ՀՄԸՄի Գամիշլիի Մասնաճիւղը Յիշատակեց Սկաուտի Օրը


“Գանձասար”․- Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Գամիշլիի մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին,Ապրիլ 2ին․ Գամիշլիի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սկաուտի Օրուան տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. երեսփոխանական ժռղովի անդամ Ժիրայր Րէիսեան, ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Զաւէն Գասպարեան, պատկան մարմնի եւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, սկաուտներու ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

ՀՄԸՄի փողերախումբը ազգայնաշունչ երգեր նուագելով ողջունեց սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող հիւրերը, որմէ ետք սրահին մէջ տողանցեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի դրօշները՝ սրահէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով:

Հանդիսավարներ Անդրանիկ Պոզոյեան եւ Ռիթա Կարապետեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն յիշատակը։

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց սկաուտ խորհուրդի ատենադպրուհի Մարալ Սարգիսեան-Գասապեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄի առաքելութեան ըսաւ. «Մենք ՀՄԸՄի մէջ տեսանք մեր ժողովուրդի գերագոյն ձգտումները։ ՀՄԸՄը Սփիւռքի մէջ եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ տէր կանգնեցաւ Եռագոյնին ու այսօր ան կը ծածանի Հայաստան աշխարհի երկնակամարին վրայ: ՀՄԸՄը եւ սկաուտութիւնը միաձուլուած, տասնամեակներ շարունակ դաստիարակեցին, ոգեւորեցին եւ հայ ժողովուրդին նուիրեցին բազմահազար ՀՄԸՄականներ, որոնք ազգին եւ հայրենիքին ծառայութիւնը սկաուտական իրենց երդումին արքասիքը համարեցին»:

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց չափական պար, հայկական պար, մեներգ, բուրգի կազմութիւն եւ թատերական ներկայացում՝ «Բարեկենդան» խորագրով։ Սկաուտները միջազգային եւ ազգային դէմքեր ներկայացնելէ ետք, լուսարձակի տակ առին Արցախի ազատագրական պայքարը հերոսութեամբ պսակող հայ զինուորին կերպարը։

Աստիճանաւորական կազմէն Մեղեդի Պալեան սկաուտին խօսքը արտասանեց: Այնուհետեւ սկաուտական երգչախումբը եզրափակեց գեղարուեստական յայտագիրը փունջ մը ազգային երգերով՝ արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն:

Յայտագիրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան սրբազան հայրը, Ժիրայր Րէիսեանը, քահանայ հայրը, եղբ. Զաւէն Գասպարեանը, օրուան կնքահայր եղբ. Միհրան Տիգրանը եւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը: Մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեան սկաուտական փողկապով պատուեց բեմ բարձրացող հրաւիրեալները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն-վայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:

Հուսկ, սրբազան հայրը իր հայրական խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց սկաուտները եւ իրենց ծնողները՝ վկայականներուն առիթով, նշելով որ այս ձեռնարկը պիտի դառնայ նորանոր յաջողութիւններու խթան. ապա գնահատեց ՀՄԸՄի Գամիշլիի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Սկաուտ Խորհուրդի կազմակերպած այս հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան փակումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: