«Հիմա Յուսահատելու եւ Խուճապի Մատնուելու ժամանակը Չէ, Հիմա Ժամանակն է, Որ Բոլորս Միասին Աշխատինք», «Թորոնթոհայ»ի Կ՛ըսէ ՀԲԸՄ Պէյրութի Աղէտի Յատուկ Յանձնախումբէն Մ. Կիրիթլեան


Մայք Կիրիթլեան

Լիբանանի ՀԲԸՄի Աղէտի Յատուկ Յանձնախումբի անդամ Մայք Կիրիթլեան «Թորոնթոհայ»ի հետ զրոյցի ընթացքին կը յայտնէ, թէ այսօրուան դրութեամբ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան AGBU Humanitarian Relief Fund for Lebanese Armenians-ի համար հաւաքուած է երեք միլիոն տոլար եւ Վաչէ Մանուկեան խոստացած է կրկնապատկել նուիրատուութիւններուն քանակը։ Կամաւորներէ բաղկացած Յանձնախումբը հազար ընտանիքի ուտեստեղէն եւ դեղորայք կ’ապահովէ, վնասուած տուներու վերանորոգման ծրագիրներ կը մշակէ եւ անօթեւաններուն ապրելու վայրեր կը յատկացնէ։

*Ծանօթ. հարցազրոյցին մէջ նշուած չորս միլիոնի հանգանակութիւնը պէտք է ըլլայ երեք միլիոն, ըստ ՀԲԸՄի փոխանցած վերջին տեղեկութեանց: