Հանրապետութեան Նախագահին Կինը` Նունէ Սարգսեան Սրտի Վիրահատութեան Ենթարկուած է


Նունէ Սարգսեան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը` Նունէ Սարգսեան, Instegram-ի իր էջին վրայ գրած է, որ սրտի վիրահատութեան ենթարկուած է․

«Վերջերս ունեցայ սրտի վիրահատութիւն Երեւանի Աստղիկ բժշկական կեդրոնի Սրտի վիրաբուժութեան բաժանմունքին մէջ: Շնորհիւ վիրաբոյժ Մհեր Սասունիի, սրտաբան Կարինէ Սարգսեանի, anesthetist Եւա Կրասնիկովայի, նուիրուած լաւագոյն բժիշկներու խումբին եւ կատարելապէս մասնագիտացուած բուժքոյրերու` իմ սիրտը վերականգնուեցաւ, հիմա ապաքինման ընթացքի մէջ է եւ ես հնարաւորութիւն ստացայ նորէն սկսելու իմ կեանքը: Շնորհակալ եմ ամբողջ անձնակազմին: Շնորհակալ եմ նաեւ բոլորին, որոնք ուղարկեցին ծաղկեփունջեր, գիրքեր, բացիկներ, նամակներ եւ բարի մաղթանքներ, որ ինծի շատ օգնեց», գրած է ան:

Նունէ Սարգսեանը արուեստաբան եւ գրող է: ժամանակակից արուեստի, մշակոյթի եւ երաժշտութեան գործիչներու մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ակնարկներու հեղինակ է։

Ան նաեւ գրած է երկու տասնեակէն աւելի մանկական գիրքեր` հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Անոր հեքիաթները լոյս տեսած են ոչ միայն արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, այլ նաեւ` Արցախի, Գաւառի, Գիւմրիի բարբառներով: Որոշ հեքիաթներ բեմադրուած են, մասնաւորապէս «Քաչալ ոզնին, «Թզուկ Մզուկը»։

Տիկ․ Նունէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ նշանակուած է երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան: