Հզօր Պայթում Պէյրութի Մէջ․ Վնասուած Են Նաեւ Հայկական Թաղամասեր ու Ազգային Կեդրոններ


Պայթումին հետեւանքով մոխրացած նաւահանգիստի շինութիւնները

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»- Այսօր՝ Օգոստոս 4-ի երեկոյեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցաւ հզօր եւ աննախընթաց պայթում մը։

Նախնական տուեալներու համաձայն, պայթուցիկ նիւթերու շտեմարան մը տակաւին ոչ յայտնի պատճառներով կրակ առած եւ պայթած է: Լիբանանեան մամլոյ աղբիւրներ կը խօսին հարիւրաւոր զոհերու եւ հազարաւոր վիրաւորներու մասին: Պէյրութի քաղաքապետ Մարուան Ապուտ յայտնեց աղէտը կարելի է համեմատել Հիրոշիմայի պայթումին հետ:

Աննախընթաց հսկայ պայթումը աւերած է շրջակայ թաղամասերը, որոնց շարքին նաեւ հայաբնակ Մար Մըխայէլ, Քարանթինա, Էշրէֆիա, Պուրճ Համուտ եւ  Տորա շրջանները։ Փշրուած են շէնքերու եւ տուներու ապակիները, վաճառատուներու փեղկերը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս` ուղեկցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, շրջած է հայահոծ թաղերը՝ մօտէն ծանօթանալու տիրող կացութեան։ Ան հանդիպում ունեցած վիրաւոր հայորդիներու հետ,  օհնած է զանոնք ու բարի ապաքինում մաղթած անոնց։  Հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է, որպէսզի ժողովուրդին անմիջական կարիքները հոգան:

Ծանր վնասներ կրած է նաեւ Պուրճ Համուտի մէջ գրուող Շաղզոյեան կեդրոնը, ուր կը գտնուի «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը, Մ. Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակը, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանն ու գրախանութը եւ այլ գրասենեակներ։ Մեծ վնասներ կրած են նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքը, Հայկազեան Համալսարանը եւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիներ եւ կեդրոններ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտնած է, որ նախարարութիւնը կապի մէջ է Լիբանանի պատկան մարմիններու եւ տեղի համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու հետ: «Հայահոծ թաղամասերուն, ինչպէս ողջ Պէյրութի մէջ, աւերածութիւնները զգալի են: Այս պահի դրութեամբ նախնական տեղեկութիւն կայ ազգութեամբ մէկ հայու մահուան եւ քանի մը հոգիի` տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ունենալու մասին` հիմնականօրէն տուներու մէջ` ապակիներու փշրուելու հետեւաքով», «ֆեյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Նաղդալեան:

Մամուլի խօսնակը նշած է նաեւ, որ պայթումէն մասնակիօրէն վնասուած է նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շէնքը:

Արեւելք լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ զոհուածը լիբանանահայ գործիչ Նազար Նաճարեանն է:

Լիբանանի մէջ Օգոստոս 5-ին յայտարարուած է սգոյ օր:

Լուսանկարներ․ Արամ Ա․ կը շրջի հայկական թաղամասերը եւ կ՛այցելէ վիրաւորները

 

“Շաղզոյեան” կեդրոնի կրած վնասներէն պատկերներ եւ տեսանիւթ․

Լուսանկարները՝ “Եռագոյն” կայքէն