ՀՀ Նորընտիր Ազգային Ժողովը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը եւ Վարչապետ Ընտրեց


Այսօր՝ Օգոստոս 2-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի նորընտիր Ազգային Ժողովի ութերորդ գումարման առաջին նստաշրջանը: Նիստը վարելու իրաւունքը տրուեցաւ պատգամաւորներէն ամենաաւագին` «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ պատգամաւոր ընտրուած քիւրտ 76-ամեա Կնեազ Հասանովին:

Անդրանիկ նիստին ներկայ եղան նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան։

Նորընտիր խորհրդարանը ունի հետեւեալ պատկերը՝ «ՔաղաքացիականՊայմանագիր կուսակցութիւնը ունի 71 պատգամաւոր, «Հայաստան» դաշինքը՝ 29, իսկ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը՝ 7 պատգամաւոր։

Անդրանիկ նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները, որոնք խորհրդարան եկած էին Սիւնիքի կալանաւորուած քաղաքապետներու լուսանկարներով շապիկներով, պահանջեցին ազատ արձակել կալանաւորուած 2 անդամին` Մխիթար Զաքարեանին եւ Արթուր Սարգսեանին:

Մեղրիի նախկին քաղաքապետ Մխիթար Զաքարեանն ու Սիսիանի քաղաքապետ Արթուր Սարգսեանն ընտրուած են ԱԺ պատգամաւորներ:

Նիստը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որ հնչեցուց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Ան իր պատգամին մէջ նշեց, որ բոլորին փափագն ու ձգտումն է մեր հայրենիքի անվտանգութիւնն ու յառաջընթացը, խաղաղ եւ բարեկեցիկ կեանքի կերտումը, որ մեծապէս պայմանաւորուած է նաեւ օրէնսդիր մարմինին եւ ձեւաւորուելիք կառավարութեան գործունէութեամբ:

«Հայրապետական Մեր յորդորն ենք բերում ձեզ, որ քաղաքական հայեացքների եւ տեսակէտների բազմակարծութեամբ հանդերձ, մեր հայրենիքի եւ ժողովրդի լուսաւոր ապագայի կերտման նոյն ձգտումով աշխատէք համախումբ` մեր պետութեան անսասանութեան, ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրների յաղթահարման, արտագաղթի կանխման, սփիւռքի հետ կապերի ու գործակցութեան առաւել արդիւնաւորման ջանքերով: Ամուր պահէք հաւատարմութիւնը մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներին, հայրենիքի գերագոյն շահերին, մեր սուրբ նախնեաց եւ հայրենեայց պաշտպան նահատակ զաւակների հաւատին ու նուիրական տեսիլքին, որպէսզի ազգովի ունենանք շնորհն ու զօրութիւնը կերտելու մեր պետութեան եւ հայրենական կեանքի զարթօնքը», իր պատգամին մէջ յայտնեց կաթողիկոսը:

Այնուհետեւ Ազգային ժողովը իր լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ նշանակեց Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձևաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին առաջադրելով Նիկոլ Փաշինեանը։

Վերընտորուած վարչապետ Փաշինեան հրամանագիրներով Սուրէն Պապիկեան նշանակեց փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեանը Պաշտպանութեան նախարար։