Հարցազրոյց՝ Համազգայինի Գլաձոր Մասնաճիւղի Ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի Հետ


Թամար Տօնապետեան Գուզուեան

Մշակոյթը հայ ազգը պահպանող հիմնական սիւներէն մէկն է, իսկ Թորոնթոյի Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը կը հանդիսանայ այդ հիմը կանգուն պահող ազդակներէն մին: Ուստի, մեզի համար կարեւոր է տեղեկանալ, թէ ճգնաժամային այս օրերուն ինչպիսի՞ ծրագիրներ մշակած եւ իրագործած է մասնաճիւղը։

Ստորեւ մեր հարցազրոյցը մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի հետ։

Հարցում- Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը իր բազմածաւալ գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կը շարունակէ այս oրերուն։

Պատասխան- Մէկ խօսքով՝ ծո՜վ համբերութեամբ, գիտակից իր ազգօգուտ առաքելութեան, փայլուն ապագայի մը հեռանկարը իր մտապատկերին մէջ։  

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը 11 Մարտ 2020-ին դադրեցուց իր գործունէութեան աւանդական ձեւը եւ օրեր անց՝ որդեգրեց առցանց գործելակերպը, որ կը շարունակէ մինչ օրս։  Մարտի կիսուն, յայտնի չէր տակաւին թէ ի՞նչ կը սպասէր մեզ։ Մէկ օրէն միւսը՝ ինկած էինք աննախադէպ իրավիճակի մը մէջ,  որմէ բան չէինք հասկնար. ի՞նչ եղաւ, ինչպէ՞ս, մինչեւ ե՞րբ. խուճապը մատնած էր բոլորս։ Օրերու թաւալումին հետ աւելի ու աւելի յստակացաւ, որ այս իրավիճակէն արագ ազատում չկայ։ Ակնկալեցինք նաեւ, որ մեկուսացման ենթարկուիլը թէեւ ֆիզիքապէս համեմատաբար ապահով կը պահէ մեզ, սակայն հոգեպէս եւ մտայնօրէն ծանր պիտի կշռէ մեր վրայ։ Այս համոզումէն մեկնելով, օգտագործելով համացանցին ընծայած դիւրութիւնները՝ Գլաձորը գործի լծուեցաւ, մեր անդամները եւ մշակութասէր հասարակութիւնը առաւելագոյն չափով մեզի հաղորդակից դարձնելու եւ շարունակելու օգտաշատ գիտելիքներու փոխանցումը։ Պէտք է ըսել, որ մեր գործունէութեան մեծ մասը կը շարունակուի, շնորհիւ վարչութեան եւ յանձնախումբերու հաւաքական ճիգերուն, ինչպէս նաեւ մեր գեղարուեստի ղեկավարներուն։ Մեր աշխատանքը կը կեդրոնանայ ո՛չ միայն ներկան յաղթահարելու այլ նաեւ՝ ապագան ծրագրելու վրայ։  

 

Հ- Ի՞նչ ձեւեր որդեգրած էք, որպէսզի կապի մէջ մնաք ձեր անդամներուն եւ մշակութասէր թորոնթոհայերուն հետ։ 

Պ- Առաւելաբար, ձեւերը եղած են ելեկտրոնային. նշեմ քանի մը օրինակ՝ 

  • Յառաջացուցինք Գլաձոր մասնաճիւղի շաբաթական հաղորդագրութիւններու շարքը, որ իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ եւ այլազան մշակութային նիւթեր: Անոնք որոնք գրանցուած են մեր ցանկին (պայման չէ որ Համազգայինի անդամ ըլլան), կրնան օգտուիլ այս համադրումներէն, մեր մշակոյթին մասին իրենց գիտելիքներու պաշարը բարելաւելով։
  • Ապրիլի մէջ, «Նոր Հայ Հորիզոն»ի անձնակազմին հետ հարցազրոյց մը ունեցանք, թորոնթոհայութեան կողքին ըլլալու մեր պատրաստակամութիւնը շեշտելով։ 
  • Ծայր առաւ «Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը՝ ձեր կողքին» տեսերիզներու շարքը, որ իր մէջ կը խտացնէ հանրութեան օգտակար դառնալու մեր հաւաքական ճիգը, յատկապէս այս օրերուն։ Նշեմ երեք օրինակ. Ապրիլին, մեր գործունէութեան բոլոր խաւերը ներկայացնող անդամներ իրենց պատգամը փոխանցեցին մեր առաջին տեսերիզին միջոցով. ընկհ. Արշօ Զաքարեանի ջանքերով համադրուած՝ հայկական թռչուններու մասին տեսերիզը հրապարակեցինք Մայիսին. իսկ Յունիսին,  հայրերու օրուան առիթով մեր վարչական անդամներէն Վարագ Պապեանի կողմէ պատրաստուած՝ Կարապենցի «Տղաս, արեւն ու ծովը» պատմուածքին ընթերցումը հրապարակեցինք։ 
  • Գիտելիքներու մրցոյթ մը հրապարակեցինք առցանց, 14 Յունիսին, մասնակցութեան առիթ տալով բոլոր փափաքողներուն. վարչութենէն Արեն Մնացականեանը դասաւորեց մրցոյթը առցանց ամբողջացնելու աշխատանքը։ Թէեւ անցեալին զարգացման մրցոյթներ կազմակերպած ենք. սակայն մեր առաջին փորձն էր որպէս առցանց մրցոյթ եւ հաւանաբար վերջինը չըլլայ։
  • Քաջ գիտակցելով, որ մեր անդամներէն ոմանք չունին համացանցային կարելիութիւններ, նաեւ կարեւորելով իրարու ձայնը լսելու օգտակարութիւնը, վարչութեանս փոխ-ատենապետ՝ ընկհ. Արշօ Զաքարեանը հեռաձայնով կապ հաստատեց բոլոր անդամներուն հետ։

 

Հ –  Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ո՞ր յանձնախումբերը կը շարունակեն իրենց  մշակութային աշխատանքները։ 

Պ- Այն ինչ որ կը գործէր համաճարակէն առաջ, քիչ թէ շատ կը գործէ այս օրերուն. ի հարկ է, աշխատելակերպն ու արդիւնքը համեմատելի չեն մեր սովորական գործունէութեան հետ։ Այնուհանդերձ՝ Գլաձոր մասնաճիւղը դադար չէ առած։   

  • Համազգայինի «Նուռ» Ֆիլմի Փառատօնի հիմնադրութեան 15-ամեակն է այս տարի․ յանձնախումբը զբաղ է ծրագիրը մշակելով, ժողովները կը շարունակուին։ Անոր կողքին, Ապրիլի մէջ, յանձնախումբին նախաձեռնութեանբ՝ Տիանա Աբգարի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
  • Գրական յանձնախումբը իր աշխատանքը կը շարունակէ առցանց։ «Փոքրերու պատմութեան ժամ» ծրագիրը իր երկրորդ տեսերիզը հրապարակեց. պատմողներ՝ Արմինէ Թորիկեան, Տոքթ. Անի Հասըրճեան։ Աւանդութիւն դարձած տարեկան աշակերտական արտասանական մրցոյթը այս տարի տարբեր ձեւ ստացաւ. յառաջացուցինք «Ասմունքի արուեստը նորահաս սերունդին մօտ» ծրագիրը, մասնակցող աշակերտը նախընտրած բանաստեղծութեան արտասանութիւնը մեզի ղրկեց, ստացուածներէն փունջ մը երկու բաժիններու մէջ համադրեցինք ու հրապարակեցինք։ Այս համադրումները, իրենց վերջնական վիճակին մէջ տեսերիզի վերածելու աշխատանքը կատարեց Ռուբէն Ճանպազեանը։ Գալով Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ առցանց ներկայացումներու կը պատրաստուինք։ 
  • Գրատարած-Գրադարանի յանձնախումբը պատրաստակամութիւն յայտնեց մեր ընթերցասէր հասարակութեան գիրք ապսպրելու կարելիութիւնը ընծայելու. թորոնթոբնակ յաճախորդութեան կը հասցնենք իրենց ցանկացած գիրքը, կամ խտասալիկը, խաղը եւայլն։ 
  • Զոյգ երգչախումբերուն յանձնախումբերը եւս զբաղ են այս օրերուն։ «Գուսան» եւ «Հայ Աստղեր»  երգչախումբերու փորձերը ընթացքի մէջ են, առցանց, խմբավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի։ Այս գործունէութենէն նմոյշներ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։ Դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի եւ խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի համագործակցութիւնը կը շարունակէ ծնունդ տալ նոր մշակումներու։ 
  • Պարարուեստի յանձնախումբը առաջին իսկ օրէն գործի լծուեցաւ։ Արցախ պարարուեստի ուսումնարանի աշակերտներուն փոխանցուեցաւ յատուկ պատգամ մը պարուսոյց եւ գեղ. ղեկավար Նելլի Կարապետեանի կողմէ։ Պարեղանակները ուղարկուեցան բոլոր խումբերուն, քաջալերելով տնային փորձերը։ Փորձերու վարժութիւնները (մարզանքները) տեսագրուեցան «Էրեբունի» պարախումբի մենակատարներէն՝ Մարիա Մանուկեանի կողմէ, պարուսոյցին հսկողութեամբ եւ ղրկուեցան բոլոր խումբերուն։ Գալով «Էրեբունի» պարախումբին, սերտ կապերը եւ ծրագիրներու մասին զրոյցները կը շարունակուին։
  • Կրթաթոշակի յանձնախումբը զբաղ է Գլաձոր մասնաճիւղի կողմէ յառաջացուած կրթաթոշակներու դիմումները վերաքաղ ընելով. յիշեցնենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին համար դիմումի ժամկէտն է՝ 30 Յուլիսը, ծանուցումը կրնաք գտնել դիմատետրի վրայ, Համազգային Գանատա (HamazkayinCanada) էջին մէջ։ 
  • Անդամական առցանց հաւաք մը կրցանք իրականացնել Յունիսի մէջ, թէկուզ հեռուէն մեր անդամներուն մասնակցութիւնը վայելելու համար։
  • Գիտենք նաեւ, որ մեր Կերպարուեստի աշխատանոցներուն մասնակցողները տան մէջ իրենց նկարչութիւնը կը շարունակեն։ 

 

Հ- Ներկայ դրութեան պատճառած դժուարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարէ մշակութասէր թորոնթոհայը։ 

Պ- Խաւարին մէջ լոյս տեսնելը երբեմն դժուար է, սակայն անել թուացող պայմանները երբեմն ծնունդ կու տան գեղեցիկ գաղափարներու, նոր միտքերու եւ ժամանակի ընթացքին կը տեսնենք, որ մեր կարողութեան սահմանները աւելի են քան ինչ որ կը կարծէինք։  

Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղը թորոնթոհայութեան կողքին է ինչպէս միշտ։  Գրանցուեցէք մեր հաղորդագրութիւններու ցանկին, հերթականօրէն կը ստանաք բազմաթիւ կայքերու, մշակութային նիւթերու, հին ու նոր տեսերիզներու համադրում մը, որ կրնաք ընտանեօք դիտել, ընթերցել, ունկնդրել, սորվիլ, քննարկել։  

Համաճարակը շատերու ստիպեց տարբեր ձեւով աշխատիլ, մտածել. նաեւ ինքնաճանաչման, նոր յայտնութիւններու եւ սորվելու առիթ տուաւ։  Իւրաքանչիւրս բան մը ունի տալիք։  Փորձենք օգտագործել ժամանակը նոր բան սորվելու, մեր գիտելիքներու պաշարը բարելաւելու, կարելի եղածին չափ օգտուելու համացանցին ընծայած կարելիութիւններէն, սակայն զգոյշ ըլլանք մեր ընտրութիւններուն մէջ։ Բանանք մեր մշակոյթի էջերը՝ գրականութիւն, լեզու, ճարտարապետութիւն, նկարչութիւն, պարարուեստ, երաժշտութիւն, ձեռագործութիւն, պատմութիւն, ազատագրական պայքար…։  Զա՛րկ տանք մեր երեւակայութեան, վստահինք մեր ոյժերուն, ձեռք երկարենք իրարու, քիչ մը համբերութեամբ ու կը տեսնենք,  որ այս մղձաւանջը կը մնայ անցեալին մէջ եւ մենք փայլուն ապագայի ճամբան կը վերագտնենք, միասին։