ՀՄԸՄի Վկայեալ Կարգի Տուչութիւն


Վկայեալ կարգի տուչութենէն պատկերներ

Վկայեալ կարգը, ՀՄԸՄ-ի կարգերէն մէկն է: Այս կարգին կ’արժանանան այն թեկնածուները, որոնք կրնան բաւարար գիտելիքներով ստանձնել սկաուտական խմբաւորման մը ղեկավարումը, ինչպէս նաեւ թեկնածուն ինքնաշխատութեամբ, գործօն մասնակցութեամբ եւ փորձարկումով կրնայ գործադրել իր ստացած բոլոր նիւթերը:

Նիւթերն են՝ միութենական, ազգային, սկաուտական, քաղաքացիական, հոգեբանական եւ կրօնական գիտելիքներ:

ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանային Սկաուտական Խորհուրդը կազմակերպեց այս տարուան վկայեալ կարգի աշխատանքը: Թորոնթոյի մասնաճիւղէն մասնակցեցան 15 քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց աշխատանքը:

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 7 –ին, տեղի ունեցաւ կարգի բաշխումը: Վկայեալ կարգ ստացան քոյրեր՝ Ատրինէ Արթին, Արազ Տէր Օհան, Աննա Մութաֆեան, Թիթեռ Քարկոցեան, Նարօտ Տիշոսիփ, Բալիկ Մուրատեան, Մարալ Տէր Օհան, Լորա Տոնոյեան, Սիէնա Մարկորեան եւ Նաթալի Մալաքեան, եղբայրներ՝ Տարօն Տէրտէրեան, Էտվին Երիցեան, Քրիստ Մերճանեան, Ճորճ Պիուս եւ Հայկ Յարութիւնեան:

ՀՄԸՄ-ի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կը ցանկանք, որ իրենց աշխատանքով հասնին նաեւ Արարատեան Կարգին: