ՀՀԿ եւ ՀՅԴ Համաձայնական Կառավարութիւն Կազմելու Յուշագիր Ստորագրեցին


ԵՐԵՒԱՆ․- Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ Մայիս 11ին Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնական կառավարութիւն կազմաւորելու մասին յուշագիր, որ պիտի գործէ մինչեւ 6րդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւններուն աւարտը:

Քաղաքական վերոնշեալ երկու ուժերը համաձայնական յուշագիրով քաղաքական պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն կառավարութեան ամբողջ գործունէութեան համար: Ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած են քաղաքական գործակցութեան ռազմավարական նպատակները, առաջնահերթութիւնները, գործունէութեան եւ կազմակերպման կարգը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ փաստաթուղթը ստորագրեց ՀՀԿ նախագահի տեղակալ Արմէն Աշոտեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կողմէ` ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան: