ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Տողանցքը՝ Նուիրուած Հայաստանի 99րդ Ամեակին


Քոյր Սառա Պայրագտարեան

Արենոյշ-Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթօ


Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնունդ առած է 28 Մայիս 1918ին` յաղթանակած Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն: Հայաստանի անկախութեան  վերականգնումը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ՝ պատմամշակութային մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Հայ ժողովուրդի  կեանքի մէջ: Այսպիսով ամէն տարի Մայիս 28ին Հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ մեր հերոսներուն եւ նահատակներուն յիշատակը Սարդարապատ յուշահամալիրին շուրջ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը անգամ մը եւս իր մասնակցութինը բերաւ Հայաստանի անկախութեան տարեկան տօնակատարութեան: Մայիս 28ին, յետ պատարագի, Հայ կեդրոնի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն՝ Հայր Գեղարդ ծր․ վարդապետի ձեռամբ։  ՀՄԸՄ Փողերախումբի ընկերակցութեամբ՝  սկաւուտական ընդհանուր կազմը եւ ժողովուրդը միասին մասնակցեցան հանդիսաւոր տողանցքին: Տողանցողները հետեւեցան նոյն ճամբան, ուրկէ քայլերթ կը կատարուի Աւագ Ուրբաթի առիթով:

Տողանցքը կ՛առաջնորդուէր ազգային եւ միութենական դրօշակներով, որոնց կը յաջորդէին սկաուտական խումբերը՝ մանուկ անդամէն մինչեւ մեծահասակները՝  իրենց խմբապետներու առաջնորդութեամբ: Տողանցքին նաեւ մաս կը կազմէին Ս. Աստուածածնայ եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գեղարդը, ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէութեան ներկայացուցիչ, Հայ կեդրոնի գործօն այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայն թորոնթոհայութիւնը՝  աւելի քան 800 հոգի:  

Հայաստանի անդրանիկ անկախութիւնը ունի յատուկ նշանակութիւն ՀՄԸՄի համար: Անկախութիւնէն քանի մը ամիսներ ետք, Պոլսոյ մէջ ծնունդ առաւ ՀՄԸՄը եւ սկսաւ իր հայապահպանման գործունէութիւնը։

2018ին պիտի նշենք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակները: Այս առիթով ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յղացած է հետեւեալ յատուկ նշանաբանը՝ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ»: Մօտենալով հարիւրամեակին, կը վստահեցնենք իրականացնել ՀՄԸՄի երդումը՝ ծառայել ազգին ու հայրենիքին եւ աշխատիլ հայ ժողովուրդի իրաունքներու վերատիրացման համար:

28 Մայիս 2017ին Թորորնոհայութիւնը՝ ՀՄԸՄը իբրեւ ջահակիր ունենալով, կատարեց մեր գաղութի անպաշտօն հարիւրամեակի բացումը:

Յառաջ, դեպի 100ամեակի յաղթանակ: