«Հին Օրերի Երգը» Ճաշարանին Մէջ Կ’աշխատին Միայն Թոշակառուները


Յունիս 18-ին «Հայ Միասնութեան Խաչ» բարեգործական, մշակութային հասարակական կազմակերպութեան եւ «Մաչանենց տուրիզմ արտ» ընկերային ձեռնարկութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հին օրերի երգը» ընկերային ճաշարանի բացումը, որուն նպատակն է նպաստել 63-էն բարձր տարիքի անձերու հնարաւորութիւն տալ աշխատելու եւ բարելաւելու իրենց ընկերային եւ տնտեսական վիճակը:

«Մաչանենց տուրիզմ եւ արտ» ձեռնարկութիւնը դեռ 2010-էն սկսած է աշխատելու. այսօր պարզապէս ծրագրին պաշտօնական տեսք տրուած է: Առաջինը ծրագիրը գորգագործութիւնն էր` տատիկները երկար ժամանակ էքօ գորգեր կը գործէին: Ճաշարանի բացման օրը առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցան այդ գորգերը: 

 «Հին օրերի երգը» ճաշարանին մէջ այժմ կ՛աշխատի վեց հոգի, շուտով 10 հոգի եւս պիտի ընդունին: Ձեռնարկութեան նախագահ Արփինէ Մաչանենց Բաբախանեանը կ՛ըսէ իրենք կ՛ուզեն` իրենց օրինակը վարակիչ ըլլայ ուրիշներու համար ալ:

 Մենք կ՛ուզենք այս նախաձեռնութեամբ միւս ճաշարաններուն կոչ ընել` թոշակառու անձիք ընդունիլ աշխատանքի: Հազարաւոր ճաշարաններ կան, եթէ իւրաքանչիւրը մէկ հոգի ընդունի, 1000 թոշակառուի հարց կը լուծուի: Եթէ մենք մեր ճաշարանին մէջ կ՛ընդունինք այսքան մարդ, միւսներըն հաստատ գոնէ մէկը կրնան ընդունիլ», կ՛ըսէ Արփինէն: 

Միայն տատիկներ չեն դիմած, պիտի աշխատին նաեւ պապիկներ. բացի սպասարկումէն քանի մը հոգին նաեւ պիտի երգէ ու նուագէ:

Ճաշարանի բացման ներկայ էր ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանը: Ան նշեց, որ միշտ պատրաստ է համագործակցելու եւ աջակցելու ձեռնարկութեան, նաեւ խնդրեց նախաձեռնութեան հեղինակներուն` օգնել տարածելու այս օրինակը հանրապետութեան տարածքին: 

 

“Հին Օրերի Երգը” ճաշարանի սրահը։