան գա­ղու­թին ան­հատ­ներ:

Ան­նա­խըն­թաց տա­րի մըն էր, զոր բո­լո­րեց ՀՕՄի «Ռու­բի­նա» Մաս­նա­ճիւ­ղը՝ յանձ­նա­ռու ո­գիով եւ նո­ւի­րու­մով: Միշտ հա­ւա­տա­լով, որ ՀՕՄի նո­ւի­րեալ­նե­րու գոր­ծե­րուն վաս­տա­կը պի­տի դառ­նայ կա­նա­ցի այս հզօր կազ­մա­կեր­պու­թեան հպար­տու­թեան դափ­նեպ­սա­կը: