Զրոյց` «Georgetown Boys Stories- By Their Sons And Daughters» Գիրքին Հեղինակ Հրատ Բոլատեանի Հետ


Յունաստանի Քորֆու քաղաքէն ժամանած որբ տղոց առաջին խումբը, Ճորճթաուն,1925: Նկարը՝ Աբրամեան ընտանիքի հաւաքածոյէն:

*(Ի յիշատակ իր հօր՝ հեղինակը կը փափաքի Փօլատեան մականունը գրել Բոլատեան):

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Գանատայի կառավարութեան որոշումով, 1923-1927-ի միջեւ Գանատա բերուեցան եւ Օնթարիոյի Georgetown աւանին մէջ հաստատուեցան 110 հայ որբեր: 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Գանատա տեղափոխուած այս տղաքն ու աղջիկները Georgetown-ի ագարակին մէջ ապրելով կոչուեցան «Georgetown Boys»: Հետագային՝ Գանատայի մարդասիրական այս արարքը կոչուեցաւ Գանատայի Ազնիւ Փորձառութիւնը (Noble Experiment): Իսկ Ճորճթուանի տղաքը դարձան գանատացի եւ հայ գաղութի գործուն անդամներ:

Մինչ օրս քանի մը հեղինակներ Ճորճթաունի տղոց մասին գիրքեր հրատարակած են. վերջերս Հրատ Բոլատեան հրատարակեց «Georgetown Boys Stories By Their Sons And Daughters» ուսումնասիրութիւն-գիրքը, որ կը բովանդակէ վաւերագրական նիւթեր, որոնք յիշուած են տղոց հարազատ զաւակներուն վկայութեամբ։ Հրատ Բոլատեանի հետ սոյն գիրքին հրատարակութեան առթիւ հարցազրոյց մը ունեցանք իմանալու գիրքի ստեղծման ընթացքը եւ հոն ներառուած նիւթերը։

Հարցում. Այս գիրքը հրատարակելու որոշումը ինչպէ՞ս կայացուցիք։

Գիրքին հեղինակ Հրատ Բոլատեան

Պատասխան. Georgetown Boys-ը պատմական իրականութիւն մըն է, որ պէտք է յիշուի գանատական պատմութեան մէջ` մասնաւորապէս ոչ հայերու կողմէ: Ճիշդ այդ պատճառով որոշում կայացուցի այս գիրքը գրելու եւ հրատարակելու։ Ցեղասպանութեան ճիրաններէն փրկուած ու որբացած մեր պապիկ-մամիկներու, ինչպէս նաեւ հոս՝ Ճորճթաունի տղոց պարագային՝ փրկութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ, արժանապատիւ կեանք մը ապրելու տասնեակ դրուագներ կը յիշեմ այս գիրքիս մէջ. անոնք ընդհանրապէս պատմուած են իրենց հարազատ զաւակներուն կողմէ եւ փոխանցուած ինծի։

Հ.- Ճորճթաունի տղոց Գանատա հասնելուն ու հաստատուելուն պատմականը կրնա՞ք հակիրճ ձեւով ներկայացնել մեր ընթերցողներուն։

Պ.- Անշո՛ւշտ։ 1923-ին Գանատայի մէջ կը հիմնուի ARAC. Armenian Relief Associaion of Canada. Միութեան գործադիր անդամներէն մէկն էր պրն․ Լեւոն Պապայեանը, որ Գանատայի կառավարութենէն կը խնդրէ Միջին Արեւելքի հայ որբերէն ոմանք ուղարկել Գանատա: 1923-1926-ի միջեւ, երեք հանգրուաններով Յունաստանէն 110 հայ որբեր կը հասնին Գանատա եւ կը տեղաւորուին Օնթարիօ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքի ագարակներէն մէկուն մէջ, որ յետագային կը կոչուի «Ճորճթաունի Հայ Տղոց Տուն»: Հայ որբերը աշխատած են ագարակին մէջ, որպէս հողագործներ եւ միեւնոյն ժամանակ կրթութիւն ստացած են ագարակի դպրոցին մէջ: Տարիներ ետք, պատասխանատուները կ’առաջարկեն տղոց՝ փոխել իրենց անունները, սակայն տղաքը կը մերժեն ըսելով, որ իրենց ծնողներէն եկած այդ ժառանգութիւնը (հայկական անունները) կ’ուզեն պահպանել եւ այդպէս ալ կ’ըլլայ. անոնք կ’ապրին հայօրէն` պահպանելով իրենց անուններն ու ազգութիւնը։

Գանատայի կողմէ միջազգային մաշտապով առաջին մարդասիրական գործողութիւնն էր ասիկա։

2010-ին, պաշտօնական արարողութեամբ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ, պատմական այս վայրը, կը հռչակուի քաղաքապետական ժառանգութեան պատկանող պատմական պահպանուած վայր։

Հ.- Մինչեւ գիրքին հրատարակութիւնը ինչպիսի՞ պրպտումներ ըրիք եւ որո՞նք եղան ձեզի նիւթեր ապահովող աղբիւրներն ու խորհրդատուները։               

Պ.- Այս գիրքին պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը պիտի նմանցնեմ ճամբորդութեան մը, որ կը սկսի առանց քարտէզի։ Աշխատանքը սկսած պահուս չէի գիտեր, թէ որո՞ւ պիտի դիմեմ, նիւթերը ինչպէ՞ս ապահովեմ եւ ի վերջոյ այս աշխատանքը ինչպէ՞ս ապահով ափ պիտի հասցնեմ։ Harry Hatch Խաչատուրեանի աղջիկներէն մին՝ Suzanne Hatch, որուն նկարը գիրքին կողքին վրայ կը տեսնէք, ինծի ներկայացուց Գարլ Ճորճեանը, որ զաւակն է Գէորգ Գէորգեանին` Ճորճթաունի տղաներէն մէկուն։ Գարլը ինծի CD մը ղրկեց, ուր տեղեկութիւններ, հասցէներ եւ անուններ կային եւ այդ CD-ն հանդիսացաւ բանալին այն դրան, ուրկէ մտնել կարելի էր դէպի Ճորճթաունի տղոց իրական աշխարհ։ Պրպտումներու աշխատանքիս ընթացքին նաեւ դիմեցի պատմաբաններ` փրոֆեսորներ Լոռն Շիրինեանին եւ Իզապէլ Գաբրիէլեանին եւ Սօնա Զէյթլեանին, որոնք ամենայն համեստութեամբ օգնեցին ինծի իրենց խորհուրդներով, հետեւաբար, իրենց խորհրդատուութեամբ եւ ցուցմունքներով է որ հեզասահ ընթացաւ այս գիրքին պատրաստութիւնը։

Այն ժամանակ Թորոնթոյի հոգեւոր հովիւն էր Տ․ Գեղարդը, որ ինծի առաջարկեց խօսիլ հայերուն մասին գրուած զոյգ գիրքի հեղինակ Մարշա Ֆորչուքին հետ եւ, ահաւասիկ, պրպտումներու արկածալից օրերը սկսան։ Կապեր ստեղծեցի Ճորճթաունի 10 տղոց զաւակներուն հետ, որոնք առանց զլանալու՝ իրենց ծնողքին նկարները, կեանքի հանգրուանները եւ ընտանիքին մասին տեղեկութիւնները ուղարկեցին ինծի, հետեւաբար, Ճորճթաունի տղոց կեանքի շղթային օղակները սկսան իրարու քով գալ եւ այսպիսով գիրքիս ուրուագիծը յստականալ։ Հետեւաբար, Յունիս 2018-ին սկսած աշխատանքս աւարտեցի Սեպտեմբեր 2019-ին։

Հոս տեղին է յիշել, որ զաւակս` Տիգրան Բոլատեան, ինքն է «The Georgetown Boys Stories By Their Sons And Daughters» գիրքիս ամբողջ աշխատանքին դասաւորողն ու կարգաւորողը՝ էջադրումէն մինչեւ ձեւաւորում։ Կ’ուզեմ յիշել, որ Ճորճթաունի քանի մը տղոց զաւակները եւ իմ բարեկամներէս ոմանք սիրայօժար աջակցեցան այս գիրքին հրատարակութեան ծախսերուն։

Հ.- Եղա՞ծ են արդեօք յիշարժան պարագաներ կամ դէպքեր, որոնք յիշուած են այս գիրքին մէջ եւ կը յուզեն ձեզ։

Պ.- Շատ յիշարժան պարագաներ կան այս գիրքին մէջ, եւ ամէն անգամ գիրքը կարդացած պահուս կը յուզուիմ եւ աչքերս արցունքով կը լեցուին։

Առաջինը` Լոռն Շիրինեանի յիշատակութիւնն է։ Ան իր գիրքին մէջ յիշած է, թէ տարիներ առաջ ինչպէ՜ս Ճորճթաունի տղոց յիսնամեակին առիթով հաւաքոյթ մը կազմակերպուած էր եւ ինք իր հօր (որբ տղոցմէն մէկը) հետ, առանց ուզելու, գացած եւ մէկուսի կեցած է եւ իբրեւ օտար, վերապահօրէն հեռուէն դիտած է զանոնք։ Սակայն հօրը ընկերները եւ հոն գտնուող ներկաները, երբ իրեն մօտեցած եւ հետը ջերմօրէն զրուցած են՝ իր հայկական կէները կեանքի կոչուած են եւ հոն ինք գիտակցած է, որ ժառանգորդն է այնպիսի պատուաբեր ազգի մը, որ արժանի է յարգանքի ու մեծարանքի․ «I am the inheritor of a proud Armenian heritage», կը գրէ ան։

Երկրորդը` Harry Hatch-ին Հէմիլթընի մէջ ապրող աղջկան յիշատակութիւնն է։ Հէրին Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին մասնակցելու համար Անգլիա կ’ուղարկուի, սակայն շնորհիւ իր ինքնաշարժ քշելու հմտութեան (անցեալին, Ճորճթաունի մէջ հողագործութեամբ աշխատած ժամանակ մեքենարօրի վարիչը եղած է), սպաներուն վարորդը կը դառնայ եւ պատերազմի թէժ գիծէն հեռու կը մնայ։ Օր մը հայ աղջիկներու հանդիպելու համար, երբ երեկոյթի մը կը մասնակցի Ռոքսանա անունով աղջկայ (իր ապագայ տիկնոջ) մը հետ կը ծանօթանայ եւ իրենց մէջ նամակագրութիւն մը կը սկսի։ Ամէն օր, առանց բացառութեան, Հէրին նամակ կը գրէ սիրահարած աղջկան։ Օր մըն ալ Ռոքսանային ուղարկած նամակներէն մէկուն մէջ ամուսնութիւն կը խնդրէ իրմէ։ Աղջիկը, շուարած, հօրը քով կ’երթայ եւ անոր կարծիքը կը խնդրէ. «Անձ մը, որ պատերազմի մէջ ըլլալով հանդերձ, ամէն օր, առանց բացառութեան նամակ կը ղրկէ քեզի, ուրեմն լաւ ամուսին ըլլալու ատակ է», կ’ըսէ հայրը։ Անոնք կ’ամուսնանան եւ 3 աղջիկներով կը բախտաւորուին։

Ուրիշ օրինակ մը՝ Turco-Persian Rugs գորգավաճառի խանութին տիրոջ՝ Գրիգոր Գասպարեանի պատմութիւնն է։ Ճորճթաունի տղոցմէ մէկը եղող Գրիգորը կ’աշխատէր գորգավաճառ պրն. Իւթիւճեանի խանութին մէջ եւ տուն-տեղ չունենալուն պատճառաւ խանութին մէջ կը գիշերէր ու գորգերուն վրայ կը քնանար։ Վարպետին մահանալէն ետք,  պրն. Իւթիւճեանի տիկինը առաջարկած է, որ իբր գործընկեր աշխատի հոն։ Տարիներ ետք, շնորհիւ իր աշխատասիրութեան՝ ինք կը դառնայ այդ խանութին տէրը, եւ իր բարեկամները` Ճորճթաունի տղաքը կը կանչէ,  որ իրեն հետ աշխատին։

Հ.- Արդեօք հանդիպա՞ծ էք այդ տասը զաւակներուն, որոնք յօժարած էին ձեզի աջակից դառնալով՝ ապահովելու իրենց ծնողքին կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն տեղեկութիւնները։

Պ.- Դժախտաբար համավարակը պատճառ դարձաւ, որ մենք անձամբ հանդիպումեր չունենանք՝ ի բացառեալ երկու հոգիին, սակայն բոլորը սիրայօժար մասնիկց դարձան այս ծրագրին յաջողութեանը, որովհետեւ բոլորն ալ հոգիով եւ սրտով 100% հայ են, եւ հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք հայերէն խօսիլ չեն գիտեր, սակայն հայու ոգին ժառանգած են իրենց ծնողներէն։ Անոնք նոյնիսկ որոշ գումարով մը գիրքի ծախսերուն մասնակից դարձան, որպէսզի այսպիսով անմահ պահեն ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Գանատա հասած իրենց ծնողքին յիշատակը։ Թերեւս եթէ Ճորճթաունի տղոց 100-ամեակը նշենք, անոնք ալ ներկայ կ’ըլլան այդ հանդիպման։

Հ.- Վաւերագրական արժէք ունեցող այս գիրքը արդեօք  հասանելի դարձա՞ծ է գանատական հանրութեան եւ հայ գաղութին։

Պ.- Ես շատ ուրախ եմ, որ կրցայ այս գիրքը հրատարակել։ 100 օրինակ տպուեցաւ այս գիրքէն (իմ անձնական միջոցներովս) եւ օրինակները ղրկուեցան գանատական բոլոր թանգարաններուն, մեծագոյն գրադարաններուն, հայկական հաստատութիւններուն եւ դպրոցներուն, Թորոնթոյի Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին եւ ձեզի, որպէսզի հայ գաղութը տեղեակ ըլլայ այս պատմական իրականութեան մանրամասնութիւններուն մասին։

Այս գիրքին հրատարակման աջակից Ճորճթաունի տղոց տասը զաւակներուն ալ մէկական օրինակ ղրկեցի եւ անոնք շատ գոհ մնացին։

Դժբախտաբար, գանատական գրադարանները (Public Library) յօժարութիւն չտուին, որովհետեւ իրենց պայմանները այլ են, բայց ամենէն կարեւոր հանգամանքը այն է, որ յաջողեցայ գիրքս ուղարկել Library and Archive Canada, Օթաուայի՝ Canadian History Museum-ի Multi Cultural Association գրադարանին  եւ հոն տեղադրել՝ անհրաժեշտ կեդրոններուն մէջ։ Գիրքը նաեւ տեղադրուած է Academia.edu կայքին մէջ եւ տեսնուած ու կարդացած է աւելի քան 1700 մարդու կողմէ, ինչպէս նաեւ ես գիրքին PDF-ը ուղարկած եմ աւելի քան 500 անձերու:

Մեծ սիրով կրնամ գիրքիս անվճար PDF օրինակը ղրկել նաեւ փափաքողներուն, կրնան անոնք դիմել ինծի՝ հradpol@gmail.com  հասցէին, սակայն կ’ուզեմ ընթերցողներուս թելադրել, որ անոնք նախքան գիրքս ընթերցելը կարդան 1976-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով, հրատարակուած Ճագ Աբրամեանին ( “The Georgetown Boys” by Jack Apramian ) գիրքը։

Հայ որբերուն Գանատա, Օնթարիոյ նահանգի Ճորճթաուն քաղաք տեղափոխուելուն եւ հաստատուելուն 100-ամեակի շեմին ենք, կը յիշեմ, թէ ինչպէս 1950-ական եւ 1980-ական թուականներուն Հայ Կեդրոնէն ներս նշուեցան տղոց ամեակները։ Երազս է, որ 2023-ին, Georgetown Boys-ին 100-ամեակին առիթով ամբողջ գանատահայութիւնը միանայ եւ պատշաճ ձեւով նշէ պատմական արժէք ունեցող այս 100-ամեակը։ Այս մէկը գանատահայ գաղութին կողմէ եղած՝ Գանատայի կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնելու նուազագոյն միջոցը պիտի ըլլայ։

“The Georgetown Boys Stories By Their Sons And Daughters” գիրքին կողքը

Ճորճթաունի տղոց նկարներէն

2010-ին, պաշտօնական արարողութեամբ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ, պատմական այս վայրը, կը հռչակուի քաղաքապետական ժառանգութեան պատկանող պատմական պահպանուած վայր։