Հարցազրոյց «Բարեւ» Կեդրոնի Ատենապետուհի Արմինէ Պոյաճեանի Հետ՝ Կեդրոնի Մշակութային Գործունէութեան Եւ Ծրագիրներուն Մասին


«Բարեւ» կեդրոնի մշակութային, կրթական միջոցառումներէն պատկերներ

Երկար տարիներ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ կը գործէին բազմաթիւ ոչ հոգեւոր հանձնախումբեր, որոնց գործունէութիւնները առանձնացնելու նպատակով ստեղծուած է «Բարեւ» կեդրոնը։ Սոյն կեդրոնի  մշակութային գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին քաջատեղեակ ըլլալու նպատակով «Թորոնթոհայ» կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ կեդրոնի ատենապետուհի՝ Արմինէ Պոյաճեանի հետ։

Հարցում – Ո՞ր թուականին հիմնուած է «Բարեւ» կեդրոնը եւ ի՞նչ ներդրում ունեցած է ան թորոնթոհայութեան կեանքին  մէջ։

Արմինէ Պոյաճեան

Պատասխան- Ս․ Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ գործող «Բարեւ» կեդրոնը հիմնուած է 2017-ին եւ ունի կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագրեր Թորոնթոյի հայ համայնքին համար:

Հ.- Կրթական ոլորտէն ներս ինչպիսի՞ ծրագիրներ մշակած է կեդրոնը առ այսօր։

Պ.-Կրթութեան ոլորտին մէջ Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանն է, որ հիմնադրուած է 1956-ին: Ան Թորոնթոյի ամենահին հայալեզու դպրոցն է:  Դպրոցը այժմ կը գտնուի իր 67-րդ ուսումնական տարեշրջանին մէջ։ Աշակերտներուն թիւը 2020-ին հասած էր 366-ի։

Վարժարանը ունի մանկապարտէզէն մինչև 10-րդ դասարան: Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան ե՛ւ արեւմտհայերէն, ե՛ւ արեւելահայերէն` իրենց համապատասխան դասարաններուն մէջ։

Դպրոցը կը ղեկավարէ դոկտոր Արփի Փանոսեան Մթարթ, որուն նուիրուածութիւնն ու հոգատարութիւնը թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անձնակազմին եղած են բացառիկ:

Հ.- Կը խօսի՞ք մշակութային ձեռնարկներուն մասին։

Պ.- Մշակութային առումով «Բարեւ» կեդրոնի ներքոյ գործող հիմնական հաստատութիւնը Թորոնթոյի «Սասուն» պարային համոյթն է, որ ստեղծուած  է 2004-ին՝ Տ․ Զարեհ Զարգարեանի ղեկավարութեամբ։

Համոյթին Գեղարուեստական ​​ղեկավարն ու պարուսոյցը Սեւակ Աւագեանն է, իսկ

պարուսոյց օգնականը եւ զգեստներու համակարգողը՝ Սարին Աւագեանը։

Անոնք տարեկան աւելի քան 200 մասնակիցներով՝ 8-էն 30+ տարեկան, մեր համայնքի երիտասարդներուն մէջ սերմանած են սէրը հանդէպ հայկական պարն եւ մշակոյթը։

«Բարեւ» կեդրոնի ներքոյ գործող մէկ այլ նշանաւոր խումբն է «Լուսաբեմ» թատերախումբը, որուն ղեկավարն է բեմադրիչ եւ հեղինակ՝ տիկ․ Սեդա Քէշիշեանը։

Կեդրոնին մէջ կը գործեն նաեւ «Բարեւ» երիտասարդաց խումբը, որուն առաքելութիւնն է համախմբել համայնքի երիտասարդները` կազմակերպելով միջոցառումներ, որոնք նախատեսուած են երիտասարդներու համար։ Ունինք նաեւ ընկերային յանձնաժողովը, որուն առաքելութիւնն է կազմակերպել միջոցառումներ եւ հաւաքներ, որոնք նախատեսուած են գաղութիս ընտանիքներուն համար:

Հ.- «Բարեւ» Կեդրոնի գլխաւոր առաքելութիւնը ի՞նչի մէջ կը կայանայ։ Ի՞նչ ներդրում ունի ան Թորոնթոյի  եւ հայրենիքի մէջ։

Պ.- «Բարեւ» Կեդրոնի գլխաւոր առաքելութիւնն է ծառայել գաղութիս հայերուն, կապելով զանոնք իրենց արմատներուն եւ ամրապնդելու անոնց ինքնութեան զգացումը` մշակութային, կրթական եւ ընկերական ծրագիրերու միջոցաւ։ Իսկ կեդրոնի վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ Արտեմ Թութունճեանի գլխաւորութեամբ՝ աշխատանքի հնարաւորութիւններու ցանցի ստեղծումն էր, որ կապ կը ստեղծէ աշխատանք փնտռող անձերուն՝ գործատուներուն հետ։ Այս հարթակի ստեղծման հիմնական պատճառներէն մէկը նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող անձերուն համար է։ Անոնք, որոնք աշխատանք կը փնտռեն, հնարաւորութիւն կ’ունենան սփիւռքի գործատուներուն կողմէն աշխատանքի ընդունուելու։ Այս հարթակը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն կու տայ անհատներուն աշխատելու եւ վաստակելու աշխատավարձ, ինչ որ դրականօրէն կը նպաստի Հայաստանի տնտեսութեան  զարգացմանը։

Հ.- Համավարակը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ կեդրոնի գործունէութեան վրայ։

Պ.- Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, համաճարակի եւ սահմանափակումներու պատճառով, կեդրոնը որեւէ ձեռնարկ չէ կրցած կազմակերպել։ Այնուամենայնիւ, այս դժուար ժամանակահատուածին, շաբաթօրեայ վարժարանը կրցաւ դասերը իրականացնել առցանց եւ աշակերտներուն ապահովել անխափան կրթութիւն։

Հ.- Խօսինք կեդրոնի նոր եւ ոգեւորիչ ծրագրին՝ Վարդան Պետրոսեանի մենաներկայացման մասին, ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի կայանայ ան։

Պ.- Հաշուի առնելով, որ Covid-ի պատճառով դրուած սահմանափակումները արդէն կը վերցուին, «Բարեւ» կեդրոնը կազմակերպած է մենաներկայացում մը․ Հայաստանէն հրաւիրած է արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեան, որ պիտի ներկայացնէ իր վերջին աշխատանքը՝ «Խոստում»-ը։  Ասիկա իւրայատուկ եւ պահանջուած ներկայացում մըն է, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, Մարտ 12-ին, ժամը 19:30-ին, «Համազգային» թատերասրահին մէջ։ Տոմսերը արդէն կը վաճառուին Eventbrite կայքէջին վրայ։ Յոյսով ենք, որ Թորոնթոհայութիւնը պատրաստ է դիմաւորելու եւ մասնակից ու աջակից դառնալու այս ներկայացումին եւ նաեւ գաղութիս բոլոր միջոցառումներուն ու ծրագիրներուն։