Հարցազրոյց Սօսի Միշոյեան Տապպաղեանին Հետ «Հայերէն blog» Կայքէջին Քառամեայ Գործունէութեան Առթիւ


8 Ապրիլ 2016-ին ծնունդ առած հայերէնի գրադաշտ հանդիսացող Հայերէն blog կայքէջը (https://hayerenblog.wordpress.com/ ) կը նշէ իր քառամեակը` գլխաւոր խմբագիր ունենալով Իշխան Չիֆթճեանը: 

Չորս տարիներէ ի վեր Հայերէն blog-ին վրայ կատարուած հազարաւոր տեղադրումները կը վկայեն այս կայքէջի յաջողութեան մասին: Հոն լոյս կը տեսնեն գրութիւններ, որոնք ամբողջապէս անտիպ են: 

Համացանցային իրականութիւն դարձած այս կայքէջին մասին առաւել մանրամասնութիւններ իմանալու համար զրոյց ունեցանք հայերէն blog-ի համահիմնադիր եւ խմբագրական կազմի անդամ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեանին հետ: 

Հարցազրոյցը վարեց` Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

 

  Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

– Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ Հայերէն blog-ը:

– Հայերէն blog-ը համացանցային կայքէջ է, հիմնուած 2016-ին: Blog-ը ստեղծելու գաղափարը Իշխան Չիֆթճեանինն էր: Երբ առաջարկեց, որ միասնաբար արեւմտահայերէնով կայքէջ մը հիմնենք, ոգեւորութիւնս մեծ եղաւ, քանի որ նոյն ծովուն մէջ լողացողներէն մէկն ալ ես եմ. արդ` արեւմտահայերէնով ստեղծուած որեւէ շարժում կը խանդավառէ զիս: Ուստի, անմիջապէս, առանց ժամանակ կորսնցնելու, պզտիկ խմբակ մը կազմեցինք եւ լծուեցանք աշխատանքի: Առաջին գրութիւնը լոյս տեսաւ 8 Ապրիլ 2016-ին: Հետզհետէ գրութիւններուն բաժանումները ճշդուեցան եւ օրէ օր աշխատակիցներուն թիւը բազմացաւ: Այսօր blog-ը ունի շուրջ 30 երկիրներէ մօտ 200 աշխատակից: Հաճոյք է ինծի համար նման աշխատանք կատարելը, մանաւանդ երբ արդիւնքը տեսանելի կը դառնայ:  

 

– Ինչի՞ մէջ կը կայանայ blog-ին հիմնադրման նպատակը: Չորս տարիներու ընթացքին ի՞նչ նորութիւններ արձանագրած է ան:

-Գիտէ՞ք, յաճախ կը լսուի` արեւմտահայերէնը վտանգուած է, արեւմտահայերէնը մեռած է, գրող չկայ, կարդացող չկայ, ուրեմն, ի՞նչ ընենք, նստինք վերջնական վախճանի՞ն սպասենք: Միշտ ալ նահանջը երգած ենք, կ՛երգենք ու երգելով ալ կ՛ուզենք մեռնիլ: Քանի այսօր տակաւին խօսուող լեզու է արեւմտահայերէնը, կը նշանակէ որ տակաւին անով գրողներ ալ կան, կարդացողներ ալ: Առ այդ, նպատակ դրուեցաւ մէկտեղել գրասէր անձինք հարթակի մը շուրջ, որպէսզի ազատօրէն արտայայտեն իրենց միտքերը եւ գեղարուեստական փորձեր կատարեն: Այդ իմաստով ալ գրութիւններու բազմազանութիւն կը գտնէք blog-ին մէջ, ըլլա՛յ մակարդակի առումով, ըլլա՛յ նիւթերու: Հոս կ՛ուզեմ շեշտել խմբագիր-աշխատակից կապի կարեւորութիւնը: Կը հարցնէք, թէ չորս տարուան մէջ ի՛նչ փոփոխութիւն կամ նորութիւն արձանագրեցինք: Հպարտութեամբ կրնամ ըսել (աշխատակիցները իրենք ալ կրնան վկայել), որ եթէ փոքրիկ համեմատական մը ընենք առաջին օրուան գրութիւններուն եւ այսօրուանին միջեւ, յստակ կ՛երեւի գրութիւններուն յառաջընթացը` թէ՛ լեզուի, թէ՛ գեղարուեստին մօտենալու իմաստով: Բանամ փակագիծերը. էջի գլխաւոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեան, իւրաքանչիւր գրութեան ի հարկին խմբագրական նշումները ընելէ ետք, գրութիւնը կրկին կը փոխանցէ աշխատակիցներուն եւ գրողը անգամ մըն ալ առիթ կ՛ունենայ մտածելու իր գրութեան շուրջ եւ վերջնական տեսքի բերելէ ետք միայն` գրութիւնը կը հրապարակուի: Նպատակը կայքէջի տարածքը լեցնել չէ, այլ գրութեան ճամբով գրողները մօտեցնել լեզուին, որպէսզի զգան լեզուի հմտութիւնները եւ կիրարկեն զանոնք իւրաքանչիւրը իր ոճով եւ իր ձեւով: Ճիշդ այնպէս ինչպէս խոհանոցային պայմաններու մէջ տանտիկինը իր շունչն ու հոգին դնելով պիտի եփէր ճաշը ու այդպէս հրամցնէր հիւրասիրուողներուն: Նորութիւններ միշտ ալ կան, քանի որ աշխատակիցներուն թիւը երբ կ՛աւելնայ, իւրաքանչիւրը իր շունչը կը բերէ ե՛ւ նիւթի ե՛ւ ձեւի բազմազանութիւն կ՛ըլլայ: Էջին մէջ կը գտնէք ակնարկներ, յուշապատումներ, փորձագրութիւններ, վաւերագրական նիւթեր, ձեռագիր նամակներ, դասական հեղինակներէ թարգմանութիւններ, ինչպէս` Շէյքսփիր, Պետրարկ, Տանթէ եւ ժամանակակից օտար ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ եւ այլ ու այլ բաժիններ, որոնք կրնաք գտնել սեղմելով այս կապը` https://hayerenblog.wordpress.com/: Այս բոլորին կողքին, ունինք նաեւ “Հայերէն Մատենաշար”ը, որ blog-ին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն տպագիր կամ առցանց հրատարակութիւնն է: Ցարդ տպագիր ունինք մեր պոլսեցի աշխատակիցներէն Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծական երկու հատորները` ՙԵրթաս բարով՚ եւ “Ան է որ կայ”, եւ թուայնացած կատակերգակ` “Պատուանշան մըն ալ քեզի եւ կամ Մի շքանշան էլ քեզ” խորագրով, հեղինակութեամբ` Երօտ Վարգազի: Այս աշխատանքը կը շարունակուի եւ այս գիրքերուն պիտի յաջորդեն նորերը: Գրութիւններէն անդին, 2019-էն ի վեր, ամսական երկու օրուան դրութեամբ, Հայերէն blog-ի խմբագրութիւնը կը կազմակերպէ եթերազրոյցներ՝ Skype-ի ճամբով: Հոն կ՛արծարծուին հայութիւնը յուզող հարցեր, գրական տարբեր նիւթեր, blog-ի հետ կապուած քննարկումներ եւ երբեմն ալ հիւրեր կը հրաւիրուին, ու ըստ այդմ նիւթերը կ՛որոշուին ու կը քննարկուին: Կարդացուելիք կամ քննարկուելիք նիւթը նախապէս ե-նամակով կը բաժնուի աշխատակիցներուն, իրենց հարցադրումները կամ խօսքերը ի մի կը բերուին եւ զրոյցը բաւական արդիւնաբեր կ՛ըլլայ թէ՛ գաղափարներու փոխանակման իմաստով, թէ ալ աշխատակիցներուն զիրար ճանչնալու պատեհութեամբ: Blog-ը այս ձեւով շնչաւոր վայր մը կը դառնայ, ուր կը բնակին համախոհ եւ նոյն հետաքրքրութիւնը ունեցող մարդիկ: Կարծէք նոյն մտահոգութիւններն ու յոյզերը ապրող փոքրիկ համայնք մը ըլլայ: Եւ այս կապը նաեւ անձնական շփումներու կը վերածուի: Ովքերո՜ւ ծանօթացած եմ blog-ին շնորհիւ: Եւ առիթ ունեցած ենք քով քովի ալ գալու, օդային հարթակէն դուրս, իրական կեանքին մէջ: Այս բոլորը կ’ըսեմ, որովհետեւ կը զգամ, որ աշխատակիցները իրարմով կը խրախուսուին, կը ներշնչուին եւ զիրար կը քաջալերեն, ինչ որ շատ կարեւոր է գրական մթնոլորտի ստեղծման ու պահպանման համար: 

 

– Հրապարակելիք նիւթերը ինչպէ՞ս կ’ընտրէք: Որո՞նք կրնան մասնակցիլ այս կայքէջին:

– Հարթակը բաց է բոլորին առջեւ: Գիրի մօտ եղող ոեւէ անձ կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել blog-ին: Նիւթերու սահմանափակումներ չկան, նիւթերը մենք չենք որոշեր, գրողը ինքն է տէրը իր գրութեան, խմբագիրին կը մնայ ուղղութիւններ տալ եւ գրական ճաշակը զարգացնելու աշխատանք տանիլ: Ինչ որ կ’ըլլայ արդէն մեծ բծախնդրութեամբ: Ըսեմ նաեւ, որ խմբագրութիւնը ձեռքերը ծալած չի սպասեր գրողի մը յայտնութեան, յաճախ ինք կ’երթայ անոր եւ “կ՛որսայ”, երբ ֆէյսպուքեան ալիքներուն վրայ գրիչ շարժողներ տեսնէ: Այս առումով ալ քաջալերանքը մեծ դեր կրնայ խաղալ սկսնակ գրողներուն համար: Գրողները կը վկայեն. “Առանց ձեր քաջալերանքին, մենք համարձակութիւնը պիտի չունենայինք գրելու կամ յարատեւելու…”, սակայն երբ գրելու աշխատանքը (թէկուզ քաջալերանքէ մղուած) արդէն իսկ կը սկսի սովորութիւն դառնալ ու գրողի առօրեային մէկ մասը կազմել, ինքնաբերաբար, ան իր ներքին մղումովը կը գրէ, առանց որեւէ քաջալերանքի սպասելու: Ասոր կողքին կ՛աւելնայ այլ բարի սովորութիւն մը եւս. որպէսզի առաւելապէս զարգացնէ իր գրելաոճն ու լեզուն` գրողը նաեւ ընթերցանութեան կը փարի եւ միթէ այս չէ՞ մեր գերագոյն նպատակը` լեզուի սահուն գործածութիւնը ապահովել, պահպանել ու տարածել: 

 

– Նկատած եմ, որ արեւմտահայերէնի կողքին արեւելահայերէն եւ բարբառային գրութիւններ ալ կը հրապարակէք: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին:

– Հայերէն blog-ի գլխաւոր նպատակը արեւմտահայերէնին զարկ տալն է եւ այդ ուղղութեամբ ալ կ՛աշխատի արդէն: Երբեմն դպրոցականներէ գրութիւններ կը ստանանք, որոնց մէջ մէկ-երկու արեւելահայ աշակերտներու գրութիւններ կ՛ըլլան: Անշուշտ որ չենք մերժեր, որովհետեւ անոնք տուեալ դասարանին մաս կը կազմեն: Գիտէք հարկաւ պարագան Սփիւռքի կարգ մը դպրոցներուն. հոն առկայ են դասական Սփիւռքի շառաւիղներ եւ Հայաստանէն գաղթած, նոր Սփիւռք կազմած, նոյն վարժարանը յաճախող աշակերտներ: Բոլորն ալ կը խրախուսենք, անխտիր: Ունինք նաեւ պարսկահայ, այժմ գերմանաբնակ գրող մը, որ կը գրէ արեւելահայերէն, մնացածը ամբողջութեամբ արեւմտահայերէն է, վերը նշուած պատճառներով: Ինչ կը վերաբերի բարբառներուն, այո՛, իրաւացի էք: Հայերէն blog-ի բաժիններէն մէկը բարբառներու բաժինն է: Բարբառները մեր լեզուին հարստութեան մաս կը կազմեն եւ ունին պատմական եւ լեզուական արժէքներ: Ի՜նչ հաճելի է, երբ Կիւմրի կ՛երթամ ու “սիրեմ կը” կը լսեմ մեր հայրենակիցներէն: Կը նշանակէ որ “կը” ճիւղի բարբառը ցարդ գործածուող լեզու է արեւելահայ շրջանակներէն ներս` անշուշտ հասկնալով պատմական տեղաշարժը Կարինէն Կիւմրի: Նոյն պարագան է նաեւ Գեղարքունիքի մարզի բնակիչներուն խօսակցականը, հոն ցարդ պահպանուած կը գտնենք Պայազիտի եւ Մշոյ բարբառները: Պէտք է շեշտենք, սակայն, որ ժամանակն ու վայրը, նաեւ բնակչութեան տեղաշարժները մեծ ազդեցութիւն գործած են խօսակցական լեզուին վրայ եւ միշտ ալ փոփոխութեան ենթարկած: Գիտակցելով բարբառներու կարեւորութեան, Հայերէն blog-ը յատուկ բաժինով մը իր ընթերցողներուն կը հրամցնէ Քեսապի, Զէյթունի, Մուսա Տաղի, Համշէնի, Ապարանի, Ղափանի, Սիսեանի… եւ այլ բարբառներով գրութիւններ, իբր գոյն ու երանգ մեր լեզուին:  

 

– Շատ ողջունելի է, որ նոր սերունդին, յատկապէս դպրոցականներուն ալ առիթ կ՛ընծայէք իրենց պատումներով մասնակից դարձնելու Հայերէն blog կայքէջին: Մանրամասնութիւններ կու տա՞ք այս մասին:

– Դպրոցականները գրելու մղելը շատ կարեւոր աշխատանք մըն է. փոքր տարիքէն սիրել տալ գիրն ու լեզուն, որպէսզի աւելի ուշ այդ վարժութիւնը սովորութիւն դառնայ եւ ան չհեռանայ լեզուէն, այլ լեզուի միջոցով իր գիտելիքները հարստացնէ ու ճիշդ արտայայտուի: Այս պատճառով ալ կապ հաստատած ենք Սփիւռքի տարբեր գաղութներու ուսուցիչներու հետ եւ իրենց ընտրութեամբ մեզի հասած գրութիւնները երբեմն որոշ խմբագրումէ ետք, կը տեղադրենք blog-ի էջերուն: Մեր աշխատանքին դիմաց մեծ գոհունակութիւն կը զգանք, երբ ուսուցիչներ կը յայտնեն, թէ որքա՜ն խանդավառութիւն կը ստեղծուի դասարանին մէջ, երբ աշակերտները իրենց գրութիւնները համացանցային կայքէջի մը մէջ կը տեսնեն: Ուսուցիչները կարդալ կու տան, երբեմն նեկայացումներ ալ կ՛ընեն իրենց տեղադրուած այս կամ այն նիւթը օգտագործելով: Այդ ներկայացումները կը տեղադրուին blog-ի YouTube-ի բաժնին մէջ: Կը հաւատանք, որ երբ մթնոլորտը ստեղծուի, աշակերտին դրական արդիւնքը կ՛ապահովուի: Հոս կը ստիպուիմ խոստովանութիւն մը ընել, թէ Հայերէն blog-ի այս ամբողջ աշխատանքները սիրայօժար կը կատարուին: Թերեւս, եթէ նիւթական այլ դիւրութիւններ ունենայինք` կարենայինք աւելի ընդարձակել մեր գործունէութիւնը եւ տարբեր հարթակներու վրայ աշակերտական տարբեր ծրագիրներ մշակել: Ամէն պարագայի, ծրագիր ունինք, յառաջիկային, տարբեր գաղութներու աշակերտները (օրինակ՝ Պոլիս եւ ֆրանսա) բերել նոյն հարթակին շուրջ, ծանօթացնել իրարու, նամակագրութիւններ ընել տալ, եւ ինչո՞ւ չէ` վիճարկումներ կազմակերպել: Տեսնենք: 

 

– Շատ շնորհակալ ենք այս բովանդակալից տեղեկութիւններուն համար: Բարի երթ ձեր այս շնորհակալ աշխատանքին: Վարձքերնիդ կատար:

– Շնորհակալ եմ:

 

Հայերէն blog-ի աշխատակիցներու առաջին հաւաքը Պոլսոյ մէջ

 

Հայերէն blog-ի աշխատակիցներու երկրորդ հանդիպումը Պոլսոյ մէջ