«ՆՈՒՌ» Ֆիլմի 2019-ի Փառատօնին Հանդիսատեսին Կողմէ Ընտրուած Լաւագոյն Վաւերագրական «ARMENIA UNCOVERED»-ի Լոյս Աշխարհ Գալու Հետաքրքրական Պատմութիւնը


Կատակերգակ Գեւ Օրգեան եւ բեմադրիչ Անտի Սայմը

Հարցազրոյց` Կատակերգակ Գեւ Օրգեանի Հետ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Համազգայինի «ՆՈՒՌ» Ֆիլմի փառատօնի 2019-ի մրցանակակիր, հանդիսատեսին կողմէ ընտրուած լաւագոյն վաւերագրական «ARMENIA UNCOVERED» ֆիլմին լոյս աշխարհ գալու պատմութիւնը նոյնքան հաճելի է եւ հետաքրքրական՝ որքան ֆիլմը։

Աւստրալիահայ նշանաւոր մրցանակակիր լրագրող, արտադրող եւ բեմադրիչ Անտի Սայմըն կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրենասէր հայրը մահանալէն առաջ քանի մը առիթներով քաջալերած էր իր պատանի զաւակը, որ երթայ եւ իր պապերուն երկիրը այցելէ։ Սակայն օդին մէջ կախուած այդ ցանկութիւնը իրականութիւն դարձաւ միայն այն ատեն, երբ տարիներ ետք բեմադրիչին մայրը ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր ու ինք՝ Անտին, հիւանդանոցին մէջ պառկած մօր ականջին փսփսաց` «Եթէ առողջանաս Հայաստան պիտի երթանք» նախադասութիւնը ու մայրը երկու շաբաթ ետք աչքերը բացաւ եւ առողջացաւ։

Խոստումը յարգուեցաւ։ Ընտանեօք գացին Հայաստան, սակայն հոն յստակ նախագիծ մը կամ ուղեցոյց մը չգտան երկրին մէջ պտըտելու եւ տեսրաժան վայրերը այցելելու։ Երկրորդ այցելութեան՝ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այնտեղ գտնուեցան ու նոյն կացութեան մէջ յայտնուեցան։ Վերադարձին, Անտին որոշեց նկարահանել Հայաստանի մասին ֆիլմ մը, ուր պիտի ներկայացուէր ամէն ինչ՝ հաճելի, երգիծական ու մատչելի ոճով։

«Օր մը Գեւ Օրգեանին՝ նախապէս բնաւ չդիտած “Britain’s Got Talent”-ին մէջ՝ նուագած ու Էլթըն Ճօնին երգը երգիծական ոճով երգելը տեսայ եւ՝ «Գտայ։ Այս մարդն է փնտռածս», ըսի։ LinkedIn-ով կապուեցանք, յետոյ հանդիպեցանք ու այդ օրուընէ սկսաւ մեր առաջին քայլը դէպի՝ «ARMENIA UNCOVERED»-ը իրականացնելու…»։ Այսպէս ըսաւ Անտին, ապա` Գեւ Օրգեան շարունակեց եւ ըսաւ. «Ժամանակ մը վերջ նկատեցինք, որ հաւաքուած գումարը պիտի չբաւէ եւ յուսախաբ սկսանք  յանձնուելու։

Օր մըն ալ հեռաձայն եկաւ դասընկերուհիէս՝ Ալիսէն, որ կը հարցնէր, թէ շատոնց է՝ YouTube-ին վրայ «ARMENIA UNCOVERED»-ին մասին ինչո՞ւ նիւթ չենք տեղադրեր։ Ըսի, որ ծրագիրը իրականացնելու համար մեզի գումար կը պակսի։ «Ամուսինս՝ Ռաֆֆին, հետդ պիտի խօսի», ըսաւ ան, ու երբ Ռաֆֆիին օգնութեան առաջարկը լսեցի մեր խօսակցութեան միացուցի Անտին ու այսպիսով համաձայնեցանք։ Երկու օր ետք պէտք եղած գումարը ստացանք Ռաֆֆիէն եւ սկսանք նկարահանելու։ Միասին մէկ հատ թուղթ կամ համաձայնագիր չենք ստորագրած, կ’երեւակայէ՞ք»։

Փառատօնին վերջին օրը, նախքան վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրուիլը, Գեւ Օրգեանին հարցուցի «Ֆիլմին վերնագիրէն հասկնալի է, որ Հայաստանի մասին է ան։ Արդեօք ի՞նչ անակնկալներ պիտի տեսնենք հոն»։

Վաւերագրական ֆիլմին host-ը ես եմ ու կը խօսիմ հիմակուան Հայաստանին մասին։ Այո՛, հոն մենք կը խօսինք Ցեղասպանութեան, նահատակներուն, եկեղեցիներուն եւ գեղեցիկ բնութեան մասին, բա՛յց կը խօսինք նաեւ, որ ինչպիսի՞ տաղանդաւոր ազգ մը ունինք մենք, ինչպէ՛ս մեր հայ երեխաները technology-ի մէջ կը զարգանան եւ կը բարձրանան։ Մեր աստղերէն՝ Շառլ Ազնաւուրը, Հենրիկ Մխիթարեանը, Սիրուշոն, Արմէնչիկը եւ ուրիշներ ի՞նչ կ’ըսեն Հայաստանի համար։ Մենք գիտենք, որ Հայաստանը շատ անոյշ է, բայց կ’ուզենք, որ աշխարհի բոլոր հայ պզտիկները տեսնեն ու ճանչնան հիմակուան անուշիկ Հայաստանը։ Մենք կ’ուզենք, որ այս վաւերագրական ֆիլմով աշխարհին ցոյց տանք, որ Հայաստանը խենթանալիք տեղ մըն է ու ամէն մարդ պէտք է երթայ, տեսնէ եւ խօսի անոր մասին։

Իսկ խնդալիք բաժիններ պիտի գտնե՞նք հոն, թէ լուրջ ոճով պատրասուած է այս ֆիլմը։

Խնդալիք բաժիննե՞ր։ Օհօ՜, օ՜, օ՜, շա՜տ…դիտեցէք ու տեսէք…

Համաձայնեցանք, որ ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք պիտի շարունակենք մեր հաճելի հարցազրոյցը ու սրահ մտանք սպասուած՝ «ARMENIA UNCOVERED»-ը դիտելու։ Ասեղ նետելու տեղ չկար սրահին մէջ։ Ցուցադրութեան ընթացքին յաճախ լսուեցան հանդիսատեսին խնդուքի ձայները։ Հանդիսատեսին ընտրած լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի մրցանակը շահեցաւ ան։

Ուրախ տրամադրութեամբ դուրս ելանք Համազգայինի թատերասրահէն ու շարունակեցինք մեր հաճելի կիսաւարտ զրոյցը։

Կը շնորհաւորեմ ձեր յաղթանակը։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն առաջ ի՞նչ կը զգայիք, իսկ հիմա որպէս յաղթող ի՞նչեր ունիք ըսելիք թորթնթոհայ հանդիսատեսին։

Ես անհամբեր կը սպասէի, որ հայկական միութիւնը ֆիլմը դիտէ եւ սիրէ։ Հիմա որ POM-ի մրցանակը շահեցանք շատ մեծ երջանկութիւն զգացինք, որովհետեւ թորոնթոհայ հանդիսատեսը մեզի դիտեց ու մեր աշխատանքը գնահատեց եւ արժեւորեց։ Շատ-շատ ուրախ ենք։

Հոյակապ ձեւով եւ առաւել եւս հիւմորով ներկայացուցած էք Հայաստանը, հայ արուեստագէտը, մշակոյթը եւ այլ նորութիւններ։ Քանի օր տեւեց նկարահանումը, որպէս հայ ի՞նչ զգացիք նոր տեղեր այցելելով։

30 օր տեւեց նկարահանումը։ Ես 13 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ընտանեօք գացինք Հայաստան։ Պզտիկ էի, շատ չազդուեցայ։ Երկա՜ր տարիներ ետք նորէն գացի ու այս անգամ հայրենիքի հաճոյքը զգացի։ Այս նկարահանումին ժամանակ արիւնիս մէջ մտաւ ան, որովհետեւ ամբողջ Հայաստանը եւ Արցախը տեսայ, անոնց տաքութիւնը զգացի  ու  գիտցայ, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկն է Հայաստանը ու առաջին օրէն կապուեցայ մեր ժողովուրդին։ Գալ տարի նորէն պիտի երթանք Հայաստանը տեսնելու ու պզտիկներս ալ մեր հետ պիտի տանինք։

Նկարահանումին ամէնէն ազդեցիկ եւ ամէնէն անմոռանալի պահերը որո՞նք էին ձեզի համար։

Ամէնէն ազդեցիկը Ծիծեռնակաբերդի մէջ անցուցած պահս էր։ Շատ յուզուած էի։ Իմ հայ ազգիս քաշած դժուարութիւնները մորթիս վրայ զգացի… Հոն ծաղիկներ դրած ժամանակս մեծ հայրերս յիշեցի ու սիրտս ցաւեցաւ։ Հայ ազգը այդ բոլոր չարչարանքներէն դուրս ելաւ ու «Ահա՛, հոս եմ», ըսաւ։

Ամէնէն անմոռանալի պահը, Խոր Վիրապին քով, հսկայ Արարատին դիմաց փիանօ նուագած պահս էր։ Երազս իրականացաւ այդ պահուն։

Ֆիլմին մէջ հայ աստղերուն հետ զրուցեցիք ու խնդացիք։ Ամէնէն շատ ո՞ր հայ աստղին հետ ամբողջ հոգիով ու սիրտով խնդացիք։

Բոլորին հետն ալ շատ խնդացինք։ Հոյակապ են բոլորը, բայց անոնց մէջէն ամէնէն շատ այս տարի մեր կորսնցուցած աստղին՝ Շառլ Ազնաւուրին հետ խնդացինք։ Նախ մեզի միայն մէկ ժամ յատկացուցած էր, բայց երբ գիտցաւ մեր հայ ըլլալը երկու ու կէս ժամ մեզի հետ նստաւ ու հոյակապ ժամանակ անցուցինք միասին։ Ինչե՜ր պատմեց, ինչե՜ր…

Այս ալ չմոռնալէս պատմեմ։ Ուրեմն՝ Շառլ Ազնաւուր զրոյցէն առաջ մազերը կտրել տուաւ։ Զրոյցէն ետք բաղնիք մտայ ու գետինը անոր կտրուած մազերէն տեսայ։ Առի ու քովս դրի։ Երեւակայեցէ՛ք, հիմա Շառլ Ազնւուրին մազերը քովս յիշատակ պահած եմ։

Նկարահանումի ժամանակ ձեր ըսած խօսքերը ու կատակները նախապէս գրուա՞ծ էին, թէ ոչ ինքնաբերաբար եղած կատակներ են անոնք։ Որմէ՞ ժառանգած էք խնդացնելու այս շնորհքը։

Հոն գրուած խօսքեր չկան։ Այդ ամէնը ես եմ, իմ կատակներս են ու մարդոց հանդէպ տաքուկ մօտեցումս։ Հայրս կ’ըսէ, որ իր հայրը՝ իմ  տէտէս, շատ կատակասէր մարդ մը եղած էր։ Երեւի իրմէ բան մը հասեր է ինծի։

Այս յաջողութենէն ետք ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունիք։

Քանի մը շաբաթ վերջ այս ֆիլմը Net flix-ի վրայ պիտի դնենք, որ աշխարհը դիտէ ու Հայաստանը տեսնելու գայ։ Դեռ Հայաստանի մէջ շատ տեղեր կան նկարելիք, անոնք ալ պիտի նկարահանենք ու «ARMENIA UNCOVERED» թիւ 2-3- 4…պիտի պատրաստենք։

Այս նորաոճ վաւերագրական ֆիլմը հոյակապ աղբիւր մըն է հայ նոր սերունդին ու օտարերկրացիներու ձեռքերուն մէջ։ Անոնք պիտի դիտեն Անտի Սայմընի նկարահանած ու Գեւ Օրգեանին ներկայացուցած ֆիլմը ու պիտի շտապեն դէպի Հայաստան։

Առանց որեւէ ստորագրուած պայմանագիրի՝ երեք անձերու միջեւ տրուած խոստումներով ճամբայ ելած այս ֆիլմը դարձաւ մրցանակակիր։ Վստահ եմ, որ Գեւ Օրգեանին՝ «Եկէ՛ք, Հայաստանը տեսէ՛ք…» բառերուն  շատերը պիտի արձագանգեն ու շուտով Հայաստան այցելեն ու անոր գեղեցկութիւնը վայելեն։