Հիմնուելով Նոր Փաստաթուղթերուն Վրայ‚ Այժմ Շատ Դժուար է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտել. Թաներ Աքչամ


Մինչ աշխարհի տարածքին հայ համայնքները կ’ոգեկոչէին Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակը՝ թուրք պատմագէտ դոկտ. Թաներ Աքչամի կողմէ կատարուած նորագոյն յայտնաբերումը վերածուած էր քննարկումի գլխաւոր նիւթի‚ որուն անդրադարձան առաջատար լրատուամջիոցներ եւ հրատարակութիւններ։ Աքչամ‚ որ կը կոչուի նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Շերլօք Հոլմզ»‚ տարիներէ ի վեր կ’ուսումնասիրէ ցեղասպանութիւնը՝ հաւաքելով աշխարհի տարածքէն փաստաթուղթեր՝ պայքարելու համար թրքական պետութեան ժխտողականութեան դէմ։

Ըստ Աքչամի‚ իր վերջին բացայայտումը‚ զոր կը նկատէ «անհերքելի փաստ» եւ «ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը»‚ կը փաստէ‚ թէ օսմանեան կառավարութիւնը կը գիտակցէր եւ մեղսակից էր հայ ժողովուրդի բնաջնջումին։ Այս փաստաթուղթերը Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք կը կարծուէին կոսրուած ըլլալ‚ սակայն այժմ յայտնաբերուած են։

Փաստաթուղթը‚ որ յետպատերազմեան թուրք կառավարութեան կողմէ վաւեր նկատուած է‚ օգտագործուած է ցեղասպանութեան հեղինակ Պեհաէտտին Շաքիրը (Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն շարժումի հիմնադիրներէն մէկը) դատապարտելու՝ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրող գլխաւոր անձերէն մէկը։

Ստորեւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի Աքչամի հետ հարցազրոյցը.

Տիգրան Խոտանեան – Հեռագիրի յայտնաբերումը կոչած ես «անհերքելի փաստ» եւ «ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը»։ Ինչո՞ւ այս փաստաթուղթը աւելի կարեւոր կը նկատէք, քան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միւս փաստերը։

Թաներ Աքչամ – Այս փաստաթուղթը կը հաստատէ տարիներու ընթացքին հաւաքուած փաստերը։ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ամենէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկը Պոլսոյ մէջ զինուորական դատավարութեան արձանագրութիւններն են։ Պատմագէտ Վահագն Տատրեան այդ դատավարութիւնները օգտագործած է վերացնելու համար Թուրքիոյ ժխտողականութեան պատը։ Սակայն‚ դատարանի փաստերը միշտ քննադատուած են‚ որովհետեւ բնագիրները չէին։

Իրականութեան մէջ‚ Կունթըր Լեւի իր «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայկական ջարդերը՝ վիճելի ցեղասպանութիւն մը» խորագիրով գիրքին մէջ ռազմական դատարանի նիւթերը թերագնահատեց, պնդելով որ բնագիրները չունինք‚ որովհետեւ գոյութիւն չունին։ Այդ գիրքին մէջ ան կը գրէ. «1919-20ի ռազմական դատարանի հոլովոյթի ապացուցական արժէքին ազդող լրջագոյն հարցը այդ դատավարութիւններուն բոլոր փաստաթուղթերուն կորուստն է։ Այդ մէկը կը նշանակէ‚ որ բնագիրները չունինք փաստաթուղթերուն‚ երդուեալ վկայութիւններուն եւ տուեալներուն‚ որոնց վրայ հիմնուած են հաստատումներն ու վճիռները» (էջ 80)։

Եւ այժմ ունինք բնագիր փաստաթուղթերը՝ պաշտօնական անթեթաւոր թուղթերու վրայ‚ որոնք գրուած են ծածկագրի համակարգով մը։ Ծածկագրի համակարգը մեզի կ’արտօնէ սպանութեան եւ սպանութեան գործողութեան առնչուած նամակներուն իսկութիւնը հաստատել։ Այս մէկը մեծ հարուած մըն է ժխտողական պնդումներուն։ Պիտի շարունակեմ հրապարակել զինուորական դատարաններէն յաւելեալ փաստաթուղթեր‚ որովհետեւ գոյութիւն ունեցող աշխատութեանց կարեւոր յաւելում մըն է։

Տ.Խ. – Դուք նշած էք‚ որ փաստաթուղթը գտած էք հայ կաթողիկէ վարդապետի մը՝ Գրիգոր Կերկերեանի զարմիկին մօտ։ Կրնա՞ք այդ մասին խօսիլ։ Ինչպէ՞ս կրցաք վերջապէս ապահովել փաստաթուղթը։

Թ.Ա. – Փաստաթուղթը Նիւ Եորքի մէջ հայ կաթողիկէ վարդապետ Գրիգոր Կերկերեանի անձնական արխիւին մէջն էր։ Բնագիրը կը գտնուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան արխիւներուն մէջ։ Կերկերեան 1960ական թուականներուն այցելած է Պատրիարքարան եւ այդ արխիւները ամբողջութեամբ լուսանկարած։ Հանրածանօթ փաստաթուղթ մըն է եւ բազմաթիւ անգամ հրապարակուած է։ 1919-1921ին Պոլսոյ գլխաւոր դատավարութեան մէջ լայնօրէն մէջբերուած է։ Տարեան անձնապէս այցելեց Երուսաղէմ միեւնոյն ժամանակ կապի մէջ էր Կերկերեանի հետ‚ այս հեռագիրը օգտագործեց եւ իր ենթագրութիւններուն մէջ յղումներ կատարեց Կերկերեանին եւ Երուսաղէմի արխիւին։

Ամենէն կարեւորը‚ Հայկական համագումարը 1983ին լուսանկարեց Կերկերեանի ամբողջ արխիւը։ Այդ արխիւը հասանելի է 1983էն ի վեր‚ սակայն ոչ ոք կրնար զայն մանրամասնօրէն քննել‚ որովհետեւ պատշաճ ցանկագրում չկար։ Թերեւս ֆիլմի 100 փաթեթ կար, եւ գրեթէ անկարելի էր այս փաստաթուղթը գտնելու համար այդ բոլորը աչքէ անցընել։ Մասնագէտները Կերկերեանի արխիւին եւ Համագումարին մօտ անոր օրինակներու գոյութենէն տեղեակ էին։ 2000ին, երբ առաջին անգամ եկայ Միացեալ Նահանգներ‚ մօտեցայ Կերկերեանի զարմիկին եւ արտօնութիւն խնդրեցի քննելու բնագիրները‚ որոնք Նիւ Եորքի մէջ անոր մօտ են։ Ան մերժեց‚ որովհետեւ բոլոր նիւթերուն ֆիլմերը կը գտնուէին Ուաշինկթընի մէջ։ 2015ին‚ դարձեալ կապ հաստատեցի զարմիկին հետ՝ բնագիրները տեսնելու արտօնութիւն խնդրելու համար, եւ այս անգամ արտօնեց։

Տ.Խ. – Յայտնաբերելի յաւելեալ փաստաթուղթեր կրնա՞ն ըլլալ։

Թ.Ա. – Տակաւին յայտնաբերելի շատ այլ փաստաթուղթեր կան։ Պոլսոյ դատարանէն շարք մը բնագիր ծրարներ ունինք‚ զորս գիտենք, որ կը գտնուին Երուսաղէմի եւ Կերկերեանի անձնական արխիւներուն մէջ։

1940ական թուականներուն‚ մինչ Գրիգոր Կերկերեան Գահիրէի մէջ իր դոկտորական թեզին համար Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնաւորներու բնաջնջման մասին ուսումնասիրութիւն կը կատարէր‚ հանդիպում ունեցաւ օսմանեան նախկին դատաւորի մը հետ‚ որ անդամ էր Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Պոլսոյ ռազմական դատարանին։ Ան Կերկերեանին յայտնեց‚ որ երբ ռազմական դատարանին մէջ ծառայող դատաւոր էր‚ Հայոց Պատրիարքարանը դատավարանին մէջ հայերու պաշտօնական ներկայացուցիչն էր։ Անոնց արտօնութիւն տրուած էր դատական փաստաթուղթեր ձեռքբերելու, եւ հետեւաբար անոնց արտօնեց դատարանի փաստաթուղթերը առնելու։

Դատաւորը նաեւ Կերկերեանին յայտնած է‚ թէ 1922ին Պոլսոյ հայոց Զաւէն (տէր Եղիայեան) պատրիարքը ծրարներ փոխադրեց Եւրոպա՝ սկիզբը Մարսէյլ‚ Ապա Մանչեսթըր եւ ի վերջոյ Երուսաղէմ։ Ուստի 1960ական թուականներուն Գրիգոր Կերկերեան գնաց եւ այդ բոլորը լուսանկարեց։

Տ.Խ. – Ձեր յայտնաբերումը ինչո՞վ կը տարբերի այլ յայտնաբերումներէ եւ կը կարծէ՞ք‚ որ այս նորագոյն յայտնաբերումը Թուրքիոյ կեցուածքը կրնայ փոխել եւ Ինչո՞ւ։

Թ.Ա. – Կատարած յայտնաբերումս ծածկագրութեան համակարգին բացայայտումն է եւ նշումը, որ փաստաթուղթը գրուած է օսմանեան անթեթեաւոր թուղթի վրայ։ Թրքական իշխանութիւնները պիտի չկարենան փաստել, որ իսկական չէ։ Հեռագիրին վրայ եղող ծածկագրութիւնը անհերքելի է եւ իսկական ըլալլը ցոյց կու տայ։

Այսօր‚ Օսմանեան արխիւին մէջ գոյութիւն ունին հարիւրաւոր փաստաթուղթեր‚ հիմնականին մէջ նահանգներէն Պոլիս եկած հեռագիրներ։ Անոնք բոլորն ալ ծածկագրուած են արաբերէն թիւերով։ Չորս կամ հինգ թիւեր ցոյց կու տան բառ մը կամ յետնամասնիկներ։ Երբ այս ծածկագրուած հեռագիրները կը հասնէին Պոլիս‚ պաշտօնատարները իւրաքանչիւր թիւերու խումբին համապատասխան բառեր կը գրէին։ Ահա այս ձեւով է‚ որ այսօր կրնանք կարդալ այդ փաստաթուղթերը։ Պեհաէտտին Շաքիրի հեռագիրներուն ծածկագրութիւնը բաղդատեցի օսմանեան արխիւին մէջ եղածին հետ եւ գտայ, որ իրարու համապատասխան են։

Պարզապէս օրինակ մը տալու համար‚ Շաքիրի հեռագիրին մէջ տեղահանութիւն եզրը ծածկագրուած է «4889»ով։ Եթէ նոյն ժամանակաշրջանին նահանգներէն կեդրոնական կառավարութեան հասնող եւ Շաքիրի հեռագիրին նման չորս թիւեր ունեցող Օսմանեան փաստաթուղթերուն նայիք, կը տեսնէք, որ անոնք բոլորն ալ տեղահանութեան համար կ’օգտագործեն «4889» ծածկագիրը։

Ոչ ոք կրնայ պնդել‚ որ այս հեռագիրը իսկական չէ։ Հիմա‚ թրքական կառավարութիւնը պէտք է բացատրութիւն մը գտնէ‚ որովհետեւ «բնագիրը ցոյց տուր»ի պնդումը անօգուտ է այլեւս։ Բնագիրը ունինք։

Վստահ եմ‚ որ պիտի շարունակեն ժխտել ցեղասպանութիւնը‚ որովհետեւ ժխտողականութիւնը կապ չունի ակադեմական հետազօտութեան հետ‚ այդ մէկը քաղաքական հարց է։ Բայց ըսածս այն է‚ որ հիմնուելով նոր փաստաթուղթերուն վրայ‚ այժմ շատ դժուար է Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքել։ Այն պատճառաբանութիւնները‚ զորս տարիներէ ի վեր կ’օգտագործէին, այլեւս գործի չեն ծառայեր։ Ուստի‚ պէտք է նոր հնարքի դիմեն։

Տ.Խ. – Երուսաղէմի արխիւներուն մէջ հետազօտութիւն կատարելը պատմաբաններուն արտօնուած չէ՞։

Թ.Ա. – Այո՛‚ անոնք մասնագէտներուն հասանելի չեն։ Տարիներու ընթացքին քանի մը անգամ մերժուած եմ։ Կ’ուզէի ստուգել Գրիգոր Կերկերեանի արխիւները՝ տենսելու համար թէ իսկապէ՛ս ամէն ինչ ֆիլմի առած է։ Արտօնութիւն չէի ստանար։ Եւ պատրաստ պատասխան մը ունին. «Ցանկագրութեան ընթացքին մէջ ենք»։ Վստահ չեմ‚ թէ ատիկա ճիշդ է կամ ոչ։ Ըստ իս‚ յատուկ պատճառ մը գոյութիւն չունի‚ որ Երուսաղէմի արխիւները հասանելի չըլլան պատմաբաններուն։ Չեմ ուզեր նաեւ ենթադրութիւններ կատարել։