ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Աշանանային Բանակումը


ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի Արի-Արենուշ եւ Երէց պարմանուհիներու աշնանային բանակումը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 10էն 12, «Woodland Trails» բանակավայրէն ներս:

101 մասնակից քոյր եւ եղբայրներ կարգապահութեամբ եւ իրարու օգնելով տեղաւորեցին իրենց պայուսակներն ու խոհանոցի գոյքերը, ապա, տնակներուն մէջ բաժնուեցան խումբերու, զորս կոչեցին հերոսներու անուններով:

Բանակումին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ “Յառաջ Նահատակ” քայլերգով։ Դրօշակի արարողութենէն ետք, խմբակները ընթրեցին եւ անցան իրենց յայտագիրներուն:

Բանամումին նպատակն էր սկաուտական գործնական գիտելիքներ փոխանցել եւ մասնակիցները վարժեցնել աւելի չարքաշ կեանքի մը:

Երկրորդ օրը՝ առաւօտեան մարզանքէն եւ նախաճաշէն ետք, միաւորները իրենց դրօշակի ձողերը պատրաստեցին եւ դրօշակները «պատուի առ»ով բարձրացուցին:

Իւրաքանչիւր խումբ պատրաստեց տարբեր ձեռային աշխատանքներ։ Տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում, սկաուտական խաղեր, ռալի եւ չարքաշ խաղեր: Բոլոր խումբերը կը մրցակցէին առաջնութեան համար: Սկաուտները սորվեցան ազգային եւ միութենական երգեր, օրինակ՝ Գնդակ Որոտաց, ՀՄԸՄի Ախոյեան եւ Արիներ Ենք Քաջ ՀՄԸՄի :

Անոնք ստացան ազգային եւ միութենական դասախօսութիւններ, որոնց նպատակն էր ազգային գիտելիքները ամրապնդել եւ սկաուտական ոգին բարձրացնել:

Նոյն օրը երէց եւ պարմանուհի փաղանքները ստացան իրենց գինեգոյն փողկապները․ քոյրերն ու եղբայրները դրօշակներուն առաջ ծունկի եկած եւ «պատուի առ»ով կրկին անգամ իրենց խոստումը կատարեցին՝ հաւատարիմ ըլլալու Աստուծոյ, ծառայելու ազգին ու հայրենիքին, օգնելու բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին եւ հնազանդիլ ՀՄԸՄի դաւանանքներուն: Փողկապ ստանալէ ետք, միաւորները սկսան պատրաստուելու խարոյկը․ սկաուտները փայտեր հաւաքեցին, խարոյկին կրակարանը պատրաստեցին եւ արդէն կողք-կողքի հաւաքուած՝ մեծ եւ փոքր սկսան սկաուտական կանչերով ու պարերով վառել խարոյկը՝ լուսաւորելով ամբողջ բանակավայրը:

Խումբերը պատրաստած էին յատուկ խարոյկի յայտագիր մը՝ կանչեր, խաղեր, ասմունք, զաւեշտ: Մասնակցողները նաեւ զրուցեցին, թէ ի՞նչ է ՀՄԸՄի կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր սկաուտի կէանքէն ներս, նամանաւանդ, որ 2018ին պիտի նշենք ՀՄԸՄի 100ամեակը:

Ի՜նչ գեղեցիկ էր այդ վայրկեանները, երբ բոլորը կրակին շուրջ ոգեւորուած, աշխուժութեամբ եւ բարձրաձայն կ’երգէին: Արդէն ճրագմարին ժամը հասած էր եւ սկաուտները պէտք է պատրաստուէին յաջորդ օրուան:

Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ով Հայ Արի» քայլերգով:

Վերադարձի ժամը հասած էր․ սկաուտները ձեռք ձեռքի շղթայ կազմած ցտեսութեան երգը երգեցին «Ցտեսութիւն մըն է եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրարու կը հանդիպինք ու կ’երգե՛նք միաձայն…»։

Սկաուտները նոր գիտելիքներով, յիշատալելի պահեր անցնելով, իսկ ամենէն կարեւորը՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանով խոստացան ուղղուիլ դէպի յառաջ: