ՀՄԸՄի 100ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄական 10րդ Մարզախաղեր


Քանի մը օր ետք սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան  Յուլիս 20-էն 29, Երեւանի մէջ:

Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018ի աւարտը:

Մարզախաղերուն կը մասնակցին 21 շրջաններ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Գահիրէ, Քանատա, Երուսաղէմ, Լիբանան, Լոնտոն, Կիպրոս, Հայաստան, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ, Մոսկուա, Յունաստան, Պուլկարիա, Սուրիա, Վալանս, Քուէյթ, Ֆրանսա ու «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւնները:  Մասնակիցներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1000ի սահմանը` ապահովելով մասնակցութեան 1002 իւրայատուկ թիւ:

Յաջորդող օրերուն Երեւանը պիտի թնդայ ՀՄԸՄական մարզիկներուն տողանցքով եւ յաւելեալ ճոխութիւն ու փայլք պիտի ստանայ անոնց` դէպի մարզադաշտեր կամ տեսարժան վայրեր մեկնելու հեւքով ու խինդով:

Յուլիս 22ի երեկոյեան ժամը 7:30ին «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ պիտի կատարուի մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Հայոց սուրբ նահատակներուն նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն պիտի վառի մարզախաղերու ջահը եւ պիտի փոխադրուի «Հանրապետութեան» հրապարակ, ուր պիտի համախմբուին տողանցող մասնակիցները, պաշտօնական հրաւիրեալներն ու ժողովուրդը: Պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տեղի պիտի ունենայ երգահանդէս ու հրավառութիւն:

Մարզախաղերուն ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ, հայոց բանակի զօրակցութեան համար զօրամաս այցելութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային պահեր:

Փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Միքա» մարզադաշտին մէջ, Յուլիս 29-ին: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին Յաղթանակի պարահանդէսով:

ՀՄԸՄական յատուկ պահեր եւ յիշատակներ, ինչպէս նաեւ նուաճումներ կը սպասուին յաջորդող օրերուն, որոնք պիտի ճոխացնեն միութեան հաստափոր 100-ամեայ պատմութեան էջերը` միշտ ՀՄԸՄի յատուկ կապուածութեամբ ու եղբայրական ոգիով: