Հարցազրոյց՝ Արուեստագէտ, Երաժշտագէտ եւ Սոփրանօ Երգչուհի Աթենա Պապայեանի Հետ


Աթենա Պապայեան

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Ուսում եւ մասնագիտութիւն

Ծնած եմ Յունաստան, երեք տարեկանիս ընտանեօք հաստատուած ենք Գանատա։ Երաժշտական կրթութիւնս ստացած եմ ՀԲԸՄի Զարուկեան վարժարանէն, ուր սորված եմ հայկական աւանդական մեղեդիներ և հայրենասիրական երգեր: Կը յիշեմ, որ մանուկ հասակէս ընտանիքիս հետ կը յաճախէինք Թորոնթոյի Ս․ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցի, ուր սորված եմ երգել հայկական շարականներ եւ ութ տարեկանէս սկսեալ երգած եմ եկեղեցւոյ երգչախումբին հետ: Միջնակարգ կրթութիւնս ստացած եմ Cardinal Carter Academy for the Arts Secondary School-էն, ուր առիթը ունեցած եմ աշխատելու հանգուցեալ խմբավար Քերի Ստրատոնի հետ, միեւնոյն ժամանակ,  երկրորդական կրթութիւնս աւարտած եմ առաջին կարգի պատուոգիրներով՝ RCM մակարդակի 10 ձայնով եւ RCM մակարդակի 8 դաշնամուրով: Համալսարանական վկայականս ստացած եմ York University-էն, Bachelor of Fine Arts with Specialized Honours in Classical Voice, ինչպէս նաեւ աւարտած եմ The Glenn Gould School համալսարանը եւ ստացած՝ Graduate Artists Diploma վկայականը:

Մասնակցած ծրագիրները, երգահանդէսները, բեմերը

Որպէս մենակատար ներկայացուցած եմ «Rosina»-ն՝ Rossini-ի Il Barbiere Di Siviglia-ին, «Blondchen»-ը՝ Mozart-ի Die Entfürung aus dem Serail-ին եւ՝ «The Queen of the Night» Mozart-ի Die Zauberflöte-ին մէջ: Ինչպէս նաեւ Carmina Burana-ի սոփրանօ մեներգչուհին հանդիսացած եմ երգելով King Edward Choir երգչախմբին հետ: 2008-2018 թուականներուն, որպէս մասնագէտ անդամ եւ մենակատար, ելոյթ եւ ձայնագրած եմ Juno մրցանակի դափնեկիր «Ottawa Bach Choir» երգչախումբի հետ: Անոնց հետ շրջագայած եմ Մեքսիքա, Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Նիւ Եորք, ինչպէս նաեւ ելոյթներ ունեցած եմ Լայպցիքի Thomaskirche-ի, Լոնտոնի St. Pauls Basilica-ի, Փարիզի Notre Dame-ի եւ Նիւ Եորքի Carnegie Hall-ի մէջ: Յայտնուած եմ իրենց՝ «Twas But Pure Love» ալպոմին մէջ, ինչպէս նաեւ երգչախումբին վերջերս թողարկած ձայնագրութեան մէջ, ուր ներկայացուցինք եւ մարմնաւորեցինք պարոքքօ գրքի երաժշտահաններ Händel-ը, Schütz-ը եւ Bach-ը (Լաւագոյն դասական ալպոմի մենակատար/երգչախումբի մրցանակակիր՝ 2020 Junos-ի մէջ):

Ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներ կամ փափաքներ

Ներկայիս կ’աշխատիմ RBC Wealth Management as an associate։ Այս նոր ոլորտը փորձելով ու սորվելով մեծ հաճոյք կը ստանամ, որովհետեւ կը սիրեմ մարտահրաւէրները եւ ապագային, բացի ուսումնասիրելէն, պիտի վկայուիմ հոնկէ։

Վերջերս կ’աշխատիմ երաժշտական ​​ երկու նախագիծերու  վրայ, որոնցմէ առաջինը համագործակցութիւն մըն է խումբ մը շատ տաղանդաւոր երաժիշտներու հետ, որոնց հետ պիտի ներկայացնեմ հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւն մը, որ պիտի հեռարձակուի Facebook-էն, Սեպտեմբեր 26-ին: Մենք եւս պատրաստած ենք երաժշտական կտորէ  բաղկացած ​​տեսահոլովակ մը, որ նոյնպէս շուտով առցանց կը թողարկուի:

Երկրորդ աշխատած նախագիծս՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի ղեկավարութեամբ իրականացող զուգերգ մըն է, որ կը կատարեմ սիրելի Մինէ Սաթուրեանի հետ։

Որպէս երաժիշտ եւ մենակատար մեծագոյն հաճոյք կը ստանամ տարբեր ժանրեր ուսումնասիրելէ. վերջին մէկ կամ երկու տարուան ընթացքին, տարբեր միջոցառումներու ժամանակ, երգած եմ քանի մը ճազային կատարումներ եւ իսկապէս մեծ հաճոյքով վայելած եմ այդ փորձը, հակառակ անոր որ այս տեսակ երգերը կը տարբերին դասականէն, սակայն շատ հետաքրքրաշարժ են ինծի համար:

Յոյսով եմ, որ 2021 թուականին անհատական ալպոմ մը կ’արձակեմ, որուն շնորհիւ կ’արտացոլայ արուեստս:

 

Համաճարակի բացասական ազդեցութիւնը

Համաճարակի միակ բացասական ազդեցութիւնը այն է, որ ես չեմ կրնար տեսնել քոյրս եւ անոր ընտանիքը, որոնք կ’ապրին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ,  միեւնոյն ժամանակ աւելի շատ ժամանակ կ’անցնեմ ընտանիքիս հետ Թորոնթոյի մէջ, ինչը հիանալի նուէր է ինծի համար: Ո՞վ չի սիրեր մայրիկին պատրաստած համեղ ճաշերը եւ ընտանեկան տաքուկ բոյնը: Համաճարակի պատճառով բախտ ունեցած եմ տունէն աշխատելու, հետեւաբար ամէն օր երկու ժամ չեմ վատներ քաղաքի կեդրոն հասնելու, փոխարէնը՝ այդ ժամանակը կ’օգտագործեմ ստեղծագործելով:

 

Խորհուրդ՝ արուեստասէր նոր սերունդին

Եթե ​​ունիք տաղանդը, շնորհքն ու աջակցութիւնը, ուրեմն անվախ առաջ գացէք եւ ամէն ինչ նուիրեցէք արուեստին, իսկ եթե առիթը չէք ունեցած երաժշտական ​​մասնագիտութիւն ձեռք բերելու, ապա`շարունակեցէք սորվիլ եւ զգայարանքներով շօշափել արուեստը ու ջանք թափեցէք երաժշտութեան միջոցով արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու համար: Ձեր սեփական տան յարմարաւէտ պայմաններուն մէջ  Bach-ի fugue–ը լաւագոյն ձեւով կատարելը նոյնքան գոհացուցիչ է, որքան բեմին վրայ եւ հազարաւոր մարդոց ներկայութեամբ ելոյթ ունենալը։ 

Յիշուելու արժանի ձեռքբերումներ, մրցանակներ եւ յաղթանակներ

Ruby Mercer Por Scholarship կրթաթոշակը ստացած եմ Glenn Gould դպրոցէն, ուր ձայնամարզուած եմ մասնագէտ դասատու` Stephanie Bogle-ի մօտ՝ York-ի եւ GGS-ի մէջ, ինչպէս նաեւ մարզուած եմ մասնագէտ դասատու՝ Brahm Goldhammer-ի մօտ: Ձայնամարզուած եւ վարպետօրէն բեմ բարձրանալու ու հանդէս գալու դասեր (Masterclasses) ստացած եմ մասնագէտ արուեստագէտներէ, ինչպէս՝ Ruth Falcon, Timothy Noble, Adrianne Pieczonka, Wendy Nielson, Monica Whicher, ինչպէս նաեւ այլ նշանաւոր արուեստագէտներէ: Ուսման կրթաթոշակ ստացած եմ  York համալսարանէն,  Sterling Beckwith մրցանակը՝ համալսարանական ուսմանս 2-րդ տարուան ընթացքին, իսկ համալսարանական 3-րդ տարուան ընթացքին՝ համերգներու մրցոյթին եւ York համալսարանի տաղանդներու մրցոյթին York University Talent Award-ը ստացած եւ առաջինը հանդիսանալով պարգեւատրուած եմ։