«Հաց Բերող» Արթուր Սարգսեան Մահացաւ


ԵՐԵՒԱՆ․ Մարտ 16ին ազատամարտիկ Արթուր Սարգսեան՝ «Հաց բերող»ը, «Արմենիա» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացաւ: Բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արսէն Գրիգորեան ըսած է, որ ան «պորտային իջուածք ունէր, վիրահատութեան  ենթարկուած էր, սակայն սրտանօթային սուր անբաւարարութեան հետեւանքով մահացած է»:

Անցեալ ամառ Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած «Սանսայ ծռեր» զինուած խումբի գործով կալանաւորուած Արթուր Սարգսեան կը մեղադրուէր զինուած խումբին օժանդակելու մէջ․ գունդի տարածքը գրաւելու օրերուն ան մեքենայով ճեղքած էր ոստիկանական պատն ու սնունդ հասցուցած էր զինուած խումբին:

Դեկտեմբերի վերջին, հաշուի առնելով առողջական վիճակը, Սարգսեան ազատ արձակուած էր: Փետրուար 9ին, սակայն, դարձեալ կալանաւորուած էր։ Կրկին անազատութեան մէջ յայտնուելու յաջորդ օրուընէ ան անժամկէտ հացադուլ յայտարարած էր: 25 օր հացադուլի մէջ մնալէ ետք, Մարտ 6ին, Ազգային ժողովի 27 պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ «Հաց բերող»ը կրկին ազատ արձակուած եւ տեղափոխուած էր «Արմենիա» բժշկական կեդրոն:

Արթուր Սարգսեանի մահուան փաստով քրէական գործ յարուցուած է ` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 130րդ յօդուածի 2­րդ մասի (բժշկական օգնութիւն ու սպասարկում իրականացնողներու կողմէ մասնագիտական պարտականութիւնները չկատարելը կամ ոչ պատշաճ կատարելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է բուժուող հիւանդի մահը) յատկանիշներով: