ՀՄԸՄի Հիմնադիրներու Յուշաքանդակներու Բացում Եւ Տողանցք Երեւանի Մէջ


“Ազդակ”․- Յուլիս 21-22ին, ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի մէջ: Տեղի ունեցաւ 100ամեակի փառաւոր տողանցքը, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Արամ Մանուկեանի արձանի այցելութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնին առջեւ միութեան հիմնադիրներու յուշաքանդակներու զետեղում եւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ի բացում: Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի մասնակիցները իրենց կարգին ունեցան ազգային յայտագիրներով լեցուն երկու օր: Արդարեւ, 1200 բանակողները, 100ամեակի տողանցքէն ետք՝ Յուլիս 21ի երեկոյեան, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, իսկ յետմիջօրէին այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոցը, ուր մօտէն ծանօթացան Հայկական բանակի սպաներու պատրաստութեան ուսումնարանին եւ տեղւոյն քաջարի բանակայիններուն:

 

100ամեակի Տողանցքը Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ

100ամեակի պատմական տողանցքը  Յուլիս 21ի երեկոյեան ժամը 5:30ին ընթացք առաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն: Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը եւ վեց դրօշակակիրներ, որոնց հետեւեցան համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասնակցող պատուիրակութիւնները՝ այբբենական շարքով: Պատուիրակութիւններու կարգին, առաջին անգամ ըլլալով, տողանցեցին նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն եկած միութեան վաստակաշատ նախկին խմբապետ-խմբապետուհիները՝ թիւով 150 հոգի, եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական շարքերը՝ 400 գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ եւ շարային յատուկ խումբի անդամներ:

Տողանցող պատուիրակութիւնները երեկոյեան ժամը 6ին Հանրապետութեան հրապարակ հասնելով՝ խրոխտ ու առինքնող շարքերով անցան այս առիթով պատրաստուած պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն, ուր զիրենք ողջունեցին սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներ Մխիթար Հայրապետեանն ու Արթիւր Խաչատրեանը, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Լիբանանի դեսպանները, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեան եւ Արսէն Համբարձումեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ, 100ամեակի տօնակատարութիւններու կնքահայրեր, հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:

Առաջին խօսքը արտասանեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան։ Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄի 100ամեակը եւ ըսաւ, որ սկաուտական շարքերը իրենց պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերով կը ներկայացնեն մեր մեծագոյն հպարտութիւնը:

«ՀՄԸՄը դար մը առաջ հիմնուեցաւ ազգային եւ համամարդկային գաղափարներով, ըստ որոնց՝ անիկա կրթեց միտքով, հոգիով ու մարմինով առողջ սերունդներ: ՀՄԸՄը տարիներ շարունակ մեծ աւանդ ունեցաւ հայապահպանման գործին մէջ, Սփիւռքի մէջ հայ մարդը հայ պահելու եւ աւելի հայացնելու աշխատանքին մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ օրինապահ քաղաքացիներ կերտելու ճիգին մէջ: ՀՄԸՄը պատրաստեց քաղաքացիական իրենց իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից սերունդներ՝ միշտ բարձր պահելով հայութեան եւ Հայաստանի անունը: Անոր համար ալ հայութիւնը միշտ հպարտ եղաւ ՀՄԸՄով, իսկ Հայաստանի պետութիւնն ալ մի՛շտ եղաւ ՀՄԸՄի կողքին, այնպէս ինչպէս ՀՄԸՄը եղաւ պետութեան կողքին”, հաստատեց նախարար Հայրապետեան:

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ողջունեց տողանցողները անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սիրտին մէջ:  Մկրտիչեան ըսաւ, որ «Հայաստանն է մեր ուժին աղբիւրը եւ կենսունակութեան աւիշը: Հայրենի հողն է մեզ օտարացումէ եւ ձուլումէ փրկող միակ ապաւէնը: Ճիշդ է, որ մեր մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Հայաստանէն դուրս, բայց, կասկած չկայ, որ Հայաստանը կ՛ապրի իւրաքանչիւրի հոգիին ու սիրտին մէջ: Կասկած չկայ, որ ՀՄԸՄական դաստիարակութեամբ մեր սկաուտները Հայաստանը կը ճանչնան՝ առանց զայն ունենալու: Հայաստանը կը սիրեն՝ առանց զայն ճանչնալու, որովհետեւ սկաուտներու երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը, անոնց կուրծքերուն տակ կը տրոփէ ՀՄԸՄականի սիրտը»:

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով՝ Մկրտիչեան յայտնեց. «Դուք բախտաւո՛ր սերունդ էք, որովհետեւ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի տարին առիթն ու պատեհութիւնը ունիք ձեր սիրելի միութեան 100ամեակը տօնելու արդար գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ: Դուք նաեւ յաւելեալ պարտականութիւն ունեցող սերունդ էք, որովհետեւ կոչուած էք 100 տարուան վաստակի մը արժանաւոր կրողները ըլլալու եւ այդ վաստակին վրայ անպայման ձեր կողմէ բան մը աւելցնելու»: 

 

Հուսկ, իր խօսքը փոխանցեց համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտօղլեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄի 100ամեայ «կամաւոր բանակ»ին երթը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք՝ որբախնամի եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Այսօր, 100 տարի ետք, այդ «կամաւոր բանակը» կը գործէ ամէնուրեք, հայապահպանման առաքելութեամբ, կառչած մնալով հիմնադիրներուն հաստատած սկզ-բունքներուն՝ «առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ» տեսնելու մօտեցումին: Այսօր, նոյն «կամաւոր բանակ»ին զինուորները կը շարունակեն քալել խրոխտ ու հաստատ քայլերով:

Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով՝ Օրտօղլեան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, դուք իսկապէս կամաւոր բանակն էք այս միութեան: Դո՛ւք էք, որ կը ստանձնէք այդ ջահը, որ վառեցաւ 100 տարի առաջ ու բոցավառեց սիրտերը հազարաւոր հայերու: Հո՛ն, ուր հասաւ ՀՄԸՄը, տարածեց մարզական եւ սկաուտական առողջ ոգի: Այսօր այդ ջահը կը վառի աշխարհի չորս ծագերուն՝ ՀՄԸՄը դարձնելով անքակտելի մէկ մասը հայ իրականութեան»:

Շարունակելով, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին յայտնեց. «Յուզիչ եւ խրախուսիչ է անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ տեսնել 2000 ՀՄԸՄական սկաուտներ, որոնք եկած են իրականացնելու երազը հիմնադիր ղեկավարներուն եւ շարունակելու անոնց երթը՝ ուխտելով հաւատարիմ մնալ այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է այս միութիւնը: Յառա՜ջ դէպի նոր 100ամեակ, յառա՜ջ դէպի նորանոր յաղթանակներ»:

Տողանցքը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7ին:

Հիմնադիր Երրորդութեան Յուշաքանդակներու Բացում

 

100ամեակի պատմական տողանցքը կանխեց, Յուլիս 21ի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՄԸՄի հիմնադիր երրորդութեան՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի, յուշաքանդակներուն բացումը՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնի մուտքին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօր թոռը՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրն ու քոյրը՝ Այտա եւ Աննա Բախշեաններ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ներկայ եւ անցեալի անդամներ, հիւրեր եւ ՀՄԸՄականներ:

Յուշաքանդակներուն բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկ. Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու ներկայացուցիչ՝ Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Դելփեան:

Այս առիթով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը այսօր հպարտ ու բարձրաճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին՝ մէկ դարու նուաճումներով եւ իրագործումներով հարուստ իր պատմութեամբ: ՀՄԸՄը կը յիշէ այդ պատմութեան մեծ երախտաւորները եւ յարգանքի ու գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն՝ Երեւանի սրտին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի մուտքին, կը կանգնեցնէ միութեան հիմնադիրներուն յուշաքանդակները:

 ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, ներկաները բարձրացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի երրորդ յարկը, ուր տեղի ունեցաւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ին բացումը:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ըսաւ, որ նախապէս Վարդան Բախշեանի անունով սրահ մը կար կեդրոնին մէջ, սակայն նպատակայարմար նկատուեցաւ զայն բարեկարգել եւ գրադարանով մը օժտել, որպէսզի սկաուտները կարենան աւելի շատ ժամանակ անցընել կեդրոնին մէջ՝ առաւե՛լ կապուելով միութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ գրադարան-ընթերցարանի գլխաւոր բարերարը եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ ՀՄԸՄականներէն մէկը, որ սակայն չէ փափաքած անունը յայտարարել: Գրադարանը տակաւին իր վերջնական տեսքը չէ ստացած, եւ խոստումներ կան զայն նոր գիրքերով եւ համակարգչային սարքերով հարստացնելու:

Ապա, Վարդան Բախշեանի մասին խօսելով՝ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ 1991ին, Արցախի ազատագրման կռիւներուն նահատակուած Վարդանը, թէեւ կարճ, սակայն բովանդակալից եւ հերոսական կեանք մը ունեցաւ: «Ան անմահացաւ՝ ներշնչումի օրինակ դառնալով գալիք սերունդներուն: Վարդանը ընթերցասէր էր, իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց էր գիտելիքներ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերելու, մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն ծանօթանալու համար: Թող իր օրինակը վարակիչ ըլլայ այսօրուան սկաուտներուն համար, Վարդանի օրինակով իրենք զիրենք գիտութեամբ եւ գիտելիքներով զինելու համար», աւելցուց Յակոբեան:

Այնուհետեւ, սրտի խօսք փոխանցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, թէ ինք Վարդան Բախշեանը ճանչցած է միութեան 1991ի Պատգամաւորական ժողովին: «Վարդանը համակ եռանդ եւ խանդավառութիւն էր: Ընթերցասէր եւ գաղափարական մարդ, որուն նմանները քիչ են մեր օրերուն: Ան կը պատկանէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած ՀՄԸՄի առաջին սերունդին, որ հսկայական գործ կատարեց միութիւնն ու միութենական արժէքները ծանօթացնելու եւ տարածելու համար», վկայեց ան:

Վերջին խօսքը արտասանեց նահատակ Վարդան Բախշեանի քոյրը՝ Աննա Բախշեան: Ան ըսաւ, որ այս գրադարան-ընթերցարանին բացումը կարեւոր նախաձեռնութիւն է այսօրուան սկաուտութիւնը գիր-գրականութեան եւ ակումբին կապելու իմաստով: Ընթերցանութիւնը կարեւոր է միտքով առողջ սերունդներ պատրաստելու համար, շեշտեց ան։

Աննա Բախշեան նշեց, որ Վարդանը ունէր գիրքի պաշտամունք: Զինք ճանչցողները գիտեն այդ մասին: «Շատ հաճելի է, որ իր սիրելի միութեան կեդրոնին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցարան մը: Այսօր, համացանցի ներկայութեան, դժբախտաբա՛ր, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ամէն պարագայի, գիրքը ուրիշ զգացողութիւն է եւ ուրիշ լիցքեր կու տայ մարդուն», աւելցուց ան:

Իր խօսքի աւարտին, Աննա Բախշեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄը 100ամեակին առիթով եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը՝ գրադարան-ընթերցարանին համար, ապա յայտարարեց, որ Վարդանի գիրքերէն կարեւոր մաս մը կը նուիրէ իր անունը կրող այս գրադարանին:

Խօսքերէն ետք, կեդրոնի առաջին յարկին վրայ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 Եռաբլուր եւ Արամ Մանուկեանի Արձանի Այցելութիւն 

100ամեակի ոգեկոչումները շարունակուեցան Յուլիս 22ին: Կէսօրէն առաջ ժամը 10ին, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ սկաուտներ այցելեցին Եռաբլուր ու մէկական ծաղիկով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակաց պանթէոնին մէջ հանգչող Արցախեան պայքարի բոլոր հերոսներուն, որոնց կարգին՝ ՀՄԸՄական Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին եւ Յակոբ Առուստամեանին: Սկաուտները առաջնորդեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամները:

Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Բագրատ Եսայեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պարտաւոր է իր անցեալը գնահատել եւ իր գաղափարներու ազդեցութեան ու տարածման չափը ճշդել: Իսկ նման արժեւորումի համար, Եռաբլուրը յարմարագոյն վայրն է ՀՄԸՄին, որովհետեւ անիկա կ՛ամփոփէ շիրիմները Արցախեան պայքարին զոհուած ՀՄԸՄական նահատակներուն:

Այս առիթով, սկաուտները ողջունեց Եռաբլուրի պատասխանատու գնդապետ Առաքելեան, որ ի տես աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած սկաուտներուն՝ դրուատեց հայութեան միասնականութեան եւ ամբողջականութեան երեւոյթը եւ նշեց, թէ հայրենիքը միայն խաղաղ օրերուն յիշելով չի՛ պահուիր, այլ՝ ճգնաժամի պահերուն անոր կողքին ըլլալով, ամէն ինչ զոհաբերելով եւ ի հարկին՝ արի՛ւն թափելով: «Մենք այս բոլորը սորվեցանք Վիգէնէն, Վարդանէն եւ ՀՄԸՄական մնացեալ նահատակներէն, որոնք յաղթանակի դափնիներով պսակեցին մեր պատմութիւնը», շեշտեց ան:

Արամ Մանուկեանի Արձանի եւ Վազգէն Սարգսեանի Անուան Զօրանոց Այցելութիւն

Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Արամ Մանուկեանի նորաբաց արձանը: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու ընկերակցութեամբ, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի խմբապետական կազմը Արամի արձանը այցելեց Կիրակի կէսօրուան ժամը 12ին եւ հոն զետեղեց յարգանքի ու յիշատակի ծաղկեպսակ մը: Խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան: Ան ըսաւ, թէ պատահական չէ՛, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի տարին Արամը վերադարձաւ իր ժողովուրդին: Տասնամեակներ շարունակ հայրենի ժողովուրդը զրկուած էր Արամի արժէքներէն, դաւանանքէն եւ գաղափարներէն, որովհետեւ օրուան իշխանութիւնները համաձայն չէին անոնց: Սակայն, ՀՄԸՄը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաջողեցան Արամի գաղափարները վառ պահել Սփիւռքի մէջ: Վառ պահեցին 70 տարի եւ զայն փոխանցեցին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:

Այցելութիւնները եզրափակուեցան Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց այցելութեամբ: Այցելութիւնը կատարուեցաւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներով, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու:

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Տողանցեցին ՀՄԸՄի սկաուտները, ապա ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ Հայկական բանակի շեփորախումբերը նուագեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ բանակ եւ զօրանոց խորհրդանիշներ են պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Իսկ 100ամեայ ՀՄԸՄը եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։

Մկրտիչեան յայտնեց, որ Հայոց բանակի տողանցքին հետ զօրամաս մը չէ՛, որ միայն կը տողանցէ, այլ՝ մեր պատմութեան բոլոր հերոսները, փաղանգ առ փաղանգ, անցեալի նախարարական գունդերէն մինչեւ ֆետայական մեր խումբերը եւ Արցախեան պայքարի հերոսական վաշտերը: ՀՄԸՄական սերունդները այս համոզումով կը մեծնան ու հասակ կ՛առնեն՝ խոր յարգանք տածելով հայոց բանակին եւ անոր վեհ առաքելութեան: ՀՄԸՄական տղաք ու աղջիկներ այս դաստիարակութեամբ կը խոնարհին Հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ գերագոյն արժէք՝ զայն կը դասեն ամէն բանէ վեր:

«Այսօր, «Կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին: Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր, քան՝ համա-ՀՄԸՄական, համահայկական  այս զօրակցութիւնը, որ սա պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց: Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ Հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները՝ պաշտպանուած», ըսաւ Մկրտիչեան։

Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ողջունեց ՀՄԸՄը՝ իր «շնորհալի, շնորհակալ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար»: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը Ցեղասպանութենէն ետք որբախնամի աշխատանք կատարեց, 40 հազար որբերու տիրութիւն ըրաւ, համահայկական մարզախաղեր ու բանակումներ կազմակերպեց եւ այդ բոլորով պահպանեց ու տարածեց հայ լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:

Նախարար Տօնոյեան նաեւ գնահատեց ՀՄԸՄի մեծ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ Սփիւռքը եւ Հայաստանը անբաժանելի են իրարմէ: Փորձութեան պահերուն բաժանարար բոլոր գիծերը կը ջնջուին: Արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան Սփիւռքէն ժամանած հայրենակիցները, որոնց կարգին՝ ՀՄԸՄի դպրոցէն անցածները: Իրենց ծառայութիւններով եւ մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեամբ, շատերը արժանացան Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու մետալներուն եւ շքանշաններուն, իսկ ոմանք ալ՝ Հերոսի կոչումին:

Տօնոյեան վստահեցուց, որ Հայաստան ունի փոքրաթիւ, սակայն ամո՛ւր եւ մարտունակ բանակ, որ արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր յաղթանակներէն մէկուն կերտիչն է: Հայաստանի բանակով հպարտանալու շատ բան ունի մեր ժողովուրդը: «Այս այցելութիւնը դէպի մայր հայրենիք եւ Հայոց բանակ, ՀՄԸՄի սկաուտները կը դարձնէ աւելի՛ հպարտ, աւելի՛ հայրենապաշտ ու աւելի՛ հայ», եզրակացուց նախարարը:

Զօրանոց այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով: