ՀՀ Նորընտիր Վարչապետը Եռատօնը Նշեց Ստեփանակերտի Մէջ


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր առաւօտեան ուղղաթիռով մեկնեցաւ Ստեփանակերտ՝ նշելու Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը, Շուշիի ազատագրման տարեդարձն ու Արցախի Պաշտպանութեան բանակի օրը: Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Փաշինեանի առանձնազրոյց ունեցաւ  Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Ստեփանակերտի մէջ ան մասնակցեցաւ տօնական միջոցառման, որուն կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի իշխանական վերնախաւը: Հանրապետական կուսակցութենէն  բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ու պաշտօնեաներ չկային: Փաշինեանին կ՛ուղեկցէին «Ելք» խմբակցութեան որոշ պատգամաւորներ: Ներկայ էին ՀՅԴ ներկայացուցիչներ` Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:

Պաշտօնական միջոցառումէն ետք Հայաստանի վարչապետը այցելեց Պանթիոյ, ծաղիկներ դրաւ Հայրենական պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի զոհերու յուշակոթողներուն:

Այնուհետեւ երկու Հանրապետութիւններու բարձրաստիճան այրերը ծաղիկներ դրած են Շուշիի հրասայլ-յուշարձանին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Նելսոն Ստեփանեանի յուշարձաններուն` յարգելով անոնց յիշատակը:

Տօնի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յղած ուղերձին մէջ նշուած է․ – «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, ժողովրդական, թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անոր համաժողովրդական ընդգրկումը եւս մէկ անբեկանելի ապացոյց է, որ մենք ունինք յստակ պատկերացում, թէ ինչ են ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ խաղաղասիրութիւնը: Չեմ կասկածիր, որ վերջին իրադարձութիւններով աւելի ամրապնդուած հայ ժողովուրդի յաղթական ոգին Հայաստանին ու Արցախին պիտի բերէ նոր յաջողութիւններ»

Փաշինեան Արցախի նախագահին հետ այցելեց Պաշտպանութեան բանակի շտաբ, ուր տեղի ունեցաւ ծառայողական խորհրդակցութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցեց առաջնագիծի իրավիճակը: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական համագործակցութեան յետագայ խորացման եւ հակառակորդին զսպելու մեքանիզմներու կատարելագործման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։

Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւս ցոյց տուին, որ հայկական բանակը կը գտնուի օրինական  մակարդակի վրայ: Վարչապետը ընդգծեց, որ Զինուած ուժերու հետ կապուած բոլոր խնդիրները պիտի գտնուին Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին: