Ուիքիփետիան՝ Արեւմտահայերէն․ Հարցազրոյց՝ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա Հարթակի Համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի Հետ


Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

               Ազնիւ Ստեփանեան

Արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելը կը նկատուի մեր կարեւոր խններէն մին:  Այս ծիրէն ներս իրագործուած արդիւնաբեր քայլերը, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական նորարար մեթոտներով մշակուած ծրագիրները ողջունելի են։ Ազատ հանրագիտարան  հանդիսացող Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան՝ իր մշակած հարթակով կը միտի դրական ներդրում ունենալ Արեւմտահայերէնի գոյատեւման ի խնդիր։   

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա հարթակին նոր ծրագիրները իմանալու համար Հարցազրոյց ունեցանք հարթակի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի հետ, որմէ տեղեկացանք հարթակին մանրամասնութիւնները։

 

Հարցում Ո՞ր թուականէն կը գործէ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ներկայի կազմը, իբրեւ ի՞նչ ճանչցուած է ան եւ որո՞ւ հովանաւորութիւնը կը վայելէ։

Պատասխան․ Սկիզբէն մինչեւ օրս Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կը վայելէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օժանդակութիւնը։ 5 Սեպտեմբեր 2020-էն ի վեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրներու կազմը ճանչցուած է իբրեւ Ուիքիմետիա Հիմնադրամի անդամ խումբ «Wikimedians of Western Armenian Language User Group»: Այս մէկը կը նշանակէ, թէ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կը վայելէ հիմնադրամին հովանաւորութիւնը՝ իբրեւ խմբագիրներու անկախ կազմ, որ կը գործէ «Արեւմտահայ գիր ու լեզու» կրթական հասարակական կազմակերպութեան ներքոյ։

 

Հ Ընդհանրապէս ո՞ր երկիրներէն են Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրները։ Ինչպէ՞ս կարելի է խմբագիր դառնալ։

Պ․ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրները սփիւռքի տարբեր գաղութներէ կամաւորներ են, ինչպէս՝ Յունաստանէն, Պէյրութէն, Հալէպէն, Պոլիսէն, Ամերիկայէն, Յորդանանէն, Ֆրանսայէն, Տուպայէն եւ Հայաստանի մէջ ապրող Արեւմտահայերէ։ Խմբագիրներուն մէջ կան հայկական դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, համալսարական ուսանողներ, դպրոցական աշակերտներ, արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, հայագիտական տարբեր հիմնարկներու շրջանաւարտներ, լրագրողներ, յօդուածագիրներ ու թերթերու աշխատակիցներ։

Ուիքիփետիան ազատ ու բաց հանրագիտարան է, իւրանքանչիւր անհատ, որ ունի լեզուի հմտութիւն եւ որոշ նիւթի մը մասին լիարժէք տեղեկութիւն, կրնայ այցելել հարթակ եւ գրանցուիլ։ Տուեալ անձը կրնայ նաեւ տեղադրուած նիւթերուն վրայ որոշ տեղեկութիւններ աւելցնել, եւ հարկ եղած փոփոխութիւններ ալ կատարել։

 

 Հ Յաճախ կըսուի, թէ Ուիքիփետիան հաւաստի աղբիւր մը չէ՝ տեղեկութիւններ քաղելու առումով եւ երբեմն ալ կարելի է հոն վրիպակներու հանդիպիլ ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին։

Պ․ Ըստ Ուիքիփետիայի կանոնագիրին՝ խմբագրուած բոլոր տեղեկութիւնները պէտք է վստահելի եւ հաւաստի աղբիւրներ ունենան, աղբիւրներու չգոյութեան պարագային այդ էջերը ջնջման կ’ենթարկուին: Հարթակին աշխոյժ խմբագիրները նախանձախնդիր են եւ կը փորձեն հետեւիլ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն՝ հարկ եղած միջամտութիւնները ընելու համար։ «User Group» խմբակը, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, կը փորձէ բարելաւել յօդուածներուն մէջ տեղ գտած վրիպակները, ինչպէս նաեւ՝ ստեղծել նորերը։

Կ’ուզեմ նշել նաեւ, որ պարբերաբար կը կազմակերպենք Ուիքի խմբագրաթոն, որ դարձեալ կը ծառայէ նոյն նպատակին՝ բարելաւել հին յօդուածները եւ ստեղծել նորերը։

 

Հ Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ յօդուած մը պէտք է ունենայ վստահելի եւ հաւաստի աղբիւրներ որո՞նք են այդ աղբիւրները։

Պ․ Ուքիփետիայի յօդուածներուն համար հաւաստի աղբիւրներ կը նկատուին Ակադեմակական հրատարակութիւնները, վաւերացուած լրատուական միջոցները, հրատարակուած գիրքերը եւ այլն, բայց ո՛չ դիմատետրի էջերէ եւ պլոկներէ քաղուած տեղեկութիւններ։

 

Հ Ըստ ձեզի , այս հարթակը պիտի կարենա՞յ նպաստել Արեւմտահայերէնի պահպանման։

Պ․ Այո՛, ինչպէս արհեստագիտական նորարար մեթոտներով մշակուած բոլոր այն ծրագիրները, որոնք կը միտին կենսունակ պահել Արեւմտահայերէնը, նոյնպէս ալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան կը փորձէ իր համեստ ներդրումով ծառայել նոյն նպատակին։

 

Հ Անցեալ տարիներուն կազմակերպուած են աշակերտական ճամբարներ եւ դասընթացք հաւաքներ նման ծրագիրներ ունի՞ք նոր գրանցուող անհատներուն խմբագրման ձեւերուն ծանօթացնելու նպատակով։

Պ․ Այո՛, հարթակը շարունակ կը ձգտի իւրայատուկ, արդիւնաւէտ ծրագիրներ մշակել եւ կիրարկել՝ խմբագրման աշխատանքը դիւրամատչելի, ըմբռնելի եւ գործնական դարձնելու համար։ Այդ ծրագիրներէն կարելի է նշել՝ ճամբարները, դասընթացք հաւաքները, ուղեցոյցներ-սահիկները եւ այլն։

Այս առթիւ կ’ուզենք նշել, որ կազմակերպած ենք առցանց դասընթացքներու շարք մը։ Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին դասընթացքներուն մասնակցիլ, կրնան ամբողջացնել հարթակին ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերուն վրայ տրամդրուած դիմում-յայտը։

 

Հ Ինչպէ՞ս կարելի է այցելել Ուիքի հարթակ։

Պ․ Ուիքի հարթակ կարելի է այցելել՝ hyw.wikipedia.org (url) յղումով։ Կարելի է նորոթիւններուն հետեւիլ` այցելելով Ուիքիփետիայի Facebook-ի, Tweeter-ի՝ WarmenianWiki, եւ Instegram-ի՝ WesternArmenianWiki, ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը։

Կ’ուզեմ նշել, որ «Wikimedians of Western Armenian Language User Group»-ին դիմատետրի էջին անունը «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բարեկամներ» է եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի այլ ֆէյսպուքեան էջերու հետ։ Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ելեկտրոնային նամակով, շաբաթական դրութեամբ, «Ուիքի Լրատու»ն ստանալ՝ կրնան արձանագրուիլ Bit.ly/WAWikiSubscription յղումով։

Հ Իբրեւ հարթակի համակարգող, փոխանցելիք ի՞նչ խօսք ունիք հետաքրքուողներուն։

Պ․ Հարթակը միշտ բաց է լսելու բոլոր անհատներուն անձնական գաղափարներն ու առաջարկները։ Բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն իրենց կամաւոր ներդրումը ունենալ այս հարթակին մէջ, կրնան մեզի հետ կապ հաստատել եւ տեղեկանալ խմբագրման ձեւերուն եւ գործիքներուն։ Առ այդ, բոլորիս փափաքն է, որ տարբեր ծիրերու մասնագէտներ եւ լեզուին տիրապետող անձինք մեզի միանան՝ ձեռք-ձեռքի տալով զարգացնելու Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, որ ազատ հանրագիտարան է, ուստի պէտք է ընդգրկէ այլազան եւ բազմազան հայկական եւ օտար նիւթեր։