ՀՀ Դեսպաններու Կցորդները Պիտի Զբաղին Բացառապէս Սփիւռքի Համայնքային Հարցերով


12 Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հարցուց անոր Սփիւռքի համայնքներու մէջ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին մտադրութեան մասին:

Պատգամաւորը հարցուց, թէ ի՛նչ գործառոյթներ պիտի ունենան այդ անձերը, եւ այդ պարագային ինչո՞վ պիտի զբաղին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:

«Նախկին իշխանութիւնների օրօք Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները սահմանափակուած են բացառապէս Սփիւռքէն նիւթական աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքներով: Այսօր նոր կառավարութիւնը բոլորովին նոր որակի մօտեցում ունի: Մենք կը գտնենք, որ երկկողմ փոխշահաւէտութեան հիմքի վրայ պէտք է դրուին յարաբերութիւնները: Այսօր մենք պիտի ստեղծենք պետութիւն մը, որ կանգնած պիտի ըլլայ Սփիւռքի թիկունքին:

“Ինչ կը վերաբերի իմ յայտարարութեան՝ կապուած մեր ներկայացուցիչներու հետ, մեր նախարարութիւնը քննարկումներու մէջ է արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Դիւանագիտական մարմիններու գործառոյթներէն չի բխիր ներհամայնքային կեանքին խառնուիլը, այլ գործառոյթներ ստանձնելը: Մեր պայմանական ըսած կցորդները պիտի զբաղին բացառապէս համայնքային խնդիրներով, պիտի երթան դպրոցներ, պիտի հասկնան ներհամայնքային խնդիրները», ըսաւ նախարարը: