“Goodbye Antoura” Գիրքի Շնորհահանդէս


Արշօ Զաքարեան


Անհամբեր կը սպասենք Հոկտեմբեր 2ին` Գառնիկ Բանեանի (1910-1989) «Յուշեր Մանկութեան և Որբութեան» գիրքի անգլերէն թարգմանութեան` “Goodbye Antoura” գիրքի շնորհահանդէսին։  Արդէն իմացած ենք Financial Times-ի խմբագրապետին կողմէ գիրքին արժեւորումին մասին, որպէս գրական գոհար։ «Այս անձնական յիշատակներէն աւելի է։ Գ. Բանեան գրական ստեղծագործութեամբ կրցած է թափանցել անհատի, ընտանիքի, ազգի եւ մարդկութեան եւ ինքնութեան իմաստի իսկութիւնը», կը գրէ պատմագէտ Րիչըրտ Յովհաննէսեան։ Իսկ Brown համալսարանի նախկին տնօրէն Վարդան Գրիգորեան գիրքին նախաբանին մէջ կը գրէ հետեւեալը․ «Յիշողութիւնը կարելի չէ փճացնել, իրականութիւնը ուրանալ…այս գիրքը արտակարգ եւ անմոռանալի է։ Անհրաժեշտ միջոց է արթնցնելու մեր խիղճերը, պահպանելու մեր մարդկութիւնը եւ միասնականութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ցեղասպանութեան ենթարկուած են»։

 

Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրադարան-գրատարածի յանձնախումբը Պոսթոնէն հրաւիրած է տիկին Հուրի Բանեան Պոյամեանը՝ հեղինակին դուստրը։ Ան իր քրոջ Շաղիկին հետ պատասխանատուութիւնը ստանձնած է գիրքը թարգմանել տալուն եւ միջոցներ գտնելուն, որ Stanford University Pressի նման հեղինակաւոր հրատարակչատուն մը հրատարակէ զայն։

Օրուան հանդիսավարն է ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի փոխ-տնօրէն եւ Sara Corning Genocide Studiesի ղեկավար Րաֆֆի Սարգիսեան։ Նախաբանին մէջ ան կ՚անդրադառնայ որբացած սերունդի ծանր պարտականութեան, գոյատեւելու, պահելու լեզուն, մշակոյթը և կայուն հիմքերու վրայ կազմաւորելու սփիւռքը։ Այս հսկայական աշխատանքին ներազդեցութեամբ՝ այսօր հայութեան ինքնութիւնը, դատը և պահանջատիրութեան եռանդը ոչ միայն կը գոյատեւեն այլեւ կը զարգանան։ Սարգիսեան նման յուշերու կարեւորութիւնը կը նշէ, որովհետև անհատական փորձառութիւնները քով քովի գալով կը ներկայացնեն մեր հաւաքական պատմութիւնը եւ կ՚արտայայտեն ցեղասպանութեան իսկական տեւական հետեւանքները, ցաւերը և կորուստները։ Ապա ամփոփ կը ներկայացնէ Գառնիկ Բանեանի կենսագրութիւնը․ ծնած է Սեբաստիոյ Կորիւն շրջանի Ձախ Ձոր գիւղը, հինգ տարեկանին ենթարկուած է տեղահանութեան եւ անապատի ճամբուն վրայ որբացած։ Ճեմալ Փաշայի կազմակերպած հարիւր հազարաւոր հայ որբերու հաւաքին ընթացքին փոխադրուած է Անթուրայի որբանոցը, ուր ենթարկուած է թրքացումի ահաւոր վտանգին։ Ապա, ազատելով այդ դժոխքէն փոխադրուած է Ժպէյլի որբանոցը։ Սորված է արհեստ, ապա իր ուժերով 1935ին Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եղած է։ Դաստիարակ, գիրքերու հեղինակ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխ տնօրէն։ Եղած է հիմնադիր անդամ շրջանաւարտից միութեան եւ «Ակօս» պաշտօնաթերթի խմբագիր։ Նաեւ գործօն համազգայնական, Ազգային Իշխանութեան անդամ և ատենապետ։ Բանեան իր ներդրումը ունեցած է Ազգային Երեսփոխանական կեանքին։

Ապա իր աշակերտներէն Վազգէն Թերզեան կը պատմէ դրուագներ դպրոցական յիշատակներէն, նաեւ կ՚անդրառնայ Ճեմարանի դերին՝ ազգային գիտակցութեան կազմաւորման մէջ։

Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լեւոն Տանայեան, դաշնակի վրայ նուագելով երկու երգ։ ՀՕՄի ամէնօրեայ երկրորդականի 12րդ կարգէն Մհեր Գրաճեան կը կարդայ Բանեանի ծննդավայրին մասին,  ուր ան անցուցած է իր կեանքին առաջին հինգ տարիները ջերմ և բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ, զարմանալի կերպով կը յիշէ բուրմունքները, հոգատարութիւնը եւ բնութիւնը։ Արազ Տէր Օհանի կը ներկայացնէ հայ որբերը, որոնք անօթութեան չդիմանալով կ՚ուտէին միջատներ, կը խմէին մելան, կ՚ենթարկուէին մահացու «ֆալախա»ներու և անմարդկային վերաբերումի։

Սարգիսեան կը հրաւիրէ Հուրի Բանեան Պոյամեանը, որ 1988էն ի վեր կը վարէ Ուոթըրթաունի Սբ. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ան պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոց մետալով Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ և Զապէլ Թագուհիի մետալով ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Ուսումի ասպարէզէն ներս առաւելագոյնս տալու համար, վերադարձած է համալսարան եւ Մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է։ Իր ջանքերով, Ս. Ստեփանոս վարժարանը դարձած է առաջին որակաւորուած Հայ դպրոցը Նիու Ինկլընտի անկախ վարժարաններուն մէջ։  Այլ խօսքով իր հօր օրինակով՝ լաւագոյն ձեւով եւ մեծ նուիրումով հայ աշակերտի դաստիրակութեան կը ծառայէ։

Հուրի Բանեան Պոյամեան կը բացատրէ երեք կարևոր պատճառները այս գիրքը Անգլերէնի թարգմանել տալուն․ առաջին՝ հայ որբերը թրքացնելու ազգակործան գործը քիչերուն յայտնի է․ անգլերէնով աւելի լայն հայ և օտար ընթերցողներու պատմաբաններու եւ մանաւանդ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մասնագէտներուն հասնիլ, երկրորդ՝ այս գիրքով մեր պահանջատիրութեան ջանքերուն նպաստել, իսկ երրորդ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ոգեկոչել հայ որբերուն պայքարը, զոհողութիւնը ինքնութիւն պահելու եւ կառչելով իրենց արմատներուն՝ սփիւռք կազմելու հսկայ աշխատանքին։ Յայտագիրի ընթացքին կարեւոր եւ պատմական լուսանկարներ ցոյց կը տրուին պաստառին վրայ, ինչպէս Քեմալ Փաշայի այցելութիւնը որբանոց, Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտները եւ ուսուցիչները, ազգային խորհուրդի ժողովը Երուսաղէմի մէջ երկու կաթողիկոսներու, Անթուրայի անշիրիմ որբերուն համար նորակառոյց խաչքարը եւայլն։

Ձեռնարկի աւարտին, կազմակերպող յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Ակինեան, իբր յուշանուէր՝ From the red desert to Jerusalem գիրքէն օրինակ մը կը յանձնէ Հուրի Բանեան Պոյամեանին։

Գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը Սիմոն Պէօճէքեանի բծախնդիր աշխատանքն է։ Գիրքը տրամադրելի է անգլերէնով եւ հայերէնով, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն։