ՀՄԸՄ Թորոնթօ Սկաուտական Վերամուտ


ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական վերամուտէն պատկերներ, Սեպտեմբեր 30, 2018.

Պտոյտ, ժամանց, գործ եւ քիչ մը հանգիստ․․․Գեղեցիկ է ամառը իր արձակուրդով.

Բայց շատ աւելի գեղեցիկ է ՀՄԸՄի սկաուտութեան վերամուտը, երբ բոլոր քոյրերն ու եղբայրները կարօտով լեցուն կրկին անգամ կը հաւաքուին` իրարու հետ կը տեսնուին այս ջերմ ընտանիքին յարկին տակ:

Այս տարի ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի 30 Սեպտեմբեր 2018ին, ՀՄԸՄի մարզասրահէն ներս, ուր ներկայ էին աւելի քան 280 քոյրեր եւ եղբայրներ:

Արարողութիւնը սկսեցաւ դրօշակակիրներու մուտքով եւ շեփորախումբի հզօր կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց մոկլիներու, գայլիկ արծուիկներու, արի արենուշներու եւ երեց պարմանուհիներու խումբերը իրենց դրօշակներով, կոկիկ տարազներով եւ տողանցքի կարգապահ քայլերով, ուր պատուի առ հրահանգով հնչեցին Գանատայի եւ Հայաստանի զոյգ ազգային քայլերգները, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի քայլերգը՝ Յառաջ Նահատակ:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ Թորոնթօ վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սեւան Հաճի Արթինեան, որ փոխանցեց վարչութեան խօսքը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, նշելով՝ որ այս տարի բոլոր մասնաճիւղերը աշխարհի չորս կողմերը կը նշեն ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակը: Յիշեցուց, որ Հայաստանի մէջ արդէն մեծ շուքով նշուեցաւ կազմակերպութեան 100ամեակը եւ համաՀՄԸՄական բանակումը, որուն Թորոնոթոյի մասնաճիւղէն 80 քոյրեր եւ եղբայրներ մասնակցեցան՝ վերադառնալով աւելի լիցքաւորուած հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ: Քոյրը նաեւ նշեց որ խմբապետներ եղբայր Արուշ Պէրպէրեան« եղբայր Վարդան Քարկոցեան եւ եղբայր Արմէն Պալիոզեան Հայաստանի մէջ մասնակցեցան Արարատեան Կարգի դասընթացքներուն եւ ստացան Արարատեան բարձրագոյն Կարգը: Քոյր Սեւան յայտարարեց նաեւ որ Եղբայր Վարդան Քարկոցեան կրկին անգամ կը նշանակուի ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետª մաղթելով իրեն եւ բոլոր խմբապետական կազմին յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն: Իր խօսքը փակելով, քոյրը նաեւ յայտնեց, թէ 2019ը կը նշէ ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի 50ամեակը:

Ապա խօսք առաւ շրջանային խմբապետ եղբայր Արուշ Պէրպէրեան, որ բարի գալուստ մաղթելով սկաուտներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն իրենց վստահութեան՝ հանդէպ ՀՄԸՄին եւ խմբապետական կազմին: Ան իր խօսքերուն մէջ կեդրոնացաւ Գանատայի պատուիրակութեան մասնակցութեան եւ համաՀՄԸՄական բանակումի ընթացքին իրենց տիպար եւ կարգապահ կեցուածքին շուրջ եւ իրենց օգտաշատ գործերուն ամբողջ բանակումի ընթացքին: Ապա յայտարարեց Գանատայի պատուիրակութեան արձանագրած յաջողութիւնները բանակումի աշխատանքներուն մէջ․ Ռալիին արժանացած երկրորդ դիրք, զարգացման մրցումին երրորդ դիրք, իսկ ձեռային աշխատանքին առաջնութիւն՝ փաստելով որ Բարձրացիր Բարձրացուր նշանաբանի գործադրութեամբ է որ ՀՄԸՄը երիտասարդ եւ առողջ կը մնայ: Եղբայր Քրիստ Մէրճանեան եւ Քոյր Լորա Տօնոյեան ստացան տիպար սկաուտի վկայագիրը՝ իրենց տարած օրինակելի աշխատանքին համար: Եղբայր Արուշը իր խօսքերը աւարտելէն ետք Եղբայր Վարդան Քարկոցեանին փոխանցեց մասնաճիւղի խմբապետի պէճը:

Արարողութեան կարգը հասաւ աստիճանատուչութեան, ուր եղբայր Պետիկ Տաւուտեան ստացաւ խմբապետի աստիճան: Կարեւոր է նշել, որ ՀՄԸՄ սկաուտական բարձրագոյն աստիճանն է խմբապետի աստիճանը:

Ապա տեղի ունեցան փոխանցումներ․ առաջին մոկլիներէն 21 քոյրեր եւ եղբայրներ փոխանցուեցան գայլիկ վոհմակին եւ արծուիկ երամին՝ մեծ կանչի կատարողութեամբ:  16 քոյրեր եւ եղբայրներ փոխանցուեցան արի եւ արենուշ խումբեր, իսկ արի եւ արենուշ խումբերէն 20 քոյրեր եւ եղբայրներ, իրենց սկաուտական խոստումը կատարելով՝ փոխանցուեցան երեց եւ պարմանուհի փաղանգներուն: Փոխանցումներէն ետք, յիշուեցաւ որ Թորոնթոյի մէջ Նոյեմբեր ամսուայ վերջին շաբաթավերջի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակի ձեռնարկներ՝ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան:

Փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ՙՈվ Հայ Արի՚ սկաուտական քայլերգով: Ոգեւորուած ՀՄԸՄի 100ամեակի եւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի 50ամեակի յոբելեաններով, սկաուտական ընդհանուր կազմը պարտաճանաչօրէն սկսաւ իրենց գործունէութեան: