Ընդունելութիւն` Գանատայի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ


Հոկտեմբեր 10ին Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ կայացաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 26ամեակին եւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին հոգեւոր հայրեր, Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 15 երկիրներու դեսպաններ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, մեծ թիւով գանատահայեր, լրագրողներ:

Իր խօսքին մէջ Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան անդրադարձաւ անկախութեան 26 տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքբերումներուն եւ այդ ճանապարհին յաղթահարուած խոչընդոտներուն: Դեսպանը առանձնապէս  կարեւոր նկատեց անցած 26 տարիներու ընթացքին Սփիւռքի եւ յատկապէս գանատահայ համայնքին դերը Հայաստանի զարգացման գործին մէջ:

Ընդգծելով, որ տարին իւրայատուկ է նաեւ անով, որ կը նշուի Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը, դեսպանը խօսեցաւ այդ առթիւ Հայաստանի եւ Գանատայի մէջ կայացած եւ կայանալիք բազմաթիւ ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին: «Այսօր հայ-գանատական յարաբերութիւնները աշխոյժ կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ բնագաւառներու մէջ: Մենք փոխգործակցութիւն կը ծաւալենք շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան շրջանակին մէջ», նշած է ՀՀ դեսպանը:

Երեկոյի ընթացքին դաշնակահարուհի Մարլէն Պաքմազեանի կատարմամբ հնչեցին հռչակաւոր հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Ձեռնարկէն ետք  դեսպան Մարտիրոսեան Գանատայի մէջ կայանալիք ՀՀ Անկախութեան 26ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ հայ-գանատական յարաբերութիւններու յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերեալ հարցազրոյց մը տուաւ Օթթաուայի հայկական հեռուստածրագրին: