Հենրիխ Մխիթարեանը` «Inside United»ի Շապիկին


Հայաստանի հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Inside Unitedի ապրիլեան թիւի շապիկին աստղն է։

Կը նշուի, որ Մխիթարեանը «ուղղակի անհնար է կանգնեցնել», երբ ան գնդակով առաջ կը սլանայ, ինչպէս անկասելի է նաեւ ֆութպոլի մէջ մեծ նուաճումներու հասնելու անոր ձգտումը»: Պարբերականը Մխիթարեանը բնութագրած է, իբրեւ «անկասելի ուժ»:

Inside Unitedին տուած հարցազրոյցին Մխիթարեան պատմած է, թէ ինչպէս է 13 տարեկանին եղած է Պրազիլ, ուր կը ջանար յղկել իր հմտութիւններն ու եւս մէկ քայլ ընել դէպի ֆութպոլային փառքը: Ըստ ֆութպոլիստին՝ շատեր կը կասկածէին իր ուժերուն վրայ, սակայն ատիկա դրդեց զինք ապացուելու հակառակը:

«Կրնամ ըսել, որ մեծաւ մասամբ մարդիկ իմ ուժերուս չէին հաւատար: Մարդիկ ուղղակի կը ծիծաղէին եւ կը կարծէին, որ ես չեմ կրնար այդ մակարդակին հասնիլ», ըսած է ֆութպոլիստը:

Անդրադառնալով «Մանչեսթըր Եունայթըտ» տեղափոխուելուն` Մխիթարեան ըսած է, որ երազանք ունէր` «խաղալ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլային ակումբներէն մէկուն մէջ, ինչ որ կ՛ընէ հիմա»: