Հարցազրոյց՝ Համազգայինի «Արցախ» Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» Պարախումբի Գեղարուեստական Ղեկավար, Պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի Հետ


Պարուսոյց Նելլի Կարապետեան “Էրէբունի” պարախումբի փոքրիկներուն հետ

«Մեր երիտասարդութիւնը հետաքրքրութիւններ ունի պարելու, ելոյթներու մասնակցելու եւ աշխարհին ներկայանալու, ու ես ինքս բոլորին էդ հնարաւորութիւնն եմ տալիս։ Ուղղակի հաւատք է պէտք մեզի։ Մենք, հաւատքով եւ ճանապարհի վրայի խոչընդոտող քարերը վերացնելով, իրականացնելու ենք այդ ամէնը»։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Թորոնթոյի Համազգայինի «Արցախ» Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ «Էրեբունի» Պարախումբի տարեկան բարձրորակ ելոյթը իր բարձրորակութեամբ ցնցած էր թորոնթոհայ հանդիսատեսը 2019 Յունիսին։ Պարերու իւրայատուկ բեմադրութիւնը, շարժումներու համաչափութիւնը եւ բեմական կատարեալ նրբութիւնները ամբողջացուցած յայտագիրը արդիւնքն էր ամիսներով տարուած բծախնդիր աշխատանքին, որ  պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի գլխաւորութեամբ սկսած էր ու կը շարունակուէր, մինչեւ որ վրայ հասան համավարակի ահով լեցուած օրերը ու վերջ տուին թափ առած նոր ճախրանքին։

Մօտաւորապէս երկու տարի ընդհատուող աշխատանքը Փետրուար 7-ի պիտի վերսկսի եւ մեր փոքրիկներն ու պատանիները պարարուեստի կախարդական սեմէն ներս մտնելով դարձեա՛լ պիտի վայելեն իրենց հոգիին ու ներաշխարհին թռիչք պարգեւող արուեստը։ Այս առիթով «Էրեբունի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի հետ վարած հարցազրոյցիս ընթացքին խօսեցանք ո՛չ միայն փորձերուն, պահանջուած պարտաճանաչութեան,  բծախնդրութեան, պարարուեստին պարգեւած ճկունութեան եւ հաճոյքին մասին, այլ՝ բոլորիս ինքնութեան խորքը թաքնուած եւ պարի միջոցաւ արձագանգող հայու հոգիին եւ դէպի յաղթանակ տանող միասնութեան ոյժի կարեւորութան մասին։

Պարուսոյց Նելլի Կարապետեան

Հարցում – Դուք կատարեալը սիրող եւ անոր ձգտող մանկավարժ-պարուսոյց էք, անկէ մեկնելով ինչպիսի՞ աշխատանք կը տանիք, աշակերտներէն ի՞նչ կը պահանջէք եւ ի՞նչեր կ’ակնկալէք այս ուղղութեամբ։

Պատասխան- Մենք շատ մեծ աշխատանք ունենք անելիք. միջակութիւնը պէտք է բոլորովին վերացնենք․ անշուշտ արուեստի բոլոր շերտերի մասին է խօսքս եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ կեանքի։ Մենք այսօր անտարբերութիւնը ոչնչացնելու ու վերացնելու կարիքը ունենք։ Ինչո՞ւ քիչով գոհանանք, երբ մենք հնարաւորութիւնը ունենք լաւագոյնը անելու եւ դա կարող ենք անել միասնութեամբ՝ ձեռք-ձեռքի, մէջք-մէջքի եւ ուս-ուսի տալով։ Ընկերասիրութիւնը եւ ջերմութիւնը ընտանիքից է գալիս եւ անշուշտ յարգանքը, ուսուցչին վստահելը, պարտաճանաչութիւնը։ Էստեղ խնդիրը միայն բեմ բարձրանալը չի, այլ՝ պատուով ներկայանալն է, եւ ո՛չ միայն միշտ հայութեան առաջ հանդէս գալու մասին է խօսքը, մենք պէտք է կարողանանք մեր արուեստը օտարին ցոյց տալ նաեւ։ Ցանկութիւնս է զարգացնել, կատարելագործել կատարողականութիւնը, որպէսզի պարախումբը կարենայ ներկայանալի լինել ամենուր։ Իսկապէս ժամանակ պէտք չէ կորցնենք, որովհետեւ շատ անելիքներ ունենք ու մինիմալով (նուազագոյնով-Թ․) պէտք չէ գոհանանք։ Ես պատրաստ եմ օրական 24 ժամով օգտակար լինել՝ լաւագոյնին հասնելու համար։

 Հ.  Իսկ միասնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի արտացոլուի այս տարուան ելոյթին ընթացքին։

Պ. Միասնութիւնը պատկերաւոր-պարային կերպարով պիտի ներկայացուի, իսկ միասնութիւնը եւ պարային աշխարհը բնութագրում է ամբողջ ազգի ե՛ւ բնաւորութիւնը, ե՛ւ նրա քաղաքակրթութիւնը, ե՛ւ պատմութիւնը, ե՛ւ ամէն ինչը՝ այդ մէկը ներկայացւում է պարի միջոցով։ Բազմաթիւ ներկայացումներ կարելի է անել։ Անգամ մէկ ներկայացման աշխատանքի մասին խօսել եմ դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի հետ եւ ուզում եմ այդ նոր ծրագիրը իրականացնել։ Կատարեալ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է բոլորս ամբողջական, այսինքն՝ մի մարմին դարձած բեմում դուրս գանք եւ ամենէն յետին մանրամասնութիւնն  անգամ նկատի առնելով ներկայացնենք մեր պատմութիւնը, որովհետեւ ժամանակն է պահանջում, որ դու ոգեշնչուես ժամանակներից, եւ առանց սահմանափակման քու ամբողջ տրամադրութիւնը արտացոլում ես պարարուեստի ձեւով ու շարժումներով։ Այս ամէնը կարելի կը դառնայ, երբ բոլոր մասնակիցները, փոքրի՛ց-մեծ, մէկ մարմին կը դառնան, ահա՛ այն պահին է, որ հրաշքը ծնւում է։ Սա լոկ խօսքերով ասուելու բան չի՛, այլ այնպիսի աշխարհ է ու այնպիսի մի հոգեվիճակ, որուն միջոցաւ ունեցած պոռթկումդ կարող ես արտայայտել միայն այն ժամանակ, երբ կ’ունենաս այդ բանակդ բեմի վրայ կանգնած։ Իսկ դա կա՛յ, պարզապէս իրար օգնելով եւ մեր ունեցած տարբեր փորձառութիւնները միաւորելով կը հասնենք մեր նպատակին։

Հ. Արցախեան պատերազմէն ետք Հայաստան գացիք եւ երկար ժամանակ մնացիք հոն։ Ի՞նչ զգացումներով վերադարձաք Թորոնթօ եւ այդ զգացումները ինչպէ՞ս պիտի բեմականացնէք ու փոխանցէք հանդիսատեսին։

Պ. Գիտէ՞ք, Սարոյեանի՝ «Իմ սիրտը լեռներում է» խօսքը յիշեցի այս պահուն եւ ես միշտ այդ զգացումը ունեմ ներսումս։ Հայրենիքում իմ զգացածը չեմ կարող բառերով արտայայտել։ Պատերազմից ետք, երբ գնացի Եռաբլուր… լռութեան մէջ այդքան բղաւոց երբեք չէի լսել։ Մէջս խառնուած է վրէժի, ամօթի, խղճի, նամուսի ու թասիպի (արժանապատւութեան) զգացումները եւ զգացի, որ ես ամէն օր մահանում եմ։ Ես ինքս հիմա զարմանում եմ, որ ինչպէ՞ս կարելի է ամէն օր մեռնել ու նորից վերակենդանանալ մեր զոհուած տղաների հետ։ Այս ամէնը շատ ծանր է, շա՜տ, որովհետեւ կորցրեցինք մի ամբողջ լոյս սերունդ։ Անդարմանելի ցաւ եմ զգում։ Այս ամենից յետոյ, Փետրուարի 7-ին, գերմարդկային ուժերս հաւաքելով, փորձերին պիտի սկսեմ երեխէքիս հետ, որովհետեւ դա իմ աշխարհն է ու ես ամէն օր ինքս պատրաստւում եմ նրա համար։ Եթէ մենք իրարից հեռու մնանք ու մեր միջեւ ովկիանոսներ բանանք` հոն ո՛վ ուզես կը մտնի, այնպէս ինչպէս որ լինում է ներկայիս։

Հ. Համավարակը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ բերաւ իր հետ՝ փորձերուն եւ ելոյթներուն չեղեալ նկատուելու պարագային մասին է խօսքս անշուշտ։

Պ. Մինչեւ Covid-ը հոյակապ ձեւով էր ընթանում ամէն ինչ ու երեխէքը ամենայն ուրախութեամբ իրենց լաւագոյնը անում էին, սակայն վիրուսը եկաւ ու ջախջախեց ամէն ինչ եւ երկար օրերու աշխատանքը ջուրն ընկաւ ու երեխէքը ստիպուած հեռու մնացին պարարուեստի հրաշալի աշխարհից։ Ամէն ինչ զերոյից պէտք է սկսենք։ Նորեկ երեխէքը աստիճանաբար, քայլ առ քայլ առաջ պիտի գնան, բոլորս էլ գիտենք, որ երեխան քայլելուց առաջ սողում, յետոյ մի քանի քայլ առնում՝  քայլում, ու յետոյ վազում է. ես սրանք ասում եմ, որ բոլորս էլ հասկանանք,  թէ երբ հինգ տարեկան երեխան գալիս է պարարուեստի աշխարհ մտնելու, մի փոքր համբերատար լինեն ծնողները, ու անշուշտ իրար լսելով, հասկանալով եւ համբերատարութեամբ մեր երեխէքի իւրաքանչիւր քայլը տեսնեն ու շիտակ, ո՛չ ծուռումուռ կեցուածքով, պարելու պահը վայելեն։

Հ. Երկու տարի առաջ բեմականացած հայրենասիրական պարային բաժինները վառ ազգասիրութեամբ միաձուլեցին «Երեբունի»ն ու հանդիսատեսը, այս առումով այս տարուան ելոյթը ինչո՞վ պիտի տարբերի նախորդէն։

Պ. Անցեալ տարի «Արցախ» վերնագրով պարային բաժին մը ունէինք, որուն փորձերը սկսել էինք, բայց Covid-ի պառճառով արդէն չկարողացանք մեր ծրագրերը ամբողջացնել, այս բաժինը յաղթանակով էր աւարտւում, ու ես միշտ՝ Հայաստանում լինի կամ այստեղ, իմ երեխէքին ասում էի, որ զգոյշ լինէին, երբ իրենց ոտքերը խրոխտ կերպով պիտի դնէին հողի վրայ։ Իրենց բացատրում ու ասում էի, որ «այս այն հողն է, ուր մեր տղէրքի, մեր ազգի ու ժողովրդի արիւնն է թափուել, ու մեր քրտինքը շաղախուած է այս հողին, ուստի զգո՛յշ դրէք ձեր ոտքերը»։ Բեմադրութեան ժամանակ այդ զգացումները փոխանցուել էր պարողներին։

Ցաւալի է, ո՞րտեղից ո՞ւր հասանք, եկէ՛ք ոտքի կանգնենք ու մեր խօսքը արուեստի ճանապարհով բարձրաձայնենք։

Հ. Մասնակցելու համար տարիքային սահմանափակումներ կա՞ն արդեօք, իսկ փորձերը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի իրականանան։

Պ. Հինգ տարեկանից, հակառակ անոր՝ շատ փոքր են, սկսում են երեխէքը գալ փորձերի։ Մի քանի խումբեր ունենք՝ կրտսերները եւ փոքրերը շաբաթական մէկ անգամ են գալիս, 12-14 տարեկան երեխէքը շաբաթական երկու անգամ են գալիս, մեծերը, այսինքն` միչեւ 16 տարեկան՝ երկու անգամ, բայց առաջարկել եմ,  որ շաբաթական երեք անգամ գան (յուսամ կը կարողանան), իսկ «Երեբունի»ն` երեք անգամ։ Շատ եմ յարգում միասնական աշխատանքը, որովհետեւ հոս աշխատում ենք համայնքի համար եւ մշակոյթի բոլոր շերտերով կը ներկայացնենք հայրենիքի, ազգի եւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը ու մեր լաւագոյնը կու տանք կատարեալ յաջողութեան հասնելու։ Մեր միասնական աշխատանքը, պարտաճանաչութիւնը, եւ իրարու վստահելով յաջողութեան հասնելը մեզի համար հայապահպանման, արուեստի զարգացման, եւ ընդհանրապէս աշխարհին ներկայանալու ձեւ պիտի լինի։ Մեր երիտասարդութիւնը հետաքրքրութիւններ ունի պարելու, ելոյթներու մասնակցելու եւ աշխարհին ներկայանալու, ու ես ինքս բոլորին էդ հնարաւորութիւն եմ տալիս։ Ուղղակի հաւատք է պէտք մեզի։ Մենք, հաւատքով եւ ճանապարհի վրայի խոչընդոտող քարերը վերցնելով, իրականացնելու ենք այդ ամէնը։

«Էրէբունի» պարախումբի փոքրերու, կրտսերներու եւ մեծերու խումբերը ելոյթի պահուն եւ պարուսոյցին հետ