Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանի Հետ


ՀՅԴ Երիտասարդական Գրասենեակը աշխարհասփիւռ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու գործունէութիւնը համադրող եւ համակարգող օղակն է: 12 Մարտ 2020-ին «Թորոնթոհայ»ը հարցազրոյց մը ունեցաւ` աշխատանքային այցով Թորոնթօ ժամանած` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանի հետ` մօտիկէն ծանօթանալու Գրասենեակի գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Հարցազրոյցը վարեց` Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

– Ի՞նչ է Թորոնթօ գտնուելու ձեր հիմնական նպատակը:

– Հիմնական նպատակը երիտասարդական բնագաւառի աշխատանքները համադրելն է տեղւոյն երիտասարդական միաւորներուն` Երիտասարդական Միութեան, Ուսանողական, ինչպէս նաեւ Պատանեկան Միութեան հետ: Երիտասարդական գրասենեակը ունի աշխարհասփիւռ բոլոր միութիւններու գործունէութիւնը համադրելու եւ համակարգելու պարտաւորութիւնը, ուստի իրարու հետ քննելով կարելիութիւնները (ապագայի նկատմամբ) եւ բիւրեղացնելով միտքերը` յառաջիկայ ծրագիրները աւելի նպատակայարմար ձեւով կը նախաձեռնուին: Նպատակներէն մէկն ալ Գրասենեակին կողմէ նախատեսուած, ՀՅԴ Երիտասարդականի քաղաքականութիւնը եւ մեր յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացնելն է:

 

– Հակիրճ ձեւով կը յստակացնէ՞ք Գրասենեակին ծաւալած աշխատանքները:

– Յիշեցնեմ, որ գրասենեակին կից, զանազան ուղղութիւններով  յանձնախումբեր գոյութիւն ունին` դաստիարակչական, ուսանողական, արտաքին յարաբերական, “Դէպի Երկիր” յանձնախումբ․․․: Իւրաքանչիւր յանձնախումբ ունի իր ոլորտը եւ ըստ այնմ աշխատանքներ կը ծաւալէ: Աշխատանքներ ալ կան, որոնք միութիւնները կը նախաձեռնեն. իսկ եթէ այդ աշխատանքները համահայկական բնոյթ ունին, ապա` անոնք կը համադրուին Գրասենեակին հետ: Գրասենեակը ունի իր մշակուած յստակ հայեցակարգը, որ ներկայացուցած էինք Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, ընդհանուր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համահայկական խորհրդաժողովին:

 

– Ո՞րոնք են ՀՅԴ Երիտասարդութեան սկզբունքները եւ յանձնառութիւնները:

– ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը կ’առաջնորդուի երկու հիմնական սկզբունքներով` Հայակեդրոնութիւն եւ Հայաստանակեդրոնութիւն: Հայակեդրոնութեան պարագային` ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը հայկական գաղութներուն հանդէպ ունի պարտաւորութիւններ եւ կատարելիք աշխատանքներ, իր ներդրումը ունենալով տուեալ համայնքի գոյատեւման, զարգացման եւ ընդհանուր գաղութային իրաւունքներու պաշտպանութեան  գործընթացին մէջ: ՀՅԴ Երիտասարդութիւնը այդ ուղղութեամբ առաջնորդն ու դրօշակակիրը ըլլալու յանձնառութիւնը ունի: Հայաստանակեդրոնութեան պարագային` աշխարհասփիւռ մեր միութիւններուն ներուժը կեդրոնացնել Հայաստանի եւ Արցախի վրայ` երկիրը զարգացնելու ուղղութեամբ տանող տարաբնոյթ աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ տարած աշխատանքներով եւ ի վերջոյ հաստատել ընկերային արդարութիւնը:

 

– Կարեւոր այլ պարտաւորութիւններու մասին ի՞նչ կ’ըսէք, ի՞նչպիսի դժուարութիւններ յաղթահարելով կ’ընթանան անոնք:

– Մենք ունինք նաեւ Հայ Դատի բնագաւառը, որուն մէջ ունինք հիմնական դերակատարութիւն. ունինք Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը, որ կ’ըլլայ տարբեր մակարդակներով` տնտեսական, քարոզչական, քաղաքական: Անշուշտ ունինք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացը, որ կը մնայ օրակարգային, այդ ուղղութեամբ արդէն բաւական գործունէութիւն կը ծաւալուի: Ունինք նաեւ Ջաւախքի մեր հայրենակիցներու հարցը եւ այդ առընչութեամբ ունինք պարտաւորութիւններ` հայկական դիմագիծի պահպանման աշխատանքներ տանելու ուղղութեամբ: Թուրք-ազերիական լոպպիի դէմ պայքարը շատ կը կարեւորուի եւ այս մեր հիմնական առաջադրանքներէն մէկն է:

 

– Շատ հսկայածաւալ են ձեր յիշած աշխատանքները:

– Այո՛, մենք այս բոլոր հսկայածաւալ աշխատանքները նկատի առնելով չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ ՀՅԴ Երիտասարութիւնը կրնանք համարել հայ երիտասարդութիւնը առաջնորդող համահայկական ոյժ մը, որ հայկական կեանքէն ներս ունի իր ուրոյն տեղը` հայ երիտասարդութեան յառաջընթացի եւ աշխոյժ մասնակցութեան առումով:

 

– Սփիւռքի հայ երիտասարդներուն հետ համախմբուելու ծրագիր ունի՞ք: Որո՞նք են ապագային իրագործելիք ձեր ծրագիրները:

– Յառաջիկայ Օգոստոս, 3-էն 11-ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Երիտասարդութեան եւ Ուսանողական Միութիւններու համահայկական բանակումը, որուն ընթացքին տարաբնոյթ դաստիարակչական նիւթեր եւ ծրագիրներ պիտի ներկայացուին` աշխարհաքաղաքական,  ներքաղաքական, արտաքին քաղաքական (Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող): Այս նիւթերը այժմէական են ու մեր երիտասարդները պէտք է իրազեկ ըլլան այս ուղղութեամբ: Բանակումի օրերէն մէկը պիտի յատկացուի կազմակերպելու Համահայկական Երիտասարդական ժողով մը, որուն պիտի հրաւիրենք քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասադական միութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ ծառայող երիտասարդները: Ժողովին պիտի քննարկենք 21-երորդ դարուն հայ երիտասարդի ուսերուն ծանրացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ պիտի յստակացնենք հայ երիտասարդութեան դերն ու նշանակութիւնը համազգային իղձերու հետապնդման եւ նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն: Համաժողովի աւարտին (ակնկալութեան համաձայն) պիտի ընթերցուի եւ վաւերացուի համահայկական երիտասարդական հռչակագիր մը, որուն մէջ յստակօրէն պիտի սահմանուի հայ երիտասարդին առաքելութիւնը: Այդ աննախադէպ հռչակագիրը պատմական բնոյթ մը պիտի ունենայ:

Բոլորս ալ կը հաւատանք մեր հայ երիտասարդներու կամքի ոյժին եւ յաջողութիւն կը մաղթենք անոնց տարած նուիրեալ աշխատանքներուն ու հետապնդած ազգանուէր գործունէութիւններուն: