Հենրիխ Մխիթարեան Ամուսնացաւ Սուրբ Ղազար Կղզիին Մէջ


Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոնտոնի «Արսենալ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ամուսնացաւ:

Թուիթըրի իր էջին մէջ Մխիթարեան լուսանկար տեղադրած է կնոջ` Պեթի Վարդանեանի հետ պսակադրութեան արարողութենէն եւ գրած. «Ամուսնացիր եւ մնա՛ ինծի հետ ընդմիշտ»:

Պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Վենետիկի` հայկական Սուրբ Ղազար կղզին մէջ:

Մխիթարեանի ընտրեալը գործարար Միքայէլ Վարդանեանի դուստրն է: