Հենրիկ Մխիթարեան՝ «Փրեմիէր Լիկ»ի Ամսուան Լաւագոյն Կօլի Մրցանակակիր


«Սանտըրլենտ»ի դէմ խաղին «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանի կօլը նկատուած է «Փրեմիէր Լիկ»ի Դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն կօլը: Ըստ «Տէյլի Մէյլ»ի՝ Հայաստանի հաւաքականի աւագը ստացած է լաւագոյն կօլի մրցանակը։

Յատկանշական քայլով մը, Հենրիկ Մխիթարեան Դիմատետրի իր էջին վրայ երախտագիտութիւն յայտնած է այս մրցանակին համար՝ զայն կիսելով քաղցկեղէ տառապող փոքրիկի մը հետ։ «Պատիւ է ստանալ «Պրեմիէր Լիգա»ի ամսուայ լաւագոյն գոլի մրցանակը: Ես ցանկանում եմ այն կիսել իմ թիմի եւ «Սանդերլենդ»ի փոքրիկ հերոսի՝ Բրեդլի Լուէրիի հետ, ով գոլ է խփել «Չելսի»ին: Ուժե՛ղ եղիր, տղայ», գրած է Մխիթարեան։ Քաղցկեղով հիւանդ փոքրիկը «Սանտըրլենտ»ի երկրպագու է։