ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Վերամուտի Պաշտօնական Արարողութիւն


Ամառուան աւարտին Թորոնթոյի հայ գաղութը մի քանի երեւոյթերու կը սկսի պատրաստուելու, օրինակ՝ դպրոցի բացում, աշնան եղանակի գալուստ եւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտութեան տարեշրջանի վերամուտ: 

Կիրակի օրերը հայ կեդրոնը դարձեալ կը զարդարուի խանդավառ քոյրեր ու եղբայրներով, որոնք իրենց սկաուտական տարազներով, ՀՄԸՄի դրօշակներով ու կանչերով կը վերադառնան իրենց խումբերը՝ միանալու ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին:

Այս տարի ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 22 Սեպտեմբեր 2019-ին, ՀՄԸՄի մարզասրահէն ներս, ուր ներկայ էին աւելի քան 325 քոյրեր եւ եղբայրներ:

Արարողութիւնը սկսաւ դրօշակակիրներու մուտքով եւ շեփորախումբի հզօր կատարողութեամբ։ Անոր յաջորդեցին գայլ արծուիկներու, արի արենուշներու եւ երէց պարմանուհիներու խումբերը՝ իրենց դրօշակներով, կոկիկ տարազներով եւ տողանցքի կարգապահ քայլերով, որ պատուի առ հրահանքով հնչեց ՀՄԸՄի քայլերգը՝ «Յառաջ Նահատակ»ը:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ Թորոնթօ վարչութեան ատենապետ, եղբայր Անթօ Պոյաճեան, որ փոխանցեց  վարչութեան խօսքը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ  նշեց, որ այս տարի ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը կը նշէ իր հիմնադրրութեան 50-ամեակը: Եղբայր Անթօն յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց ընդհանուր խմբապետական կազմին։ Խօսքի աւատին ան յիշեց, թէ այս տարի Թորոնթօ մասնաճիւղը պիտի կազմակերպէ ՀՄԸՄ Գանատա շրջանի 49-րդ Մարզական Խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 29-էն Դեկտեմբեր 1:

Ապա խօսք առաւ շրջանային խմբապետ եղբայր Արուշ Պէրպէրեան, որ նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց սկաուտներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ ՀՄԸՄին եւ միութեան նուիրուած խմբապետական կազմին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար: Եղբայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ 2020-ին Գանատայի շրջանը պիտի կազմակերպէ Միջ-մասնաճիւղային Ամառնային բանակում մը, որ տեղի կ’ունենայ չորս տարին անգամ մը: Այս բանակումը պիտի ըլլայ շրջանի 8-րդ Միջ-մասնաճիւղային բանակումը, որուն կ’անկալուի աւելի քան 500 սկաուտներու մասնակցութիւնը:

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք տեղի ունեցան փոխանցումներ. առաջին գայլիկ վոհմակին եւ արծուիկ երամին՝ մեծ կանչի կատարողութեամբ, 28 քոյրեր եւ եղբայրներ փոխանցուեցան արի եւ արենուշ խումբեր, իսկ արի եւ արենուշ խումբերէն 21 քոյրեր եւ եղբայրներ՝ իրենց սկաուտական խոստումը կատարելով, փոխանցուեցան երէց եւ պարմանուհի փաղանգներ: Ինը քոյրեր եւ եղբայրներ, երէց եւ պարմանուհի փաղանգներէն փոխանցուեցան դէպի աւագ երէցի փաղանգ, ուր պիտի ստանան մասնագիտական դասընթացքներ եւ գործնական պարտականութիւններ՝ ապագայի աստիճանաւորականի պաշտօնին արժանանալու համար:

Փոխանցումներէն ետք յիշուեցաւ, որ Թորոնթոյի մէջ Նոյեմբեր 17-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի հիմնադրութեան 50-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկը: Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ “Ով Հայ Արի” սկաուտական քայլերգով: 

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի գալիք 50-ամեակի յոբելեաններով ոգեւորուած սկաուտական ընդհանուր կազմը պարտաճանաչօրէն կը սկսի իր գործունէութիւնը:  ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը դարձեալ վառ կը պահէ ՀՄԸՄի ջահը եւ յաղթական քայլերով կ’առաջնորդէ նոր սերունդը դէպի նոր բարձունք: