ՀՀ Կառավարութեան 12 Նախարարները Նշանակուեցան


“Ազատութիւն”,- Նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 18ին հրամանագիներ ստորագրեց 12 նախարարները նշանակելու մասին` հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկները:

Հրամանագիրներով Զոհրապ Մնացականեան նշանակուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար, Դաւիթ Տօնոյեան` Պաշտպանութեան նախարար, Ֆելիքս Ցոլակեան` Արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Ատոմ Ջանջուղազեան` Ելեւմուտքի նախարար, Տիգրան Խաչատրեան` Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, Յակոբ Արշակեան` Երթեւեկութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար, Էրիկ Գրիգորեան` Բնապահպանութեան նախարար, Արտակ Զէյնալեան` Արդարադատութեան նախարար, Արսէն Թորոսեան` Առողջապահութեան նախարար, Զարուհի Բաթոյեան` Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Սուրէն Պապիկեան` Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար, Արայիկ Յարութիւնեան` Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար:

Բոլոր նորանշանակ նախարարները` բացառութեամբ Զարուհի Բաթոյեանի, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականէն ետք նախարարներու պաշտօնակատարներ էին: Բաթոյեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալն էր:

Յունուար 17ին կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ իշխանութիւնը միտքը չէ փոխած, նախարարութիւններուն թիւը պիտի կրճատուի, բայց քանի դեռ կը քննարկուին կառավարութեան կառուցուածքին մէջ փոփոխութիւնները, պիտի նշանակուի կառավարութեան անդամներու երկու երրորդը, որպէսզի գործադիր մարմինը ըստ օրէնքի ձեւաւորուած համարուի: Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան մասին օրէնքի նախագիծով նախարարութիւնները 17էն պիտի վերածուին 12ի:

Երէկ երեկոյեան Փաշինեան Ֆէյսպուքի մէջ յայտնեց, որ թէեւ մտադիր են նոր նախարարութիւն ստեղծելու, «եւ այդ նախարարութիւնը պիտի ըլլայ Բարձր արհեստագիտութիւններու նախարարութիւնը կամ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը»: «Որովհետեւ մենք յայտարարած ենք, որ մեր պատկերացումը Հայաստանի տնտեսութեան մասին հետեւեալն է, որ մեր երկրի տնտեսական շարժիչը պէտք է դառնայ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութիւնը եւ ատիկա պէտք է իր արտայայտութիւնը գտնէ կառավարութեան կառուցուածքին մէջ», ընդգծեց Փաշինեան: