ՀՄԸՄի Քեսապի Բանակավայրը Իր Դռները Վերստին Բացաւ Բանակողներուն Դիմաց


Ժիրայր Կարապետեան

Կիլիկիոյ հայկական վերջին աւանին՝ Քեսապի էքիզօլուքէն Աճամ (բենելեկ) տանող ճամբուն աջակողմեան բարձունքին, ծովու մակերեսէն 800 քմ. բարձրութեան վրայ, կը գտնուի ՀՄԸՄի Քեսապի բանակավայրը։ Նախքան այս բանակավայրի շինութիւնը 1950ական թուականներուն  ՀՄԸՄը բանակավայր մը ունէր էքիզօլուքի նշանաւոր ակին վերեւի հողաշերտին վրայ՝ ներկայիս «Պանդոկ Չաղլաս»։ Պանդոկին շինութենէն ետք՝ 1960-1970 թուականներուն, բանակումները տեղի ունեցան պանդոկին յարակից հարթակին վրայ։ Հակառակ անոր որ բանակավայրը չունէր կայուն կառոյց, սակայն իւրաքանչիւր բանակողի համար իտէալական վայր մըն էր ան:

ՀՄԸՄը մեծ դպրոց մըն է, իսկ բանակավայրը այդ դպրոցին չարքաշ դաստիարակութեան վայրը. սկաուտը մարզանքի ժամերուն կը մարզէ մարմինը, դասախօսութիւններով կը զարգացնէ միտքը, երգերով կը ներշնչուի հայրենասիրութեամբ, իսկ ձեռային աշխատանքներով կը նրբացնէ ճաշակը բնութեան այս գեղատեսիլ վայրին մէջ: Սկաուտին համար բանակավայրը կարեւորագոյն ամրոցն է:

Այդ տարիներուն, Շրջ. Վարչութիւնն ու Շրջ. Սկ. Խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Քեսապի երէց եղբայրները ամէն ջանք թափեցին այսօրուան հողաշերտը գնելու քանի մը գիւղացիներէ եւ տրամադրելու  ՀՄԸՄի սկաուտներուն։

1976էն մինչեւ օրս, բանակավայրը կը ծառայէ ՀՄԸՄական Արիներուն։ Էքիզօլուքի մշուշոտ, խոնաւ եւ անձրեւոտ ըլլալուն պատճառով կարիք կը զգացուի շենքի մը, որուն երդիքին տակ բանակողները պիտի պաշտպանուէին անձրեւէն եւ կիզիչ արեւէն։

Շրջ. Վարչութեան եւ սկաուտ խորհուրդներու ջանքերով 1978ին կը կառուցուի հաստատուն շէնք մը, նոյն թուականին բանակավայրին կը միանայ պետական ելեկտրականութեան հոսանքը, բանակավայրը կ’ունենայ նաեւ բնական ակ մը, որ մինչեւ օրս ջուր կը հայթաթէ բանակողներուն: 1997ին շէնքը առաստաղի փճացումին պատճառով կը բարենորոգուի եւ աւելի ընդունելի ու ընդարձակ կառոյց մը կը դառնայ. Կ’օժտուի Շտապ Օգնութեան սենեակով, մեծ խոհանոցով, բաղնիքներով, լուացարաններով եւ ճաշասրահով, այդ օրերէն բանակումները սկսած էին արդէն երկսեռ ըլլալ։ Նոյն թուականին, նկատի ունենալով որ սկաուտի դաւանանքին մէջ իսկ կը յիշուի, որ սկաուտը կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ բոյսերը, տեղի կ’ունենայ ծառատնկում՝ «ծառ մնալ ես նուիրեմ» կարգախօսով: Բանակավայրը կ’օժտուի 100 ծառով՝ շուքին հաւաքուելու տեղ տրամադրելու բանակողներուն եւ բանակավայրին տեսքը աւելի գեղեցիկ դարձնելու համար: Հիմնական նուիրատուները կ’ըլլան երէց քոյրեր եւ եղբայրներ։ 1988ին երկրորդ հողաշերտ մը կը գնուի եւ բանակավայրը կ’օժտուի հինգ հողաշերտ յարկերով:  Այդ օրերուն, քաղաքական պայմաններու բերումով, արգիլուած էին վրանաբնակ բանակումները. ուստի օրուան վարչութիւնը երրորդ յարկին վրայ կը կառուցէ հինգ տնակներ, որպէսզի սկաուտները գիշերեն ապահով քարաշէն տնակներուն մէջ:

Տարուէ տարի բանակավայրը կը բարենորոգուի, տեղի կ’ունենան բազմաթիւ բանակումներ, կը հիւրընկալուին երիտասարդական, պատանեկան միութիւններ, տեղի կ’ունենայ Պաղտատի սկաուտներու բանակում, արաբական վաշտի երկրորդ կարգի սեմինար, ինչպէս նաեւ միջմասնաճիւղային զանազան բանակումներ, Սուրիոյ Ա. Կարգի առաջին սեմինար, ինչպէս նաեւ Քեսապի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ սկաուտներուն բանակումները, իսկ Հալէպ մասնաճիւղը տարեկան կը կատարէր հինգ բանակում՝ մեծ թիւ ունենալուն պատճառով, իսկ իւրաքանչիւր բանակումի աւարտին տեղի կ’ունենար մեծ շուքով խարուկահանդէս. բանակողները «Հրաժեշտի Երգ»ով կը բաժնուէին՝ կրկին հադիպելու նոյն վայրին մէջ:

Դժբախտաբար 2010ի «հրաժեշտի Երգ»ը վերջինը եղաւ։

2014ի Մարտին ընդդիմադիր ուժեր վայրագօրէն ներխուժեցին Քեսապ: Բանակավայրը յայտնուեցաւ զինեալ ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ եւ կրեց լուրջ վնասներ։ Երբ Քեսապը ամիսներ ետք ազատագրուեցաւ  Սուրիոյ բանակին կողմէ, բանակավայրը 4 տարի օգտագործուեցաւ իբրեւ զօրանոց։ Քեսապի ազատագրումէն չորս տարի ետք, Սուրիոյ բանակը, ապահով տարածք համարելով շրջանը, բանակավայրը յանձնեց իրաւատիրոջ՝ ՀՄԸՄին։ Նկատի ունենալով որ գարունը աւարտին կը հասնէր, իսկ ամրան բանակումներ պիտի կազմակերպուէին, Պատկան Մարմինի թելադրանքով Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը գործի լծուեցաւ եւ սկսաւ վերանորոգման աշխատանքներուն: Կազմեց յանձնախումբ մը՝ գործը վստահելով Քեսապի հաւատաւոր տղոց, որոնք աշխատանքը լրումին հասցուցին: 100ամեակին, Օգոստոսի սկիզբը, բանակավայրը պատրաստ էր արդէն ընդունելու բանակող քոյրերը եւ եղբայրները, որպէսզի անոնք վերստին ծաղկեցնեն եւ զուարթ երգերով ու կանչերով, վերանորոգ կամքով շարունակեն իրենց աշխատանքը՝ իրեց հարազատ օճախին մէջ: